Եզրասի գիրք

3

Պաշտամունքը կրկին կը սկսի

1Ու երբ եօթներորդ ամիսը հասաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ էին. ու ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Երուսաղէմի մէջ ժողվուեցան: 2Եւ Յովսեդեկեան ու անոր քահանայ եղբայրները, և Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ ու անոր եղբայրները ելան, ու Իսրայէլի Աստուծոյն սեղանը շինեցին, որպէս զի անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանեն, ինչպէս Աստուծոյ մարդուն Մովսէսի օրինաց գիրքին մէջ գրուած է: 3Ու սեղանը իր տեղը շինեցին. վասն զի այն երկիրներուն ժողովուրդներէն կը վախնային. և անոր վրայ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցին, առաւօտեան ու երեկոյեան ողջակէզները: 4Եւ տաղաւարահարաց տօնը գրուածին պէս կատարեցին. ու ամէն օրուան ողջակէզները իրենց թիւովը օրէ օր հրամայուածին պէս մատուցին: 5Եւ անկէ ետքը մշտնջենաւոր ողջակէզը, ու ամսագլուխներու ու Տէրոջը ամէն սուրբ տօներուն ողջակէզները մատուցին. նաև այն կամաւոր ընծաները՝ զորոնք ամէն մարդ յօժար սրտով Տէրոջը կը մատուցանէր: 6Եօթներորդ ամսուն առաջին օրէն Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանելու սկսան. բայց Տէրոջը տաճարին հիմը տակաւին դրուած չէր: 7Եւ քարահատներուն ու հիւսերուն ստակ, ու Սիդոնացւոց և Տիւրացւոց ուտելիք ու խմելիք ու իւղ տուին, որպէս զի Լիբանանէ ծովով եղևնափայտեր Յոպպէ բերեն, ինչպէս Պարսից Կիւրոս թագաւորը անոնց արտօնութիւն տուեր էր: 8Եւ անոնց ՝ Աստուծոյ տունը գալուն երկրորդ տարին երկրորդ ամսուն մէջ, Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ, ու Յովսեդեկեան Յեսու, և անոնց միւս եղբայրները, քահանաները ու Ղեւտացիները, ու գերութենէ բոլոր Երսուսաղէմ դարձողները տաճարը շինելու սկսան, և քսան տարեկանէ վեր եղող Ղեւտացիները Տէրոջը տանը գործին վրայ վերակացու դրին: 9Ու Յեսու և անոր որդիները ու եղբայրները, և Կադմիէլ ու անոր որդիները, Յուդայի որդիները, ու Ենադադի որդիները ու անոնց որդիները ու եղբայրները, Ղեւտացիները, գործաւորներուն վրայ վերակացութիւն ընելու ելան մէկ մարդու պէս: 10Ու երբ ճարտարապետները Տէրոջը տաճարին հիմը դրին, քահանաները իրենց զգեստները հագած փողերով, ու Ղեւտացիները, Ասափի որդիները, ծընծղաներով, Տէրը օրհնելու համար կայնեցուցին՝ Իսրայէլի թագաւորին կարգադրութեանը համեմատ. 11Եւ փոփոխակի կ’երգէին՝ Տէրոջմէ գոհանալով ու անոր շնորհակալութիւն մատուցանելով, վասն զի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան է. ու բոլոր ժողովուրդը մեծաձայն աղաղակելով Տէրը օրհնեցին Տէրոջը տանը հիմին դրուելուն համար: 12Եւ քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու տոհմերու իշխաններէն շատերը, որոնք ծեր ըլլալով Տէրոջը առաջուան տունը տեսած էին, երբ իրենց աչքին առջև այս տանը հիմը դրուեցաւ, մեծ ձայնով լացին, ու շատերը իրենց ուրախութենէն ձայներնին վերցնելով աղաղակեցին. 13Ու ժողովուրդը ուրախութեան աղաղակին ձայնը ու բազմութեան լալուն ձայնը իրարմէ չէր կրնար որոշել. վասն զի բազմութիւնը մեծ ցնծութեան ձայնով, կ՚աղաղակէր, ու ձայներնին մինչև հեռու տեղեր կը լսուէր:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)