Եզրասի գիրք

8

Աքսորէն դարձող ժողովուրդը

1Եւ Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը՝ ինծի հետ Բաբելոնէ ելլողներուն տոհմապետները ու համրանքը ասոնք են. 2Փենէհէսի որդիներէն Գերսոն, Իթամարի որդիներէն Դանիէլ, Դաւիթի որդիներէն Քետտուս, Սեքենիայի որդիներէն՝ 3Փարոսի որդիներէն Զաքարիա, ու անոր հետ հարիւր յիսուն այր մարդ համրուեցան. 4Փաաթ-մովաբի որդիներէն Զարիայի որդին Եղիովէնայի, ու անոր հետ երկու հարիւր այր մարդ. 5Սեքենիայի որդիներէն Յազիէլի որդին, ու անոր հետ երեք հարիւր այր մարդ. 6Եւ Ադինի որդիներէն Յովնաթանի որդին Աբեդ, ու անոր հետ յիսուն այր մարդ. 7Ու Եղամի որդիներէն Գոթողիայի որդին Եսայի, ու անոր հետ եօթանասուն այր մարդ. 8Եւ Սափատիայի որդիներէն Միքայէլի որդին Զաբադիա, ու անոր հետ ութսուն այր մարդ. 9Յովաբի որդիներէն՝ Յեքիէլի որդին Աբդիա, ու անոր հետ երկու հարիւր տասնըութ այր մարդ. 10Եւ Սաղօմիդի որդիներէն Յօսեփիայի որդին, ու անոր հետ հարիւր վաթսուն այր մարդ. 11Եւ Բեբայիի որդիներէն Բեբայիի որդին Զաքարիա ու անոր հետ քսանըութ այր մարդ. 12Եւ Ազգադի որդիներէն Ակատանի որդին Յօհանան, ու անոր հետ հարիւր տասը այր մարդ. 13Եւ Ադոնիկամի որդիներէն վերջինները՝ որոնց անունները ասոնք էին. Եղիփաղէտ, Յէիէլ ու Սեմայիա, և անոնց հետ վաթսուն այր մարդ. 14Եւ Բագուէի որդիներէն Ութայի ու Զարուդ, ու անոնց հետ եօթանասուն այր մարդ:

Եզրաս տաճարին համար ղեւտացիներ կը գտնէ

15Եւ ասոնք Ահավա վազող գետին եզերքը ժողվեցի, ու հոն երեք օր իջևան ըրինք. և ժողովուրդը ու քահանաները աչքէ անցուցի, ու հոն Ղեւտացւոց որդիներէն մա՛րդ մը չգտայ: 16Այն ատեն Եղիազար, Արիէլ, Սեմայիա, Եղնաթան, Հարիպ, Եղնաթան, Նաթան, Զաքարիա ու Մեսուղամ իշխանները, ու Յովաբիբ ու Եղնաթան իմաստունները կանչել տուի. 17Եւ զանոնք Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդով իշխանին պատուէրներով ղրկեցի, ու Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդովի, ու անոր եղբայրներուն, Նաթանայիմներուն, զրուցուելու խօսքերը անոնց բերանը դրի, որպէս զի մեր Աստուծոյն տանը համար մեզի պաշտօնեաներ բերեն: 18Ու մեր Աստուծոյն ձեռքին մեր վրայ ըլլալուն համար՝ Իսրայելեան Ղևիի որդւոյն Մոողիի որդիներէն հանճարեղ մարդ մը, այսինքն Սարաբիան, ու անոր որդիները ու եղբայրները, տասնըութ մարդ, բերին մեզի. 19Նաև Ասաբիան, ու անոր հետ Մերարիի որդիներէն Եսային ու անոր եղբայրները, ու անոնց որդիները, քսան մարդ. 20Ու Նաթանայիմներէն, զորոնք ու իր իշխանները Ղեւտացւոց ծառայութեանը տուեր էին, ամէնը իրենց անուններովը յիշուած, երկու հարիւր քսան Նաթանայիմներ:

Եզրաս ժողովուրդը ծոմապահութեան և աղօթքի կ’առաջնորդէ

21Եւ հոն Ահավայի գետին քով ծոմապահութիւն քարոզեցի, որպէս զի խոնարհինք մեր Տէր Աստուծոյն առջև, ու անկէ յաջող ճամբորդութիւն խնդրենք մեզի ու մեր ընտանիքներուն և մեր բոլոր ստացուածքին համար. 22Վասն զի ճամբուն մէջ մեզ թշնամիներէն պաշտպանելու համար թագաւորէն զօրք ու ձիաւորներ ուզելու ամչցայ. որովհետև թագաւորին ըսեր էինք թէ մեր Աստուծոյն ձեռքը բոլոր զանիկա փնտռողներուն վրայ է բարութեամբ, ու անոր զօրութիւնը ու բարկութիւնը ամէն անոնց վրայ՝ որոնք զանիկա կը թողուն: 23Ուստի ծոմ բռնեցինք, ու այս բանին համար մեր Աստուծմէն օգնութիւն խնդրեցինք. ու անիկա մեր խընդըրուածքը ընդունեց:

Տաճարին համար նուէրներ

24Եւ քահանաներուն իշխաններէն տասուերկու մարդ զատեցի, այսինքն Սարաբիան ու Ասաբիան ու անոնց հետ իրենց եղբայրներէն տասը մարդ, 25Եւ արծաթը ու ոսկին ու անօթները, նաև թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու իշխաններուն, և հոն գտնուող բոլոր Իսրայէլի մեր Աստուծոյն տանը համար տուած ընծաները կշիռքով անոնց յանձնեցի: 26Ու վեց հարիւր յիսուն տաղանդ արծաթ, և հարիւր տաղանդ արծաթէ ամաններ ու հարիւր տաղանդ , 27Եւ քսան ոսկի տաշտ հազարական դրամէ, ու մաքուր ու փայլուն և ոսկիի պէս պատուական պղնձէ երկու աման՝ կշիռքով անոնց յանձնեցի, 28Ու անոնց ըսի, Դուք Տէրոջը նուիրուած էք, այս անօթներն ալ նուիրուած են, և արծաթը ու ոսկին ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն կամաւոր ընծայ մըն է. 29Արթուն կեցէք ու պահեցէք, մինչև որ զանոնք Տէրոջը տանը սենեակներուն մէջ քահանաներուն ու Ղեւտացւոց իշխաններուն ու Իսրայէլի տոհմապետներուն առջև կշռէք: 30Եւ քահանաները ու Ղեւտացիները արծաթը ու ոսկին ու ամանները կշիռքով առին, որպէս զի Երուսաղէմ մեր Աստուծոյն տունը տանին:

Վերադարձ դէպ ի Երուսաղէմ

31Եւ առաջին ամսուն երկոտասաներորդ օրը Ահավայի գետէն չուեցինք Երուսաղէմ երթալու համար, ու մեր Աստուծոյն ձեռքը մեր վրայ էր, ու մեզ ճամբան թշնամիին ու դարանակալին ձեռքէն ազատեց. 32Ու Երուսաղէմ եկանք և հոն երեք օր նստանք, 33Ու չորրորդ օրը արծաթը ու ոսկին ու անօթները, մեր Աստուծոյն տանը մէջ, Ուրիա քահանային որդւոյն Մերամօթի ձեռքով կշռուեցան, որու հետ էր Փենէհէսի որդին Եղիազար. ու անոնց հետ Յեսուի որդին Յովզաբադ ու Բանուիի որդին Նովադիա Ղեւտացիները կային: 34Ամէնը թուով ու կշիռքով յանձնուեցաւ, ու այն ատեն բոլոր կշիռքը գրուեցաւ: 35Գերութեան որդիները, որոնք գերութենէ դարձած էին, Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզներ մատուցին. բոլոր Իսրայէլի համար տասուերկու զուարակ, իննսունըվեց խոյ, եօթանասունըեօթը գառ, ու մեղքի պատարագի համար տասուերկու նոխազ. ասոնց ամէնը Տէրոջը ողջակէզ մատուցին: 36Եւ անոնք թագաւորին հրովարտակը Գետին ասդիի կողմը եղող՝ թագաւորին փոխանորդներուն ու իշխաններուն տուին. անոնք ալ ժողովուրդին ու Աստուծոյ տանը ձեռնտու եղան:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981