Անգէ մարգարեյի գիրք

1

Աստուած տաճարը շինել կը հրամայէ

1Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարին վեցերորդ ամիսը, ամսուն առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը Անգէ մարգարէին ձեռքով Յուդայի իշխանին Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլի, ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուի եղաւ, ըսելով` 2Զօրաց Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ. Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ Ժամանակը չէ հասած, Տէրոջը տունը շինելու ժամանակը: 3Եւ Անգէ մարգարէին ձեռքով Տէրոջը խօսքը եղաւ` ըսելով, 4Արդեօք ժամանա՞կ է որ դուք ձեղունազարդ տուներնուդ մէջ բնակիք, Ու այս տունը աւերակ մնայ: 5Սակայն հիմա զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձեր ճամբաներուն վրայով մտածեցէք: 6Շատ ցանեցիք, բայց քիչ բերիք. Կերաք, բայց չկշտացաք. Խմեցիք, բայց ծարաւնիդ չանցուցիք. Հագուեցաք, բայց չտաքցաք. Ու վարձքով բանողը ծակ քսակի համար կը վաստկի իր վարձքը: 7Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձեր ճամբաներուն վրայով մտածեցէք: 8Լեռը ելէք, փայտ բերէք Ու տունը շինեցէք, և անոր պիտի հաճիմ, Ու պիտի փառաւորուիմ, կ’ըսէ Տէրը: 9Շատին նայեցաք, և ահա քիչ եղաւ. Ձեր տուները անգամ բերիք, բայց անոր վրայ փչեցի: Ինչո՞ւ համար, կ’ըսէ զօրաց Տէրը. Իմ տանս համար, որ աւերակ է, Ու ձեզմէ ամէն մէկը իր տունը կը վազէ: 10Անոր համար երկինք ձեր վրայէն իր ցօղը ետ կը պահէ, Ու ալ իր պտուղը չտար: 11Ու ես երկրի վրայ, ու լեռներուն վրայ, Եւ ցորենին վրայ, ու գինիին վրայ, ու իւղին վրայ, Ու գետնի բերքերուն վրայ, Եւ մարդոց վրայ, ու անասուններուն վրայ, Եւ ձեռքերու բոլոր վաստակին վրայ երաշտութիւն կանչեցի:

Ժողովուրդը Աստուծոյ կը հնազանդի

12Այն ատեն Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ, ու մեծ քահանան Յովսեդեկեան , և ժողովուրդին բոլոր մնացորդը մտիկ ըրին իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ու Անգէ մարգարէին խօսքերուն, ինչպէս իրենց Տէր Աստուածը զանիկա ղրկեր էր. ու ժողովուրդը Տէրոջը երեսէն վախցաւ: 13Եւ Տէրոջը դեսպանը Անգէ Տէրոջը դեսպանութիւնովը ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ, Ես ձեզի հետ եմ, կ’ըսէ Տէրը: 14Եւ Տէրը Յուդայի իշխանին Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլի հոգին, ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուի հոգին, և ժողովուրդին բոլոր մնացորդին հոգին արթնցուց. ու գացին և իրենց Աստուծոյն, զօրաց Տէրոջը, տանը մէջ աշխատեցան, 15Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարին վեցերորդ ամսուն քսանըչորսերորդ օրը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)