Եզրասի գիրք
5
Տաճարին գործը կրկին կը սկսի
1Եւ Անգէ մարգարէն ու Ադդովի որդին Զաքարիա մարգարէն Իսրայէլի Աստուծոյն անունովը մարգարէութիւն ըրին Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող Հրեաներուն: 2Այն ատեն Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ ու Յովսեդեկեան Յեսու ելան, ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը շինելու սկսան. և Աստուծոյ մարգարէները անոնց հետ ըլլալով՝ անոնց օգնութիւն կ՚ընէին: 3Այն ատեն Եփրատ գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանայի ու Սաթրաբուզան իրենց ընկերներովը անոնց եկան, և այսպէս ըսին. Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ որ այս տունը շինէք, ու այս պարիսպները կանգնէք: 4Այն ատեն անոնց ըսինք թէ այս շէնքը շինող մարդոց անունները ի՛նչ էին: 5Բայց Հրէից ծերերուն վրայ իրենց Աստուծոյն աչքը ըլլալով զանոնք չարգիլեցին, մինչև բանը Դարեհի հասնի, ու անկէ այս բանին համար հրովարտակ բերել տան: 6Այս է այն նամակին օրինակը զոր Գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանայի ու Սաթրաբուզան, ու Գետին ասդիի կողմը եղող անոնց ընկերները Ափարսաքացիք Դարեհ թագաւորին ղրկեցին: 7Եւ իրենց անոր ղրկած նամակին մէջ այսպէս գրուած էր. 8Դարեհ թագաւորին շատ բարև: Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ որ Հրէաստանի գաւառը, մեծ Աստուծոյն տունը գացինք. ու անիկա մեծ քարերով կը շինուի, և անոր պատերուն մէջ փայտեր կը դրուին, ու գործը շուտով կը բանուի, ու անոնց ձեռքով կը յաջողուի: 9Եւ այն ծերերուն հարցուցինք, ու անոնց այսպէս ըսինք. Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ որ այս տունը շինէք, ու այս պարիսպները կանգնէք: 10Ու քեզի իմացնելու համար անոնց անուններն ալ հարցուցինք, որպէս զի անոնց առաջնորդ եղող մարդոց անունները քեզի գրենք: 11Եւ անոնք մեզի այսպէս պատասխան տուին ու ըսին, Մենք երկինքի ու երկրի Աստուծոյն ծառաներն ենք. ու շատ տարիներէ առաջ շինուած տունը կը շինենք, զոր Իսրայէլի մէկ մեծ թագաւորը շինեց ու լմնցուց: 12Բայց մեր հայրերուն երկինքի Աստուածը բարկացնելուն համար, զանոնք Բաբելոնի թագաւորին, Քաղդէացի Նաբուգոդոնոսորի, ձեռքը մատնեց. ան ալ այս տունը աւրեց, ու ժողովուրդը Բաբելոն գերի տարաւ: 13Բայց Բաբելոնի Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին Կիւրոս թագաւորը այս Աստուծոյ տունը շինելու հրաման տուաւ: 14Եւ Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ, զորոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմի տաճարէն հանելով՝ Բաբելոնի տաճարը տարեր էր, Կիւրոս թագաւորը Բաբելոնի տաճարէն հանեց, ու Սասբասար անունով մէկուն յանձնեց, զոր նախարար ըրաւ, 15Ու անոր ըսաւ, Այս անօթները առ, գնա զանոնք Երուսաղէմ եղող տաճարը տար, ու Աստուծոյ տունը իր տեղը շինուի: 16Այն ատեն Սասբասար եկաւ, ու Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը հիմը ձգեց. և այն ատենէն մինչև հիմա կը շինուի, բայց չէ լմնցած: 17Ու հիմա եթէ թագաւորը կը հաճի, հոն Բաբելոն եղող թագաւորին գանձատանը մէջ փնտռուի, թէ արդեօք Կիւրոս թագաւորը հրաման տուե՞ր է որ Երուսաղէմի մէջ այս Աստուծոյ տունը շինուի. ու թագաւորը այս բանին վրայով իր կամքը մեզի հասկցնէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981