Ծննդոց
9
1Եւ Աստուած օրհնեց Նոյը ու անոր որդիները, և ըսաւ անոնց, Աճեցէք ու շատցէք, ու երկիրը լեցուցէք. 2Եւ ձեր վախը ու երկիւղը երկրի բոլոր գազաններուն վրայ, ու երկինքի բոլոր թռչուններուն վրայ պիտի ըլլայ. անոնք երկրի վրայ բոլոր շարժողներուն հետ, ու ծովու բոլոր ձուկերուն հետ ձեր ձեռքը տրուած են: 3Ամէն շարժուն կենդանին ձեզի կերակուր ըլլայ. ամէնը ձեզի բանջարի պէս տուի: 4Բայց միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը, չուտէք: 5Եւ անշուշտ ձեր կեանքին համար արիւննիդ պիտի խնդրեմ. ամէն գազանին ձեռքէն ու մարդուն ձեռքէն պիտի խնդրեմ զայն. մարդուն կեանքը եղբօրը ձեռքէն պիտի խնդրեմ: 6Ով որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի. քանզի Աստուած իր պատկերին պէս ստեղծեց մարդը: 7Եւ դուք աճեցէք ու շատցէք, երկրի վրայ բազմացէք ու անոր մէջ շատցէք: 8Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյի ու անոր որդիներուն անոր հետ՝ ըսելով, 9Եւ ես ահա ձեզի հետ ու ձեզմէ ետքը ձեր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ: 10Եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիին հետ, թէ՛ թռչունին, թէ՛ անասունին և թէ՛ ձեզի հետ եղող երկրի ամէն գազանին հետ, տապանէն ելածներուն ամէնուն հետ, ու երկրի բոլոր անասուններուն հետ: 11Եւ ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ մէյմըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղին ջուրերէն չկորսուի. ոչ ալ նորէն ջրհեղեղ ըլլայ երկիրը աւրելու համար: 12Եւ ըսաւ Աստուած, Իմ ու ձեր մէջտեղ, և ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիին մէջտեղ յաւիտենական դարերու համար ըրած ուխտիս նշանը այս է. 13Իմ աղեղս ամպին մէջ պիտի դնեմ, և այն պիտի ըլլայ իմ ու երկրի մէջտեղ եղած ուխտին նշանը: 14Եւ պիտի ըլլայ որ՝ երբ երկրի վրայ ամպ բերեմ, աղեղը ամպին մէջ պիտի տեսնուի. 15Եւ իմ ու ձեր մէջտեղ, ու ամէն մարմինէն ամէն շնչաւոր կենդանիին մէջտեղ եղած իմ ուխտս պիտի յիշեմ. և մէյմըն ալ ամէն մարմինը կորսնցնելու համար ջուրերը հեղեղ պիտի չըլլան: 16Եւ աղեղը ամպին մէջ պիտի ըլլայ, ու անոր պիտի նայիմ, որպէս զի Աստուծոյ՝ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինէն բոլոր կենդանի անասունին մէջտեղ եղած յաւիտենական ուխտը յիշեմ: 17Եւ Աստուած Նոյի ըսաւ, Այս է այն ուխտին նշանը զոր ես հաստատեցի իմ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինին մէջտեղ: Նոյ և իր որդիները 18Եւ Նոյի որդիները որոնք տապանէն ելան, Սէմ, Քամ ու Յաբեթ էին. և Քամ Քանանու հայրն էր: 19Այս երեքը Նոյի որդիներն էին, և ասոնցմէ բոլոր երկիր տարածուեցան: 20Եւ Նոյ սկսաւ երկիրը գործել, ու այգի տնկեց. 21Եւ գինիէն խմեց ու գինովցաւ, և իր վրանին մէջ մերկացաւ: 22Ու Քանանու հայրը Քամ իր հօրը մերկութիւնը տեսաւ, ու դուրս ելաւ իր երկու եղբայրներուն պատմեց: 23Եւ Սէմ ու Յաբեթ հանդերձ առին, և իրենց երկուքին ուսերուն վրայ դրին, ու ետ ետ երթալով իրենց հօրը մերկութիւնը ծածկեցին. և իրենց երեսը ետևնուն դարձած ըլլալով՝ իրենց հօրը մերկութիւնը չտեսան: 24Եւ Նոյ իր գինիէն արթննալով՝ իր պզտիկ որդւոյն իրեն ըրածը իմացաւ. 25Ու ըսաւ, Անիծեալ ըլլայ Քանան. ծառաներու ծառայ ըլլայ իր եղբայրներուն: 26Նաև ըսաւ, Օրհնեալ ըլլայ Սէմի Տէր Աստուածը, և Քանան անոր ծառան ըլլայ: 27Աստուած թող ընդարձակէ Յաբեթը, ու Սէմի վրանները բնակի, և Քանան անոր ծառան ըլլայ: 28Ու Նոյ ջրհեղեղէն ետքը երեք հարիւր յիսուն տարի ապրեցաւ: 29Եւ Նոյի բոլոր օրերը ինը հարիւր յիսուն տարի եղան, ու մեռաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981