Ամբակում մարգարեյի գիրք
2
Աստուծոյ պատասխանը Ամբակումին
1Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ, Ու պարսպին վրայ պիտի կայնիմ, Ու պիտի սպասեմ որ տեսնեմ թէ ինծի հետ ի°նչ պիտի խօսի, Եւ թէ իմ կրած յանդիմանութեանս վրայ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ: 2Եւ Տէրը ինծի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Տեսիլքը գրէ ու տախտակներու վրայ յայտնի նշանակէ, Որպէս զի զանիկա կարդացողը համարձակ կարդայ*. 3Քանզի տեսիլքը տակաւին որոշուած ժամանակի համար է, Բայց վախճանին կ’արտորայ, սուտ պիտի չելլէ. Եթէ ուշանայ` անոր սպասէ, Քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ: 4Ահա հպարտ մարդուն հոգին իր ներսիդին ուղիղ չէ, Բայց արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի:
Անարդարութեան վճիռը
5Մանաւանդ գինին կը կատղեցնէ, Հպարտ մարդը հանդարտ չկենար, Քանզի իր հոգին գերեզմանի պէս կը լայնցնէ, Ու մահուան պէս ըլլալով` չկշտանար, Հապա բոլոր ազգերը իրեն կը ժողվէ, Ու բոլոր ժողովուրդները իր քով կը գումարէ: 6Միթէ ասոնց ամէնը անոր վրայ առակ պիտի չհանե՞ն, Ու անոր համար ծաղրական խօսքերով պիտի չըսե՞ն, Վա՜յ անոր` որ իրենը չեղածը կը շատցնէ, (Մինչև ե՞րբ պիտի տևէ, ) Ու իր վրայ գրաւներ կը բեռնաւորէ: 7Միթէ յանկարծ քեզ խածնողներ պիտի չելլե՞ն, Ու քեզի նեղութիւն տուողներ պիտի չարթննա՞ն, Եւ դուն անոնց աւար պիտի չըլլա՞ս: 8Որովհետև դուն շատ ազգեր կողոպտեցիր, Քեզ ալ ժողովուրդներուն բոլոր մնացորդները պիտի կողոպտեն Մարդոց արիւններուն համար Ու երկրին, քաղաքին և բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար: 9Վա՜յ անոր` որ իր տանը համար չար ագահութեամբ բան կը վաստկի, Որպէս զի իր բոյնը բարձր տեղ դնէ, Չարին ձեռքէն զինք ազատելու համար: 10Շատ ժողովուրդներ կոտրելովդ Քու տանդ վրայ անարգանք բերիր, Եւ քու հոգւոյդ դէմ մեղք գործեցիր: 11Քանզի քարը պատէն պիտի աղաղակէ, Ու գերանը շէնքին փայտերուն մէջէն պատասխան պիտի տայ անոր: 12Վա՜յ անոր` որ արիւններով քաղաք կը շինէ, Ու անիրաւութեամբ աւան կը հաստատէ: 13Ահա ասիկա զօրաց Տէրոջմէն չէ՞, Որ ժողովուրդները կրակի համար կ’աշխատին, Ու ազգերը պարապ տեղ կը յոգնին: 14Քանզի երկիր Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն: 15Վա՜յ քեզի` որ քու ընկերիդ գինի կը խմցնես, Եւ քու արբեցուցիչ ըմպելիքդ* առատ կը բաշխես, Որ ուրիշներն ալ գինովցնես, Որպէս զի անոնց մերկութիւնը տեսնես: 16Փառքէն աւելի ամօթով կշտացար, Դուն ալ խմէ ու մերկացիր. Տէրոջը աջ ձեռքին բաժակը քեզի պիտի դառնայ, Եւ քու փառքիդ վրայ անարգանք պիտի գայ: 17Քանզի Լիբանանի զրկանքը քեզ պիտի ծածկէ, Ու գազաններուն յափշտակութիւնը պիտի վախցնէ` Մարդոց արիւններուն համար, Ու երկրին, քաղաքին և բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար: 18Ի՞նչ օգուտ ունի արուեստաւորին քանդակած կուռքը, Ձուլածոյ կուռքը և ստութիւն սորվեցնողը. Որ շինողը իր շինած բանին ապաւինի, Ու համր կուռքեր շինէ: 19Վա՜յ անոր` որ փայտին կ’ըսէ, Արթնցիր, Եւ համր քարին` Ելիր. Միթէ անիկա բան մը պիտի սորվեցնէ՞. Ահա անիկա ոսկիով ու արծաթով պատած է, Բայց անոր մէջ ամենևին հոգի չկայ: 20Սակայն Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. Անոր երեսին առջև լուռ կեցիր, ով բոլոր երկիր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981