Եզրասի գիրք
7
Եզրաս Երուսաղէմ կը հասնի
1Եւ այս բաներէն ետքը, Պարսից թագաւորին Արտաշէսի թագաւորութեան ատենը, Եզրաս, Սարայիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Քեղկիայի որդին, 2Որ Սեղղումի որդին, որ Սադովկի որդին, որ Աքիտովբի որդին, 3Որ Ամարիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Մարիօթի որդին, 4Որ Զարիայի որդին, որ Ոզիի որդին, որ Բոկկիի որդին, 5Որ Աբիսուայի որդին, որ Փենէհէսի որդին, որ Եղիազարի որդին, որ մեծ քահանային Ահարոնի որդին էր, 6Այս Եզրասը Բաբելոնէ ելաւ. ու անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տուած Մովսէսի օրէնքին արագագիր դպիրն էր, ու իր Տէր Աստուծոյն ձեռքը իր վրայ ըլլալուն համար՝ ամէն խնդրածը թագաւորը անոր կու տար: 7Եւ Արտաշէս թագաւորին եօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի որդիներէն, քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու երգեցողներէն և դռնապաններէն ու Նաթանայիմներէն ոմանք Երուսաղէմ ելան: 8Եւ անիկա հինգերորդ ամսուն մէջ՝ թագաւորին եօթներորդ տարին Երուսաղէմ եկաւ. 9Քանզի առաջին ամսուն առաջին օրը Բաբելոնէ ելլելու սկսաւ. ու Աստուծոյ բարի ձեռքը անոր վրայ ըլլալով՝ հինգերորդ ամսուն առաջին օրը Երուսաղէմ եկաւ: 10Վասն զի Եզրաս իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ, ու Իսրայէլի մէջ օրէնք ու դատաստան սորվեցնէ:
Փաստաթուղթը, որ Արտաշէս կայսրը Եզրասին տուաւ
11Եւ ասիկա է այն նամակին օրինակը զոր Արաշէս թագաւորը տուաւ Եզրաս քահանային ու դպիրին, որ Տէրոջը Իսրայէլի տուած պատուիրանքներուն և օրինաց խօսքերուն գրիչն էր. 12Թագաւորաց թագաւորը Արտաշէս, Եզրաս քահանային, երկինքի Աստուծոյն օրէնքին կատարեալ գրչին, և այլն: 13Հրաման կու տամ որ իմ թագաւորութեանս մէջ եղող Իսրայէլի ժողովուրդէն ու անոր քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ամէն իրենց կամքովը Երուսաղէմ ելլել ուզողները քեզի հետ ելլեն. 14Վասն զի դուն թագաւորին ու անոր եօթը խորհըրդականներուն կողմանէ կը ղրկուիս, որպէս զի քու ձեռքդ եղող քու Աստուծոյդ օրէնքովը Յուդան ու Երուսաղէմը քննես, 15Եւ տանիս այն արծաթը ու ոսկին, զոր թագաւորը ու անոր խորհրդականները իրենց կամքովը ընծայ տուին Իսրայէլի Աստուծոյն, որուն բնակութիւնը Երուսաղէմի մէջ է. 16Նաև Բաբելոնի բոլոր գաւառին մէջ գտած բոլոր արծաթդ ու ոսկիդ, զոր ժողովուրդը ու քահանաները Երուսաղէմի մէջ եղող իրենց Աստուծոյն տանը համար կամաւոր ընծայի պէս պիտի մատուցանեն, 17Որպէս զի այն ստակով անյապաղ զուարակներ, խոյեր, գառներ, ու անոնց հացի ընծաները ու թափելու նուէրները ծախու առնես, ու զանոնք Երուսաղէմ եղող ձեր Աստուծոյն տանը սեղանին վրայ մատուցանես. 18Եւ մնացած արծաթով ու ոսկիով՝ քեզի ու քու եղբայրներուդ ինչ որ պատշաճ կ՚երևնայ ընել, ձեր Աստուծոյն կամքին համեմատ ընէք: 19եւ այն անօթները, որոնք քու Աստուծոյդ տանը պաշտօնին համար քեզի տրուեցան, զանոնք Երուսաղէմի Աստուծոյն առջև տար յանձնէ: 20Եւ ուրիշ ինչ որ քու Աստուծոյդ տանը համար պէտք ըլլայ, զոր քեզի կը վայլէ տալ, զանիկա թագաւորին գանձատունէն տաս: 21Ու ես Արտաշէս թագաւորս ձեզի, Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր գանձապետներուդ, հրաման կու տամ, որ Եզրաս քահանան, երկինքի Աստուծոյն օրէնքին դպիրը, ինչ որ ձեզմէ ուզէ, անմիջապէս տրուի. 22Մինչև հարիւր տաղանդ արծաթ, մինչև հարիւր քոռ ցորեն, ու մինչև հարիւր մար գինի ու հարիւր մար իւղ, ու աղ առանց չափը որոշելու*: 23Երկինքի Աստուածը ինչ որ կը հրամայէ, շուտով ի գործ դրուի երկինքի Աստուծոյն տանը համար. որպէս զի չըլլայ թէ թագաւորին ու անոր որդիներուն թագաւորութեանը վրայ բարկութիւն գայ: 24Եւ ձեզի յայտնի ըլլայ որ բոլոր քահանաներէն, Ղեւտացիներէն, երգեցողներէն, դռնապաններէն, Նաթանայիմներէն, և այս Աստուծոյ տանը սպասաւորներէն հարկ, տուրք ու մաքս առնելու հրաման չկայ: 25Եւ դուն, ով Եզրաս, քու Աստուծոյդ իմաստութիւնովը զոր դուն ունիս, դատաւորներ ու իշխաններ դիր, որոնք Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր ժողովուրդը, այսինքն քու Աստուծոյդ օրէնքը ամէն գիտցողները, դատեն. ու չգիտցողներուն սորվեցուցէք: 26Եւ ով որ քու Աստուծոյդ օրէնքին համեմատ ու թագաւորին օրէնքին համեմատ չընէ, անյապաղ անոր դատաստանը ի գործ դրուի՝ կա՛մ մահուամբ, կա՛մ աքսորով, կա՛մ տուգանքով և կա՛մ բանտարկութեամբ:
Եզրաս Տէրը կը փառաբանէ
27Մեր հայրերուն Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Երուսաղէմի մէջ եղող Տէրոջը տունը փառաւորելու համար՝ այս բանը թագաւորին սրտին մէջ դրաւ, 28Եւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու թագաւորին բոլոր զօրաւոր իշխաններուն առջև ինծի շնորհք գտնել տուաւ. և իմ Տէր Աստուծոյս ձեռքին իմ վրաս ըլլալուն համար զօրացայ, ու Իսրայէլէ իշխաններ ժողվեցի, որպէս զի ինծի հետ ելլեն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981