Եբրայեցիս

1

Աստուծոյ խօսքը իր Որդիին միջոցով

1Շատ մասերով ու շատ կերպերով առաջուընէ խօսելով հայրերուն հետ մարգարէներով, 2Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, զոր ամէն բանի ժառանգ դրաւ, որով աշխարհն ալ ստեղծեց. 3Որ իր փառաց լոյսն է և իր էութեան բուն պատկերը. որ իր զօրութեան խօսքովը ամէն բան կը բռնէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելով` բարձրերը, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը, նստաւ:

Որդին հրեշտակներէն մեծ է

4Եւ այնչափ աւելի եղաւ հրեշտակներէն, որչափ անոնցմէ աւելի աղէկ ժառանգեց: 5Վասն զի հրեշտակներէն որո՞ւ ըսաւ երբէք, Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ. և դարձեալ` Ես անոր պիտի ըլլամ, ու անիկա ինծի Որդի պիտի ըլլայ. 6Եւ դարձեալ` երբ Անդրանիկը կը մտցնէ` կ’ըսէ, Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ անոր երկրպագութիւն թող ընեն: 7Եւ հրեշտակներուն վրայով կ’ըսէ, Որ իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ, ու իր պաշտօնեաները` կրակի բոց, 8Սակայն Որդիին կ’ըսէ, Քու աթոռդ, ով Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. քու թագաւորութեան գաւազանդ ուղղութեան գաւազան է. 9Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, ով Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի: 10Եւ` Դուն, ով Տէր, սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր, ու երկինք քու ձեռքերուդ գործն է. 11Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն կը կենաս ու կը մնաս. ու ամէնը լաթի պէս պիտի մաշին, 12Ու վերարկուի պէս պիտի գալարես զանոնք, և պիտի փոխուին. բայց դուն նոյն ինքն ես, ու քու տարիներդ պիտի չպակսին: 13Եւ հրեշտակներէն որո՞ւ ըսաւ երբէք, Իմ աջ կողմս նստէ, մինչև քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ: 14Չէ՞ որ անոնք ամէնը սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար` որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981