Եբրայեցիս
7
Մելքիսեդեկ քահանայապետը
1Քանզի այս Մելքիսեդեկը Սաղէմի թագաւորն էր, Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան, որ Աբրահամը դիմաւորեց` երբ անիկա թագաւորներուն կոտորածէն կը դառնար, ու օրհնեց զանիկա. 2Որու Աբրահամ ալ տասանորդ տուաւ բոլոր բաներէն. որ նախ Արդարութեան թագաւոր կը թարգմանուի, ետքը Սաղէմի թագաւոր` որ է Խաղաղութեան թագաւոր. 3Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ոչ օրերուն սկիզբը կայ, ոչ ալ կեանքին վերջը. և Աստուծոյ Որդւոյն նման ըլլալով, կը կենայ ու կը մնայ միշտ քահանայ: 4Արդ նայեցէք թէ ո°րչափ մեծ մէկն էր ասիկա, որու Աբրահամ նահապետն ալ տասանորդ տուաւ աւարէն: 5Եւ Ղևիի որդիներէն եղողները, որոնք քահանայութիւն կ’առնեն, պատուէր ունին որ ժողովուրդէն տասանորդ առնեն օրէնքին համեմատ, այսինքն իրենց եղբայրներէն. թէպէտև անոնք Աբրահամի երանքէն ելեր են. 6Բայց անիկա, որուն ազգահամարը անոնցմէ չէր, Աբրահամէ տասանորդ առաւ, ու օրհնեց զանիկա` որ խոստմունքները առած էր: 7Սակայն ասիկա անհակառակելի բան մըն է, որ պզտիկը մեծէն կ’օրհնուի: 8Եւ հոս մահկանացու մարդիկ տասանորդ կ’առնեն, բայց հոն անիկա կ’առնէ, որու համար վկայուած է թէ կենդանի է: 9Եւ կրնայ ըսուիլ թէ Ղևի ալ, որ տասանորդ կ’առնէ, Աբրահամի ձեռքով տասանորդ տուաւ. 10Վասն զի տակաւին իր հօրը երանքն էր, երբ Մելքիսեդեկ զանիկա դեմաւորեց: 11Արդ եթէ կատարելութիւնը Ղևտացւոց քահանայութեան ձեռքով ըլլար, (որովհետև ժողովուրդը անոր ատենը օրէնքին տակ դրուեցաւ,) ալ ի՞նչ պէտք էր որ Մելքիսեդեկի կարգին պէս ուրիշ քահանայ մը ելլէ, ու չըսուի Ահարոնի կարգին պէս: 12Արդ քահանայութիւնը փոխուելուն պէս` հարկ էր որ օրէնքին ալ փոփոխութիւն ըլլար: 13Եւ իրաւ եղաւ, վասն զի ան` որու համար այսպէս կ’ըսուի, ուրիշ ցեղի հաղորդութիւն ունեցաւ, որմէ բնաւ մէկը սեղանին չմօտեցաւ. 14Քանզի յայտնի է թէ Յուդայի ցեղէն յառաջ եկաւ մեր Տէրը, որ ցեղին վրայով Մովսէս բան մը չզրուցեց քահանայութեան համար:
Մելքիսեդեկին նման ուրիշ քահանայապետ մը
15Ու ալ աւելի յայտնի է որ փոխուեցաւ, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութիւնովը ուրիշ քահանայ մը կ’ելլէ, 16Որ ոչ թէ մարմնաւոր պատուէրի օրէնքին պէս եղաւ, հապա անվախճան կեանքին զօրութեանը պէս: 17Վասն զի կը վկայէ թէ Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս: 18Քանզի առաջին պատուէրը կը խափանուի իր տկարութեանը ու անշահութեանը համար, 19(Վասն զի օրէնքը բա°ն մը կատարեալ չըրաւ,) և անոր տեղ կը մտնէ լաւագոյն յոյս մը` որով Աստուծոյ կը մօտենանք: 20Եւ որքան որ Յիսուս ոչ թէ առանց երդումի քահանայ եղաւ, (վասն զի անոնք առանց երդումի քահանայ եղած են. 21Բայց ասիկա երդումով` անոր ձեռքով որ իրեն ըսաւ, Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ, Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս,) 22Այնքան աւելի աղէկ ուխտի մը երաշխաւոր եղաւ Յիսուս: 23Ու անոնք շատ քահանաներ եղած են` իրենց միշտ մնալուն մահը արգելք ըլլալուն համար. 24Բայց ասիկա յաւիտեան կենալուն համար անանցանելի ունի քահանայութիւնը. 25Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետև ինք միշտ կենդանի է անոնց համար բարեխօս ըլլալու: 26Վասն զի մեզի ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը վայլէր, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկինքէն վեր բարձրացած. 27Որու ամէն օր հարկ չէ ինչպէս ուրիշ քահանայապետներուն` առաջ իր մեղքերուն համար պատարագ մատուցանել, ու ետքը ժողովուրդին մեղքերուն համար. վասն զի ինք մէկ անգամ ըրաւ ասիկա` իր անձը պատարագ մատուցանելով: 28Վասն զի օրէնքը տկարութիւնով պաշարուած մարդիկը քահանայապետ կը կարգէ, բայց երդումին խօսքը, որ օրէնքէն ետև էր, Որդին` որ յաւիտեան կատարեալ է:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981