Անգէ մարգարեյի գիրք

2

Նոր տաճարին պայծառութիւնը

1Եօթներորդ ամսուն քսանըմէկերորդ օրը Անգէ մարգարէին ձեռքով Տէրոջը խօսքը եղաւ` ըսելով, 2Հիմա Յուդայի իշխանին, Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլի, ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուի, և ժողովուրդին մնացորդին խօսէ ու ըսէ, 3Ձեր մէջ մնացած ո՞վ կայ, Որ այս տունը իր առաջուան փառաւորութիւնովը տեսած ըլլայ. Ու հիմա զանիկա ի՞նչպէս կը տեսնէք. Միթէ ասիկա անոր քով ոչինչ բանի մը պէս չէ՞ ձեր աչքերուն առջև: 4Բայց արդ զօրացիր, ով Զօրաբաբէլ, կ’ըսէ Տէրը. Եւ ով Յովսեդեկեան , մեծ քահանայ, զօրացիր. Ու դուք, ով երկրին բոլոր ժողովուրդը, Զօրացէք, կ’ըսէ Տէրը, ու աշխատեցէք. Քանզի ես ձեզի հետ եմ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 5Ինչպէս ձեր Եգիպտոսէ ելած ատենը ձեզի հետ կապեցի, Իմ Հոգիս ձեր մէջ կը կենայ. մի վախնաք: 6Քանզի զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Քիչ ատենէն ետքը նորէն երկինքը ու երկիրը, Եւ ծովը ու ցամաքը պիտի շարժեմ: 7Նաև ամէն ազգերը պիտի շարժեմ, Ու ամէն ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան. Եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 8Արծաթը իմս է ու ոսկին իմս է, կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 9Այս վերջին տանը փառքը առաջուանէն մեծ պիտի ըլլայ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը. Ու այս տեղ խաղաղութիւն պիտի տամ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը:

Մարգարէն քահանաներուն հետ կը խորհրդակցի

10Դարեհի երկրորդ տարին, իններորդ ամսուն քսանըչորսերորդ օրը Անգէ մարգարէին ձեռքով Տէրոջը խօսքը եղաւ` ըսելով, 11Զօրաց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Հիմա օրէնքին վրայով հարցմունք ըրէ քահանաներուն ու ըսէ, 12Եթէ մարդ մը իր հանդերձին քղանցքովը սուրբ միս վերցնէ, ու քղանցքովը հացի կամ ապուրի կամ գինիի կամ իւղի կամ ինչևիցէ կերակուրի դպչի, անիկա սուրբ կ’ըլլա՞յ: Եւ քահանաները պատասխան տուին ու ըսին, Ոչ: 13Եւ Անգէ ըսաւ, Եթէ մեռելէ պղծուած մը ասոնցմէ մէկուն դպչելու ըլլայ, կը պղծուի՞: Ու քահանաները պատասխան տուին ու ըսին, Կը պղծուի: 14Եւ Անգէ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Այսպէս է այս ժողովուրդը, Եւ այսպէս է այս ազգը իմ առջևս, կ’ըսէ Տէրը, Ու այսպէս է իրենց ձեռքերուն բոլոր գործը. Ու ինչ որ հոն ընծայ կը մատուցանեն` պիղծ է:

Աստուած իր օրհնութիւնը կը խոստանայ

15Ուրեմն հիմա այս օրէն առաջ եղածը մտածեցէք, Երբ դեռ Տէրոջը Տաճարին մէջ քար քարի վրայ դրուած չէր: 16Այն ատեն երբ մէկը քսան քոռ ցորենի դէզին քով կ’երթար, Տասը քոռ կը գտնուէր. Ու երբ իր գինիի աւազանին քով կ’երթար հնձանէն յիսուն մար հանելու, Քսան մար կը գտնուէր: 17Ձեզ ու ձեր ձեռքերուն բոլոր գործը Խորշակահարութեամբ և դալուկով ու կարկուտով զարկի, Սակայն ինծի չդարձաք, կըսէ Տէրը: 18Հիմա այս օրէն առաջ եղածը մտածեցէք, Տէրոջը տաճարին հիմնարկութեան օրէն, Իններորդ ամսուն քսանըչորսերորդ օրէն, առաջ եղածը մտածեցէք. 19Հունտը տակաւին ամբարին մէ՞ջ է. Եւ որթը ու թզենին և նռնենին ու ձիթենին Դեռ չտուին. Այս օրէն ի վեր պիտի օրհնեմ:

Աստուծոյ խոստումը Զօրաբաբէլի

20Եւ Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Անգէի եղաւ ամսուն քսանըչորսերորդ օրը` ըսելով, 21Յուդայի իշխանին Զօրաբաբէլի խօսէ ու ըսէ, Ես երկինքը ու երկիրը պիտի շարժեմ, 22Եւ թագաւորութիւններու աթոռը տակնուվրայ պիտի ընեմ, Ու ազգաց թագաւորութիւններուն զօրութիւնը պիտի կորսնցնեմ, Եւ կառքը ու անոր հեծեալները տակնուվրայ պիտի ընեմ. Եւ ձիերը ու անոնց հեծեալները պիտի իյնան, Ամէն մէկը իր եղբօրը սրովը: 23Այն օրը, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Քեզ պիտի առնեմ, ով Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ, իմ ծառաս, կ’ըսէ Տէրը, Ու քեզ կնիքի պէս պիտի դնեմ, Քանզի քեզ ընտրեր եմ, կ’ըսէ զօրաց Տէրը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981