Ծննդոց

23

Սառա կը մեռնի, Աբրահամ գերեզման մը կը գնէ

1Եւ Սառա հարիւր քսանըեօթը տարի ապրեցաւ. այսքան եղան Սառայի կեանքին տարիները: 2Եւ Սառա մեռաւ Կարիաթ-արբայի մէջ, որ է Քեբրոն, Քանանու երկրին մէջ. ու Սառայի համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ. 3Եւ Աբրահամ իր մեռելին քովէն ելաւ, ու Քետի որդիներուն հետ խօսեցաւ՝ ըսելով, 4Ես ձեր մէջ օտարական ու պանդուխտ եմ. ձեր մէջ ինծի գերեզմանի ստացուածք տուէք, որպէս զի իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ: 5Եւ Քետի որդիները պատասխան տուին Աբրահամի ու անոր ըսին, 6Տէր իմ, մտիկ ըրէ մեզի, դուն մեր մէջ Աստուծոյ ես. մեր ամէնէն ընտիր գերեզմանին մէջ թաղէ քու մեռելդ. քու մեռելդ թաղելու համար՝ մեզմէ մէ՛կը չխնայեր իր գերեզմանը քեզի տալու: 7Եւ Աբրահամ ելաւ, ու խոնարհութիւն ըրաւ այն երկրին ժողովուրդին, Քետի որդիներուն. 8Եւ անոնց զրուցեց՝ ըսելով, Եթէ կը հաճիք որ ես իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ, ինծի մտիկ ըրէք, և ինծի համար Սահառի որդւոյն Եփրոնի հետ խօսեցէք, 9Որ իր արտին ծայրը եղած Մաքփելայի այրը ինծի տայ. անիկա ձեր մէջ ինծի գերեզմանի ստացուածք ըլլալու համար լման գնով տայ: 10Ու Եփրոն Քետի որդիներուն մէջ կը նստէր: Եւ Քետացի Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամի երբ իր քաղաքին դուռը մտնող բոլոր Քետի որդիները կը լսէին, ու ըսաւ, 11Ոչ, տէր իմ, ինծի մտիկ ըրէ. արտը քեզի կուտամ, և հոն եղած այրն ալ քեզի կուտամ. իմ ժողովուրդիս որդիներուն առջև զայն քեզի տուի. թաղէ քու մեռելդ: 12Եւ Աբրահամ այն երկրին ժողովուրդին առջև խոնարհութիւն ըրաւ. 13Ու Եփրոնի խօսեցաւ, երբ այն երկրին ժողովուրդը կը լսէին, ու ըսաւ, Բայց եթէ զայն ինծի պիտի տաս, կ’աղաչեմ քեզի, ինծի մտիկ ըրէ. ես արտին ստակը տամ. առ ինծմէ, ու ես իմ մեռելս հոն թաղեմ: 14Եւ Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամի ու անոր ըսաւ, 15Տէր իմ, լսէ ինծի. գետինը չորս հարիւր սիկղ արծաթ կ’արժէ. իմ ու քու մէջտեղ այն ի՞նչ է. ուրեմն թաղէ քու մեռելդ: 16Եւ Աբրահամ Եփրոնի մտիկ ըրաւ. ու Աբրահամ կշռեց արծաթը ու տուաւ Եփրոնի, ինչպէս անիկա Քետի որդիներուն առջև խօսեր էր, այսինքն չորս հարիւր սիկղ արծաթ՝ վաճառականներուն մէջ անցած գնով: 17Ու Եփրոնի արտը որ Մաքփելայի մէջ Մամբրէի դիմաց է, արտը ու հոն եղած այրը, ու անոր բոլորտիքի սահմաններուն մէջ եղած արտին մէջի բոլոր ծառերը 18Աբրահամի ստացուածք ըլլալու համար հաստատուեցան, անոր քաղաքին դռնէն մտնող բոլոր Քետի որդիներուն առջև: 19Եւ անկէ ետքը Աբրահամ իր կինը Սառան թաղեց Մամբրէի դիմաց եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ է Քեբրոն՝ Քանանու երկրին մէջ: 20Եւ արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն Աբրահամի գերեզմանի ստացուածք ըլլալու համար հաստատուեցան:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)