Ծննդոց

6

Մարդկութեան չարութիւնը

1Եւ եղաւ որ երբ մարդիկ երկրի վրայ շատնալ սկսեցին, ու իրենց աղջիկներ ծնան, 2Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ ամէն իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ կ՚առնէին: 3Եւ Տէրը ըսաւ, Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան: 4Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ կային. և անկէ ետքն ալ երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին, ասոնք ի վաղուց հետէ զօրաւոր ու անուանի մարդիկներ էին: 5Եւ Տէրը երբ տեսաւ որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնար, և անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները միայն չար էին ամէն օր, 6Տէրը երկրի վրայ մարդը ստեղծելուն զղջաց, ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ. 7Եւ Տէրը ըսաւ, Երկրի վրայէն ջնջեմ մարդը զոր ստեղծեցի, մարդէն մինչև անասունները և սողունները ու երկինքի թռչունները, վասն զի զանոնք ստեղծելուս կը զղջամ: 8Բայց Տէրոջը առջև շնորհք գտաւ:

Նոյ

9Այս է Նոյի պատմութիւնը*. Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց: 10Եւ Նոյ ծնաւ երեք որդի, Սէմը, Քամը ու Յաբեթը: 11Ու Աստուծոյ առջև ապականեցաւ և երկիր անիրաւութեամբ լեցուեցաւ: 12Եւ երկրի վրայ նայեցաւ, և ահա ապականած էր, վասն զի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր: 13Եւ Աստուած ըսաւ Նոյի, Բոլոր մարմինին վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիր անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ. և ահա ես զանոնք երկրի հետ պիտի աւրեմ: 14Արդ դուն քեզի խիժաբեր փայտէ մը շինէ. տապանին մէջ խորշեր շինէ, և զանիկա ներսէն ու դուրսէն ձիւթով ծեփէ: 15Եւ այս ձևով շինես զանիկա. տապանին երկայնութիւնը երեք հարիւր կանգուն, լայնութիւնը յիսուն կանգուն, և բարձրութիւնը երեսուն կանգուն ըլլայ: 16Տապանին լուսամուտ շինես, ու զանիկա մէկ կանգունի չափով լմնցնես վերէն, և տապանին դուռը մէկ կողմէն դնես. ներքնատունով, միջնատունով ու վերնատունով շինես զանիկա: 17Եւ ես ահա երկրի վրայ պիտի բերեմ, երկինքի տակ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր մարմինը կորսնցնելու համար. երկրի վրայ ինչ որ կայ՝ պիտի սատկի: 18Բայց քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, ու տապանը պիտի մտնես դուն ու քու որդիներդ, և կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ: 19Եւ ամէն անասուններէն, ամէն մարմինէն, ամէնէն երկերկու հատ տապանը բերես, որպէս զի քեզի հետ ողջ մնան. արու և էգ ըլլան անոնք: 20Թռչուններէն իրենց տեսակին պէս, և ընտանի անասուններէն իրենց տեսակին պէս, երկրի բոլոր սողուններէն իրենց տեսակին պէս, ամէնէն երկերկու հատ. քեզի պիտի գան ողջ մնալու համար: 21Եւ դուն առ քեզի ամէն ուտելիքներէն որ կ’ուտուին, ու քովդ ժողվէ, որպէս զի քեզի և անոնց ուտելիք ըլլայ: 22Եւ ըրաւ Նոյ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս, այնպէս ըրաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)