Գաղատացիս
5
Պահեցէ՛ք ձեր ազատութիւնը
1Ուստի ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց․ և նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի մտնէք։ 2Ահա ես Պօղոս կը զրուցեմ ձեզի որ եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ձեզի օգուտ մը չըներ։ 3Եւ դարձեալ ամէն թլփատուող մարդու կը վկայեմ թէ պարտական է բոլոր օրէնքը կատարել։ 4Խափանուած էք դուք Քրիստոսէ, որ օրէնքով արդարանալ կ’ուզէք, ու շնորհքէն ինկած էք։ 5Վասն զի մենք Հոգիով կը սպասենք արդարութեան յոյսին՝ հաւատքով։ 6Վասն զի Քրիստոս Յիսուսի քով ոչ թլփատութիւնը բանի մը կարող է, ոչ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւատքը, որ սիրով ի գործ կը դրուի։ 7Դուք աղէկ կը վազէիք․ ո՞վ ձեզ ետ կեցուց՝ որ ճշմարտութեան չհնազանդիք։ 8Այս դրդումը անկէ չէ՝ որ ձեզ կանչեց։ 9Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։ 10Բայց ես յոյս ունիմ ձեր վրայ Տէրոջմով, որ ուրիշ կերպ բան մը պիտի չխորհիք․ և ան որ ձեզ կը խռովեցնէ, դատապարտութիւն պիտի կրէ՝ ով որ ըլլայ։ 11Սակայն, եղբայրներ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ, ալ ինչո՞ւ կը հալածուիմ․ ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը խափանուած է։ 12Երանի՜ թէ բոլորովին կտրուէին անոնք որ ձեզ կը խռովեցնեն։ 13Վասն զի դուք ազատութեան կանչուած էք, եղբայրներ․ միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմնի ցանկութիւններու պատճառ չըլլայ, հապա սիրով իրարու ծառայութիւն ըրէք։ 14Վասն զի բոլոր օրէնքը այս մէկ խօսքին մէջ կը կատարուի, թէ Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս։ 15Ապա եթէ իրար խածնէք և ուտէք, զգոյշ կեցէք որ չըլլայ թէ իրարմէ սպառիք։
Հոգին և մարդկային բնութիւնը
16Միայն թէ զայս կը զրուցեմ․ Հոգիով գացէք, ու մարմինին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք։ 17Վասն զի մարմինը կը ցանկայ հոգիին հակառակ, ու հոգին մարմինին հակառակ․ և ասոնք իրարու հակառակ են, որ չըլլայ թէ ինչ որ կ’ուզէք՝ զայն ընէք։ 18Բայց եթէ Հոգիէն կ’առաջնորդուիք, ալ օրէնքին տակ չէք։ 19Արդ մարմինին գործերը յայտնի են, որ ասոնք են․ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիճութիւն, 20Կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, 21Չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ, ու ինչ որ ասոնց նման են․ զոր հիմակուընէ ես ձեզի կը զրուցեմ, ինչպէս առաջուընէ ալ կը զրուցէի, որ այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ 22Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, 23Քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն․ այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։ 24Եւ անոնք որ Քրիստոսիներն են՝ իրենց մարմինը խաչ հանեցին բնական կիրքերով ու ցանկութիւններով մէկտեղ։ 25Եթէ Հոգիով կ’ապրինք, Հոգիին համեմատ քալենք։ 26Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով։