Ծննդոց

49

Յակոբին վերջին խօսքերը

1Եւ Յակոբ կանչեց իր որդիները ու ըսաւ, Ժողվուեցէք, որպէս զի վերջին օրերը ձեր գլխուն գալիքը պատմեմ ձեզի: 2Ժողվուեցէք ու ականջ տուէք, ով Յակոբի որդիները, Ու ձեր հօրը Իսրայէլի մտիկ ըրէք: 3Ով Ռուբէն, իմ անդրանիկս, Իմ ոյժս ու իմ զօրութեանս սկիզբը, Յարգութեան կատարելութիւնը ու զորութեան կատարելութիւնը դուն ես: 4Ջուրի պէս եռացիր, առաջին պիտի չըլլաս. Վասն զի քու հօրդ անկողինը ելար. Այն ատեն պղծեցիր զանիկա : (Իմ անկողի՜նս ելաւ:) 5Շմաւոն ու Ղեւի եղբայրներ են. Սուրերնին անիրաւութեան գործիքներ են: 6Իմ հոգիս անոնց խորհուրդներուն չմտնէ, Իմ պատիւս անոնց ժողովքին հետ չմիանայ. Վասն զի իրենց բարկութիւնով մարդ սպաննեցին, Եւ իրենց կամապաշտութիւնով ցուլի ջիղ կտրեցին: 7Անիծեալ ըլլայ անոնց բարկութիւնը, վասն զի խիստ էր, Ու անոնց սրտմտութիւնը, վասն զի սաստիկ էր. Զանոնք Յակոբի մէջ պիտի բաժնեմ, Ու զանոնք Իսրայէլի մէջ պիտի ցրուեմ: 8Ով Յուդա, քու եղբայրներդ քեզ պիտի գովեն. Քու ձեռքդ քու թշնամիներուդ պարանոցին վրայ ըլլայ. Քու հօրդ որդիները քեզի երկրպագութիւն ընեն: 9Յուդա առիւծի ձագ է. Որդեակ իմ, կողոպուտէն ելար: Առիւծի պէս ծունկ կրկնեց, մատակ առիւծի պէս պառկեցաւ. Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ: 10Իշխողութիւնը Յուդայէ պիտի չպակսի, Ոչ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն օրէնսդիրը, Մինչև որ Սելովը գայ. Ու ժողովուրդները անոր պիտի հնազանդին. 11Իր յաւանակը որթին պիտի կապէ, Ու իր էգ իշուն ձագը ամէնէն աղէկ որթին. Իր պատմուճանը գինիով պիտի լուայ, Ու իր հանդերձը խաղողի արիւնով: 12Իր աչքերը գինիէն կարմիր, Ու իր ակռաները կաթէն ճերմակ պիտի ըլլան: 13Զաբուղոն ծովուն եզերքը պիտի բնակի, Ու անիկա նաւերուն հանգիստը պիտի ըլլայ, Եւ անոր սահմանը մինչև Սիդոն պիտի հասնի: 14Իսաքար ուժեղ էշ մըն է Որ գոմերուն մէջտեղ կը պառկի: 15Եւ տեսնելով որ հանգստութիւնը աղէկ էր, Ու երկիրը՝ որ գեղեցիկ էր, Իր ուսը բեռցնելու խոնարհեցուց, Ու հարկատու ծառայ եղաւ: 16Դան իր ժողովուրդը պիտի դատէ, Իսրայէլի ցեղերէն մէկուն պէս: 17Դան ճամբու վրայ մը պիտի ըլլայ, Ու ճամբու վրայ իժ մը, Որ ձիուն գարշապարը կը խածնէ, Այնպէս որ հեծեալը ետեւը կ՚իյնայ: 18Ով Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի: 19Գադի՝ գունդ մը վրան պիտի յարձակի. Բայց վերջապէս ինք պիտի յարձակի: 20Ասերի հացը պարարտ պիտի ըլլայ. Եւ ինք թագաւորի համադամ կերակուրներ պիտի տայ: 21Նեփթաղիմ գեղեցիկ խօսքեր տուող Ազատ թողուած եղջերու մըն է: 22Յովսէփ պտղատու ոստ մըն է, Աղբիւրի քով տնկուած պտղաբեր ոստ մը, Որուն բողբոջները պատի վրայ կ՚ելլեն. 23Աղեղնաւորները վշտացուցին զանիկա, Ու նետաձիգ եղան անոր , ու ատեցին զանիկա. 24Բայց անոր աղեղը զօրավոր մնաց, Եւ իր ձեռքերուն բազուկները ուժովցան, Յակոբի հզօր Աստուծոյն ձեռքերովը: Իսրայէլի վէմը եղող հովիւը անկէ է: 25Ասիկա քու հօրդ Աստուծմէն է՝ որ քեզի պիտի օգնէ, Եւ Ամենակարողէն՝ որ քեզ պիտի օրհնէ, Վերէն երկինքի օրհնութիւններովը, Ու վարը պառկող խորութեան օրհնութիւններովը, Ծիծերուն ու արգանդին օրհնութիւններովը: 26Քու հօրդ օրհնութիւնները իմ նախնիքներուս օրհնութիւններէն Մինչև յաւիտենական բլուրներուն գագաթը* զօրացան. Յովսէփի գլխուն վրայ պիտի ըլլան, Եւ անոր գագաթին վրայ՝ որ իր եղբայրներէն գերազանց է: 27Բենիամին պատառող գայլ պիտի ըլլայ. Առտուանց որսը պիտի ուտէ, Եւ գիշերը կողոպուտը պիտի բաժնէ: 28Ամէն ասոնք Իսրայէլի տասուերկու ցեղերն են. և այս է՝ զոր անոնց հայրը խօսեցաւ անոնց, ու օրհնեց զանոնք. ամէն մէկուն օրհնութեանը պէս օրհնեց զանոնք: 29Եւ պատուիրեց անոնց ու ըսաւ, Ես իմ ժողովուրդիս պիտի խառնուիմ. իմ հայրերուս հետ այն այրին մէջ թաղեցէք զիս, որ Քետացի Եփրոնի արտին մէջ է. 30Այն այրին մէջ՝ որ Քանանու երկիրը՝ Մամբրէի դիմաց եղող Մաքփելայի արտին մէջ է, զոր արտին հետ մէկտեղ գերեզմանի կալուածքի համար Քետացի Եփրոնէ ծախու առաւ: 31Աբրահամը ու անոր կինը Սառան հոն թաղեցին. Իսահակը ու անոր կինը Ռեբեկան հոն թաղեցին. ես ալ Լիան հոն թաղեցի: 32Այն արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն ծախու առնուեցան: Եւ Յակոբ երբ լմնցուց իր որդիներուն պատուէր տալը, իր ոտքերը անկողինին մէջ ժողվեց. ու հոգին աւանդեց, և իր ժողովուրդին խառնուեցաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)