Եզրասի գիրք
6
Կիւրոս կայսրին հրովարտակը կը գտնուի
1Այն ատեն Դարեհ թագաւորը հրաման ըրաւ, ու հոն Բաբելոնի դիւանին մէջ փնտռեցին, ուր գանձերը կը պահուէին: 2Եւ Մարաց գաւառին մէջ եղող Եկբատանայի պալատին մէջ տոմս մը գըտնուեցաւ, որուն մէջ այս կերպով գրուած յիշատակարան մը կար: 3Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, Կիւրոս թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տանը համար հրաման տուաւ, որ այն տունը շինուի, ուր զոհ կը մատուցանեն. և անոր հիմերը ամուր ըլլան. անոր բարձրութիւնը վաթսուն կանգուն ու լայնութիւնը վաթսուն կանգուն, 4Երեք կարգ մեծ քարերէ ու մէկ կարգ նոր փայտէ ըլլայ. ու անոր ծախքը թագաւորին տունէն տրուի. 5Եւ Նաբուգոդոնոսորի Երուսաղէմի տաճարէն հանած ու Բաբելոն բերած Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ ետ տրուին, ու Երուսաղէմ եղող տաճարը, իրենց տեղը, տարուին, ու Աստուծոյ տունը դրուին:
Դարեհ կայսրը գործը շարունակել կը հրամայէ
6Եւ հիմա, Գետին անդիի կողմի իշխանը Թաթանայի, Սաթրաբուզան, ու Գետին անդիի կողմը եղող անոնց ընկերները, Ափարսաքացիք, անկէ ետ քաշուեցէք. 7Այս Աստուծոյ տանը գործը թող տուէք. Հրէից նախարարը ու Հրէից ծերերը այս Աստուծոյ տունը թող իր տեղը շինեն: 8Եւ այս հրամանը կու տամ, որպէս զի գիտնաք թէ Հրէից ծերերուն ի՛նչ պիտի ընէք այս Աստուծոյ տանը շինութեանը համար, այսինքն արքունի գանձէն, Գետին անդիի կողմէն ժողվուած հարկէն, այն մարդոցը ծախքը շուտով տրուի, որպէս զի արգելք մը չունենան: 9Եւ անոնց ի՛նչ որ պէտք ըլլայ, թէ՛ զուարակներ, թէ՛ խոյեր և թէ՛ գառներ՝ երկինքի Աստուծոյն ողջակէզներու համար, նաև ցորեն, աղ, գինի ու իւղ ամէն օր անոնց տրուի անպակաս՝ Երուսաղէմի մէջ եղող քահանաներուն խօսքովը, 10Որպէս զի երկինքի Աստուծոյն անուշահոտ զոհեր մատուցանեն, և թագաւորին ու անոր որդիներուն կեանքին համար աղօթք ընեն: 11Ու ես կը հրամայեմ որ ով որ այս խօսքին դէմ կենայ, անոր տունէն փայտ մը քակելով տնկեն, ու այն մարդը անոր վրայ գամեն. ու այս բանին համար անոր տունը աղբանոց ըլլայ: 12Եւ այն Աստուածը՝ որ իր անունը հոն դրեր է, թող կործանէ ամէն թագաւորը ու ժողովուրդը, որ ձեռք կ՚երկընցնէ այս հրամանին դէմ կենալու, ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը աւրելու: Ես Դարեհս այս հրամանը ըրի. թող շուտով ի գործ դրուի:
Տաճարը կը նուիրուի
13Այն ատեն Գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանայի, Սաթրաբուզան և անոնց ընկերները Դարեհ թագաւորին ղրկած հրամանը շուտով կատարեցին: 14Եւ Հրէից ծերերը կը շինէին ու կը յաջողէին՝ Անգէ մարգարէին ու Ադդովի որդւոյն Զաքարիայի մարգարէութիւնովը. ու անոնք Իսրայէլի Աստուծոյն հրամանովը և Պարսից Կիւրոս ու Դարեհ և Արտաշես թագաւորներուն հրամանովը շինեցին լմնցուցին: 15Եւ այս տունը Ադար ամսուն երկրորդ օրը, Դարեհ թագաւորին թագաւորութեան վեցերորդ տարին լմնցաւ: 16Ու Իսրայէլի որդիները, քահանաները ու Ղեւտացիները ու միւս գերութենէ ելլողները, ուրախութեամբ Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին: 17Եւ Աստուծոյ տանը նաւակատիքին համար՝ հարիւր զուարակ, երկու հարիւր խոյ, չորս հարիւր գառ, ու բոլոր Իսրայէլի մեղքի պատարագ ըլլալու համար՝ Իսրայէլի ցեղերուն թիւովը այծերէն տասուերկու նոխազ մատուցին: 18Ու Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ սպասաւորութեանը վրայ քահանաները իրենց կարգերուն մէջ ու Ղեւտացիները իրենց դասերուն մէջ կայնեցուցին, ինչպէս Մովսէսի գիրքին մէջ գրուած է:
Զատիկը
19Ու գերութենէ ելլողները առաջին ամսուն չորեքտասաներորդ օրը զատիկը ըրին. 20Քանզի քահանաները ու Ղեւտացիները մէկտեղ սրբուեցան, ու ամէնն ալ մաքուր եղան. ու բոլոր գերութենէ ելլողներուն համար, և իրենց եղբայրներուն, քահանաներուն, համար, ու իրենց համար զատիկը մորթեցին. 21Ու գերութենէ դարձող Իսրայէլի որդիները, ու Իսրայէլի Տէր Աստուածը փնտռելու համար անոնց եկողները, որոնք այն երկրին ազգերուն պղծութենէն զատուեր էին՝ ամէնն ալ կերան: 22Եւ եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ուրախութեամբ. վասն զի Տէրը զանոնք ուրախացուց, ու Ասորեստանի թագաւորին սիրտը անոնց դարձուց, որպէս զի Աստուծոյ, Իսրայէլի Աստուծոյն, տանը գործին մէջ անոնց ձեռքը ուժովցնէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981