Ծննդոց
44
Կորսուած գաւաթը
1Եւ իր տանը վերակացուին հրաման ըրաւ՝ ըսելով, Այս մարդոց քուրձերը տանել կրցածնուն չափ ուտելիք լեցուր, ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին բերանը դիր: 2Եւ ամենէն պզտիկին քուրձին բերանը իմ գաւաթս, արծաթ գաւաթը, ու իր պաշարին ստակը դիր: Ու անիկա Յովսէփի ըսած խօսքին պէս ըրաւ: 3Եւ առտուանց լուսցածին պէս մարդիկը ղրկուեցան, իրենք ու իրենց էշերը: 4Անոնք քաղաքէն ելլելով դեռ չհեռացած, Յովսէփ իր տանը վերակացուին ըսաւ, Ելիր, այն մարդոց ետեւէն վազէ, ու անոնց հասիր և ըսէ անոնց, Ինչո՞ւ բարիին փոխարէն չար հատուցիք. 5Այս այն չէ՞ որուն մէջէն իմ տէրս կը խմէ, ու անով կը հմայէ. այսպէս ընելով գէշութիւն ըրիք: 6Եւ անիկա հասաւ անոնց, և ըսաւ անոնց այս նոյն խօսքերը: 7Եւ ըսին անոր, Ինչո՞ւ իմ տէրս այսպիսի խօսքեր կը զրուցէ. քա՛ւ լիցի որ քու ծառաներդ այսպիսի բան մը ընեն: 8Ահա մեր քուրձերուն բերանը գտած ստակնիս Քանանու երկրէն քեզի ետ բերինք. ուրեմն ի՞նչպէս քու տէրոջդ տունէն արծաթ կամ ոսկի պիտի գողնանք: 9Քու ծառաներէդ որո՛ւն քով որ գտնուի, թող անիկա մեռնի, ու մենք ալ իմ տէրոջս ծառաներ ըլլանք: 10Եւ անիկա ըսաւ, Հիմա ճիշդ ձեր ըսածին պէս թող ըլլայ. որուն քով որ գտնուի, ան ինծի ծառայ ըլլայ, ու դուք անպարտ ըլլաք. 11Ուստի ամէն մէկը արտորնօք իր քուրձը գետինը իջեցուց, ու ամէն մէկը իր քուրձը բացաւ, 12Եւ անիկա մեծէն սկսեց փնտռել, ու մինչև պզտիկը նայեցաւ. և գաւաթը Բենիամինի քուրձին մէջ գտնուեցաւ: 13Այն ատեն իրենց հանդերձները պատռեցին. և ամէն մէկը իր էշը բեռցուց ու քաղաքը դարձան: 14Եւ Յուդա ու անոր եղբայրները Յովսէփի տունը եկան, և անիկա տակաւին հոն էր. ու անոր առջև գետինը ինկան: 15Եւ Յովսէփ ըսաւ անոնց, Այս ի՞նչ բան է զոր ըրիք. չէ՞ք գիտեր որ ինծի պէս մարդ մը անշուշտ կը հմայէ: 16Եւ Յուդա ըսաւ, Իմ տէրոջս ի՜նչ ըսենք, ի՜նչ խօսինք, կամ ի՜նչպէս արդարացնենք ինքզինքնիս. Աստուած քու ծառաներուդ յանցանքը բռնեց. ահա մենք մէր տէրոջը ծառաներն ենք, մենք ալ՝ անիկա ալ՝ որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ: 17Եւ անիկա ըսաւ, Քա՛ւ լիցի որ ես այդպէս ընեմ. հապա այն մարդը որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ, անիկա ինծի ծառայ ըլլայ, ու դուք խաղաղութեամբ ձեր հօրը ելէք:
Յուդա կաղաչէ Բենիամինին համար
18Այն ատեն Յուդա մօտեցաւ անոր ու ըսաւ, Ոհ, տէր իմ, շնորհք ըրէ, թող քու ծառադ խօսք մը խօսի իմ տէրոջս ականջներուն, ու ծառայիդ վրայ քու բարկութիւնդ չբորբոքի. վասն զի դուն Փարաւոնի պէս ես: 19Իմ տէրս իր ծառաներուն հարցուց՝ ըսելով, Հայր կամ եղբայր ունի՞ք: 20Եւ մենք ըսինք մեր տէրոջը, թէ ծեր հայր մը ունինք, և թէ անիկա իր ծերութեան ատենը ծնած պզտիկ որդի մը ունի , ու անոր եղբայրը մեռած է, և միայն անիկա իր մօրմէն մնաց, ու անոր հայրը կը սիրէ զանիկա: 21Եւ քու ծառաներուդ ըսիր, Ինծի իջեցուցէք զանիկա, որ տեսնեմ: 22Եւ իմ տէրոջս ըսինք, Տղան իր հայրը չկրնար ձգել. քանզի եթէ իր հայրը ձգելու ըլլայ, անիկա պիտի մեռնի: 23Եւ քու ծառաներուդ ըսիր, Եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը ձեզի հետ չիջնէ, իմ երեսս մէյմըն ալ պիտի չտեսնէք: 24Ու երբ քու ծառայիդ իմ հօրս ելանք, իմ տէրոջս խօսքերը պատմեցինք անոր: 25Եւ մեր հայրը ըսաւ, Գացէք նորէն, ու մեզի քիչ մը կերակուր ծախու առէք: 26Եւ մենք ըսինք, Չենք կրնար իջնել. եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ ըլլայ, այն ատեն կ՚իջնենք. վասն զի պիտի չկրնանք տեսնել այն մարդուն երեսը, եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ չըլլայ: 27Եւ քու ծառադ իմ հայրս ըսաւ մեզի, Դուք գիտէք որ իմ կինս երկու որդի ծնաւ ինծի. 28Եւ մէկը քովէս ելաւ, ու ես ըսի, Անշուշտ գազանէ մը գիշատուած է, ու մինչև հիմա զինք չտեսայ: 29Եւ եթէ ասիկա ալ քովէս առնէք, ու անոր փորձանք մը պատահի, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզմանը պիտի իջեցնէք: 30Ուստի հիմա՝ երբ քու ծառայիդ իմ հօրս երթամ, ու տղան մեզի հետ չըլլայ, անոր հոգին տղուն հոգւոյն հետ կապուած ըլլալով, 31Երբ տեսնէ թէ տղան մեզի հետ չէ, պիտի մեռնի. և ծառաներդ քու ծառայիդ մեր հօրը ճերմակ մազերը տրտմութիւնով գերեզմանը պիտի իջեցնենք: 32Վասն զի ծառադ տղուն համար իմ հօրս երաշխաւոր եղայ՝ ըսելով, Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ հօրս յաւիտեան յանցաւոր ըլլամ: 33Ուստի հիմա կ՚աղաչեմ քեզի, տղուն տեղ ծառադ իմ տէրոջս ծառայ մնայ, և տղան իր եղբայրներուն հետ ելլէ. 34Քանզի եթէ տղան ինծի հետ չըլլայ, ի՞նչպէս ելլեմ իմ հօրս. չ’ըլլայ որ իմ հօրս գալու փորձանքը տեսնեմ: