Ծննդոց

3

Մարդուն անհնազանդութիւնը

1Եւ Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը. ու կնոջ ըսաւ, Իրաւ ըսա՞ւ թէ Պարտէզին ամէն ծառէն պիտի չուտէք: 2Եւ կինը օձին ըսաւ, Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կ’ուտենք. 3Բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղէն՝ Աստուած ըսաւ, Անկէ մի ուտէք, եւ անոր մի դպչիք, որպէս զի չմեռնիք: 4Եւ օձը կնոջ ըսաւ, Ոչ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. 5Քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին, և աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով: 6Եւ կինը տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար, և հաճելի՝ աչքերուն, ու փափաքելի՝ իմաստուն ընելու* համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ, և իրեն հետ իր էրկանն ալ տուաւ, և անիկա կերաւ: 7Ու անոնց երկուքին աչքերը բացուեցան, ու մերկ ըլլալնին գիտցան. և թզենիի տերեւներ կարեցին, ու իրենց ծածկոցներ ըրին: 8Եւ օրուան զով ատենը պարտէզին մէջ պտըտող Տէր Աստուծոյ ձայնը լսեցին. և ու իր կինը Տէր Աստուծոյ երեսէն պարտէզին ծառերուն մէջ պահուեցան: 9Եւ Տէր Աստուած Ադամը կանչեց, ու ըսաւ անոր, Ո՞ւր ես: 10Եւ անիկա ըսաւ, Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի, ու վախցայ, վասն զի մերկ էի, ու պահուեցայ: 11Եւ Աստուած ըսաւ, Ո՞վ պատմեց քեզի քու մերկ ըլլալդ. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որու համար քեզի պատուիրեցի որ անկէ չուտես: 12Եւ Ադամ ըսաւ, Այն կինը՝ զոր ինծի հետ ըլլալու տուիր, ան ինծի տուաւ ծառէն, ու ես կերայ: 13Եւ Տէր Աստուած ըսաւ կնոջ, Ի՞նչ է այս քու ըրածդ. և կինը ըսաւ, Օձը զիս խաբեց, ու ես կերայ:

Աստուծոյ դատաստանը

14Եւ Տէր Աստուած օձին ըսաւ, Զայս ընելուդ համար՝ ամէն անասուններէն և դաշտին ամէն գազաններէն անիծեալ ըլլաս. փորիդ վրայ քալես, ու կեանքիդ բոլոր օրերը հող ուտես: 15Եւ քուկին ու կնոջ մէջտեղ, և քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ. ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ, և դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես. 16Եւ կնոջ ըսաւ, Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ. ցաւով զաւակ ծնանիս, ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս*, ու անիկա քու վրադ իշխէ: 17Եւ Ադամի ըսաւ, Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր, և այն ծառէն կերար, որու համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով, Չուտես անկէ, քու պատճառաւդ անիծեալ ըլլայ. կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ. 18Եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի, և դաշտին խոտը ուտես: 19Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչև գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն, ու հողի պիտի դառնաս: 20Եւ Ադամ իր կնոջ անունը դրաւ. վասն զի ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը անիկա էր: 21Եւ Տէր Աստուած Ադամի ու անոր կնոջ կաշիէ հանդերձներ շինեց, ու անոնց հագցուց:

Ադամ և Եւա դրախտէն կը վռնտուին

22Եւ Տէր Աստուած ըսաւ, Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալու. և հիմա չըլլայ որ իր ձեռքը երկնցնէ, ու կենաց ծառէն ալ առնէ և ուտէ ու յաւիտեան ապրի. 23Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն դուրս ըրաւ զանիկա, որպէս զի երկիրը գործէ, ուրկէ առնուեցաւ: 24Այսպէս վռնտեց Ադամը. ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէները ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)