Եզրասի գիրք
9
Եզրաս խառն ամուսնութեան հարցը կը սերտէ
1Ու երբ այս բաները կատարուեցան, իշխանները ինծի մօտեցան ու ըսին, Իսրայէլի ժողովուրդը ու քահանաները ու Ղեւտացիները այս երկիրներուն ժողովուրդներէն չզատուեցան, հապա Քանանացւոց, Քետացւոց, Փերեզացւոց, Յեբուսացւոց, Ամմոնացւոց, Մովաբացւոց, Եգիպտացւոց ու Ամօրհացւոց պղծութիւններուն պէս կ’ընեն. 2Վասն զի իրենց համար ու իրենց որդիներուն համար անոնց աղջիկներէն կիներ առին. և սուրբ սերունդը այս երկիրներուն ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ. ու իշխանները ու ոստիկանները այս մեղքը գործելու մէջ առաջինները եղան: 3Եւ այս բանը լսածիս պէս հանդերձս ու վերարկուս պատռեցի, և գլխուս ու մօրուքիս մազերը փետտեցի, ու ապշած նստայ: 4Այն ատեն գերութենէ դարձողներուն յանցանքին պատճառաւ Իսրայէլի Աստուծոյն խօսքերէն բոլոր վախցողները իմ քովս ժողվուեցան, ու ես մինչև իրիկուան զոհին ատենը ապշած նստայ: 5Եւ իրիկուան զոհին ատենը տառապանքէս ելայ, ու պատռուած հանդերձներովս ու վերարկուովս ծունկի վրայ եկայ, ու ձեռքերս իմ Տէր Աստուծոյս առջև տարածեցի, 6Ու ըսի, Ով Աստուած իմ, կ՚ամչնամ, ու իմ երեսս քեզի վերցնելու չեմ համարձակիր, ով Աստուած իմ. վասն զի մեր անօրէնութիւնները մեր գլխէն վեր բարձրացան, ու մեր յանցանքը մինչև երկինք ելաւ: 7Մեր հայրերուն օրերէն ի վեր մենք մեծ յանցանքի մէջ ենք մինչև այսօր. ու մեր անօրէնութիւններուն համար մենք, մեր թագաւորները և մեր քահանաները երկիրներու թագաւորներուն ձեռքը՝ սուրի, գերութեան, յափշտակութեան ու երեսի սևութեան տրուեցանք, ինչպէս այսօր կ’երևնայ: 8Եւ հիմա քիչ մը ատեն մեր Տէր Աստուծմէն ողորմութիւն եղաւ, որպէս զի մեզի փրկութիւն շնորհէ, ու իր սրբութեանը տեղին մէջ մեզ հաստատէ*, որպէս զի մեր Աստուածը մեր աչքերը լուսաւորէ, ու մեր ծառայութեանը մէջ մեզի քիչ մը հանգստութիւն տայ: 9Վասն զի մենք ծառայ էինք, բայց մեր Աստուածը մեզ երեսէ չձգեց մեր ծառայութեանը մէջ. հապա մեզի հանգստութիւն տալու, ու մեր Աստուծոյն տունը կանգնելու, և անոր աւերակները նորոգելու, ու մեզի Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պարսպապատ տեղ մը տալու համար՝ Պարսից թագաւորներուն առջև մեզի շնորհք գտնել տուաւ: 10Եւ հիմա, ով Աստուած մեր, ասկէ ետքը ի՞նչ ըսենք, քանզի քու պատուիրանքներդ թողուցինք, 11Զորոնք քու ծառաներուդ, մարգարէներուն, ձեռքով պատուիրեցիր՝ ըսելով, Այն երկիրը ուր պիտի մտնէք զանիկա ժառանգելու համար, գարշելի երկիր մըն է, երկիրներու ազգերուն գարշելի պղծութիւններովը լեցուն. որովհետև զանիկա ծայրէ ծայր իրենց անմաքրութիւնովը լեցուցեր են: 12Ուրեմն ձեր աղջիկները անոնց որդիներուն չտաք, ու անոնց աղջիկները ձեր որդիներուն համար չառնէք, և յաւիտեան անոնց խաղաղութիւնը ու երջանկութիւնը չփնտռէք, որպէս զի ուժովնաք ու այն երկրին բարիքը ուտէք, ու զանիկա ձեր որդիներուն յաւիտենական ժառանգութիւն թողուք: 13Ու մեր չար գործերուն համար ու մեր մեծ յանցանքին համար այս բոլոր բաներուն մեր վրայ գալէն ետքը, (թէպէտև դուն, ով Աստուած մեր, մեզ չպատժեցիր մեր մեղքերուն չափ, հապա մեզի այսպէս փրկութիւն տուիր,) 14Պէ՞տք էր որ նորէն քու պատուիրանքներդ զանց ընէինք, և այս գարշելի ազգերուն հետ խնամութիւն ընէինք. միթէ դուն մեզի պիտի չսրդողէի՞ր, ու մեզ պիտի չսպառէի՞ր, մինչև որ մեզմէ մնացորդ ու ազատուած մը չմնար: 15Ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, դուն արդար ես, վասն զի մենք մինչև այսօր ազատուած մնացինք. ահա մենք մեր յանցանքովը քու առջևդ ենք, թէպէտև այս պատճառաւ քու առջևդ չենք կրնար կայնիլ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981