Եզրասի գիրք
4
Տաճարին շինութեան ընդդիմութիւն
1Եւ Յուդայի ու Բենիամինի թշնամիները երբ լսեցին որ գերութենէ ելլողները* Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տաճարը կը շինեն, 2Զօրաբաբէլի ու նահապետներուն մօտեցան, ու անոնց ըսին, Մենք ալ ձեզի հետ շինենք. քանզի մենք ալ ձեզի պէս ձեր Աստուածը կը խնդրենք, ու մեզ հոս բերող Ասորեստանի Ասորդան թագաւորին օրերէն ի վեր անոր զոհ կը մատուցանենք: 3Բայց Զօրաբաբէլ ու Յեսու և Իսրայէլի միւս նահապետները անոնց ըսին, Չվայլեր ձեզի ու մեզի որ մէկտեղ մեր Աստուծոյն տուն շինենք. հապա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տունը մինակ մենք պիտի շինենք, ինչպէս Պարսից թագաւորը, Կիւրոս թագաւորը, մեզի հրամայեց: 4Եւ այն երկրին ժողովուրդը Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցընէին, ու զանոնք շինելէն կը խափանէին: 5Եւ անոնց խորհուրդը խափանելու համար՝ վարձքով անոնց դէմ խորհրդականներ բռնեցին Պարսից Կիւրոս թագաւորին բոլոր օրերը, ու մինչև Պարսից Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը ժամանակը: 6Եւ Ասուերոսի թագաւորութեան ատենը, անոր թագաւորութեան սկիզբը, Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն դէմ ամբաստանութեան գիր գրեցին: 7Եւ Արտաշէսի օրերը Բեսեղամ, Միթրիդատ, Տաբէէլ ու ասոնց ուրիշ ընկերները Պարսից Արտաշէս թագաւորին գրեցին. ու նամակին գիրը Ասորերէն գրուած էր, ու մեկնութիւնը Ասորերէն էր: 8Հռէում հրամանատարը ու Սամսայ դպիրը Երուսաղէմի դէմ այս կերպով նամակ մը գրեցին Արտաշէս թագաւորին:
Երուսաղէմի շինութեան ընդդիմութիւն
9Այն ատեն Հռէում հրամանատարը ու Սամսայ դպիրը և անոնց ուրիշ ընկերները, Դինացիք, Ափարսաթաքացիք, Տարփաղեցիք, Ափերսացիք, Արքուեցիք, Բաբելոնացիք, Շուշանացիք, Դաւեցիք, Եղամացիք 10Եւ մնացած ազգերը զորոնք մեծ ու պատուական Ասենափարը փոխադրեց ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուց, ու միւսները որոնք Գետին ասդիի կողմը կը գտնուին, և այլն: 11Այս է այն նամակին օրինակը՝ զոր Արտաշէս թագաւորին ղրկեցին. Գետին ասդիի կողմը բնակող քու ծառաներդ, և այլն: 12Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ որ ձեր կողմանէ մեզի վեր եկող Հրեաները Երուսաղէմ եկան ու պարիսպներ կանգնելով ու հիմեր ձգելով՝ այն ապստամբ ու անիրաւ քաղաքը կը շինեն: 13Հիմա թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ եթէ այս քաղաքը նորեն շինուի, ու անոր պարիսպները կանգնուին, անոնք հարկ, տուրք ու մաքս պիտի չտան. և այս պատճառաւ թագաւորներուն վնաս տուած պիտի ըլլաս: 14Ու մեր ռոճիկին պալատէն ըլլալուն համար՝ մեզի չվայլեր որ թագաւորին վնասը տեսնենք. անոր համար այս նամակը ղրկեցինք, ու թագաւորիդ իմացուցինք. 15Որպէս զի քու հայրերուդ յիշատակաց գիրքին մէջ փընտըռուի, որպէս զի այն յիշատակաց գիրքին մէջ գտնես ու իմանաս թէ այն քաղաքը ապստամբ, և թագաւորներուն և գաւառներուն վնասակար քաղաք մը եղած է, և թէ հին ատենը անոր մէջ դաւաճանութիւն ըրած են, ու անոր համար այս քաղաքը կործանուեր է: 16Մենք թագաւորիդ կ՚իմացնենք որ եթէ այս քաղաքը շինուի ու անոր պարիսպները հաստատուին այս պատճառաւ Գետին ասդիի կողմը բաժին պիտի չունենաս: 17Իսկ թագաւորը Հռէում հրամանատարին և Սամսայ դպիրին ու Սամարիայի մէջ բնակող անոնց մնացած ընկերներուն, ու Գետին անդիի կողմը եղող մնացածներուն հրովարտակ ղրկեց այս խօսքերով. 18Ողջոյն, և այլն: Մեզի ղրկած նամակնիդ իմ առջևս յայտնապէս կարդացուեցաւ. 19Ու ես հրաման ըրի, ու փնտռեցին և գտան որ այն քաղաքը հին ատենէն ի վեր թագաւորներու դէմ դրեր է, ու անոր մէջ ապստամբութիւն ու դաւաճանութիւն եղեր է: 20Ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր թագաւորներ եղած են, որոնք բոլոր Գետին անդիի կողմը եղողներուն վրայ կը տիրէին. ու անոնց հարկ, տուրք ու մաքս կը տրուէր: 21Հիմա պատուէր տուէք որ այն մարդիկը արգիլեն. ու քաղաքը չշինուի, մինչև իմ կողմանէս հրովարտակ մը տրուի: 22Եւ զգոյշ եղէք որ այս բանին անհոգութիւն չընէք. չըլլայ որ չարութիւնը շատնայ, ու թագաւորներուն վնաս տան: 23Ու երբ Արտաշէս թագաւորին նամակին օրինակը Հռէումի ու Սամսայ դպիրին և անոնց ընկերներուն առջև կարդացուեցաւ, արտորնօք Երուսաղէմ գացին Հրեաներուն, և զանոնք բռնութեամբ շինելէն արգիլեցին: 24Այն ատեն Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը գործը արգիլուեցաւ. ու մինչև Պարսից Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը երկրորդ տարին արգիլուած մնաց: