Ամբակում մարգարեյի գիրք
3
Ամբակումին աղօթքը
1Շիկիօնօթի վրայ, Ամբակում մարգարէին աղօթքը: 2Ով Տէր, քու լուրդ լսեցի ու վախցայ. Քու գործդ տարիներուն մէջ նորոգէ, ով Տէր, Տարիներուն մէջ գիտցուր, Բարկութեան մէջ ողորմութիւն յիշէ: 3Աստուած Թեմանէ եկաւ, Ու Սուրբը` Փառան լեռնէն. (Սէլա.) Անոր փառքը երկինքը ծածկեց, Ու երկիր անոր գովութիւնովը լեցուեցաւ: 4Եւ անոր պայծառութիւնը լոյսի պէս էր. Անոր ձեռքէն ճառագայթներ կ’ելլէին, Ու անոր զօրութեանը ծածկոյթը հոն էր. 5Անոր առջևէն ժանտախտը կ’երթար, Եւ անոր ոտքերուն ետևէն հրատագնապ տենդը* կ’ելլէր: 6Անիկա կայնեցաւ ու երկիրը չափեց, Նայեցաւ և ազգերը դողացուց. Ու յաւիտենական լեռները փշրուեցան, Եւ վաղեմի բլուրները խոնարհեցան. Անիկա յաւիտենական ճամբաներ ունի: 7Քուշանի վրանները նեղութեան տակ տեսայ, Մադիամու երկրին վրանները դողացին: 8Միթէ գետերուն բարկացա՞ւ Տէրը, Քու սրտմտութիւնդ գետերուն վրա՞յ էր, Բարկութիւնդ ծովուն վրա՞յ էր, Որ քու ձիերդ ու փրկութեան կառքերդ հեծար: 9Քու աղեղդ բոլորովին մերկ եղաւ Իսրայէլի ցեղերուն ըրած երդումներուդ ու քու խօսքիդ պէս. (Սէլա.) Երկիրը գետերով պատռեցիր: 10Լեռները քեզ տեսան ու դողացին, Ջուրերուն յորդութիւնը անցաւ, Անդունդը իր ձայնը տուաւ, Ու ձեռքերը վեր վերցուց: 11Արևը ու լուսինը իրենց կարգին մէջ կայնեցան, Անոնք քու նետերուդ լուսովը Եւ քու շողշողուն նիզակիդ պայծառութիւնովը քալեցին: 12Երկրին վրայ սրտմտութեամբ պտըտեցար, Ու բարկութեամբ ազգերը կոխեցիր: 13Քու ժողովուրդիդ փրկութեանը համար, Քու օծեալիդ հետ փրկութեան համար, ելար. Անօրէնին տունէն գլուխ ճզմեցիր` Հիմը մինչև պարանոցը բանալով: (Սէլա:) 14Իրենց գաւազաններովը իրենց գլխաւորներուն գլուխը խորտակեցիր, Զիս ցրուելու համար փոթորիկի պէս ելան: Անոնց ուրախութիւնը տնանկը գաղտուկ ուտելու պէս էր: 15Քու ձիերովդ ծովուն վրայ, Շատ ջուրերուն խռովութեանը վրայ, քալեցիր: 16Լսեցի ու սիրտս սարսափեցաւ, Ձայնէն շրթունքներս դողացին. Ոսկորներուս մէջ փտութիւն մտաւ, Ու եղած տեղս սարսափեցայ, Որպէս զի հանգստութիւն ունենամ նեղութեան օրը, Երբ ժողովուրդին ելլէ ան որ իր գունդերովը անոր վրայ պիտի յարձակի: 17Թէև թզենին ընձիւղ չտայ, Ու որթերուն վրայ պտուղ չըլլայ, Եւ ձիթենիին բերքը ստէ, Ու արտերը կերակուր չտան, Եւ փարախէն ոչխարը կտրի, Ու գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ, 18Սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, Իմ փրկութեանս Աստուծովը պիտի ուրախանամ: 19Տէր Եհովա իմ զօրութիւնս է, Ու իմ ոտքերս եղնիկի ոտքերուն պէս պիտի ընէ, Եւ զիս իմ բարձր տեղերուս վրայ պիտի պտըտցնէ: Գլխաւոր երաժշտին, իմ զարնելու նուագարաններուս վրայ: