Եբրայեցիս

9

Երկրային ու երկնային պաշտամունք

1Արդարև առաջին ուխտն ալ ունէր պաշտամունքին կանոնադրութիւնները ու աշխարհային սուրբ տեղը: 2Վասն զի առաջին խորանը, որ Սրբութիւն կ’ըսուէր, այսպէս կազմուեցաւ, որուն մէջ կար աշտանակը ու սեղանը և առաջաւորութեան հացը: 3Եւ երկրորդ վարագուրին ետին այն խորանը` որ Սրբութիւն սրբութեանց կ’ըսուէր. 4Որուն մէջ էր բուրվառը, և ուխտին տապանակը, ամէն կողմէն ոսկիով պատած. որուն մէջ էր ոսկիէ սափորը մանանայով լեցուն, և Ահարոնի գաւազանը որ ծաղկեցաւ, և ուխտին տախտակները, 5Եւ անոր վրայէն փառաց քերովբէները` որ քաւութիւնին վրայ հովանի կ’ընէին. որոնց համար պէտք չէ հիմա մեկիկ մեկիկ զրուցել: 6Եւ այս բաները այսպէս կարգադրուած ըլլալով, առաջին խորանը ամէն ատեն կը մտնէին քահանաները` պաշտամունքը կատարելու. 7Բայց երկրորդը` տարին անգամ մը միայն քահանայապետը կը մտնէր, ոչ թէ առանց արիւնի, զոր իրեն համար ու ժողովուրդին սխալմունքներուն համար կը մատուցանէր. 8Հոգին Սուրբ զայս ցուցնելով` թէ սրբարանին ճանապարհը յայտնի եղած չէր, քանի որ տակաւին առաջին խորանը կը կենար. 9Որ օրինակ մըն էր այն ժամանակին` որ պատարագներ ու զոհեր կը մատուցուէին, որոնք խղճմտանքի կողմանէ չէին կրնար կատարեալ ընել պաշտօն մատուցանողը, հապա միայն կերակուրներով ու խմելիքներով, 10Եւ կերպ կերպ լուացումներով` մարմնաւոր արարողութիւններ էին, որոնք մինչև ուղղութեան ատենը կը կենային: 11Բայց երբ Քրիստոս եկաւ, գալու բարիքներուն Քահանայապետը, աւելի մեծ ու կատարեալ և անձեռագործ խորանով, այսինքն անով որ այս ստեղծուածներէն չէ, 12Ոչ ալ նոխազներու ու զուարակներու արիւնով, հապա իր արիւնովը մէկ անգամ սրբարանը մտաւ` յաւիտենական փրկութիւն ստանալով: 13Վասն զի եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը և երինջին մոխիրը սրսկուելով` պղծեալները կը սրբէր մարմինի մաքրութեան կողմանէ, 14Ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսի արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին ձեռքով իր անձը անարատ մատուց Աստուծոյ, պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն` կենդանի Աստուածը պաշտելու: 15Եւ ասոր համար ինք նոր ուխտին միջնորդն է, որպէս զի իր մահը առաջին ուխտին ժամանակը գործուած յանցանքներուն քաւութեանը համար եղած ըլլալով, հրաւիրուածները յաւիտենական ժառանգութեան խոստմունքը առնեն: 16Քանզի ուր կտակ մը ըլլայ, հարկ է որ կտակը ընողին մահը մէջ մտնէ. 17Վասն զի կտակը մեռնելէն ետև հաստատ կ’ըլլայ. քանզի բնաւ վաւերականութիւն չունենար քանի որ կտակը ընողը ողջ է: 18Անոր համար առաջին ուխտն ալ առանց արիւնի չէր հաստատուեր: 19Վասն զի երբ օրէնքին ամէն պատուէրները բոլոր ժողովուրդին պատմեց, ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը առնելով` ջուրով ու կարմիր բուրդով և զոպայով բուն գիրքին և բոլոր ժողովուրդին վրայ սրսկեց. 20Եւ ըսաւ, Ասիկա է այն ուխտին արիւնը, զոր ձեզի պատուիրեց: 21Եւ խորանին վրայ ու պաշտօնին բոլոր գործիքներուն վրայ նոյնպէս սրսկեց արիւնը: 22Եւ գրեթէ ամէն բան արիւնով կը մաքրուի օրէնքին նայելով, ու արիւն չթափուած թողութիւն չըլլար:

Քրիստոսին պատարագուիլը մեղքը կը վերցնէ

23Ուստի հարկ էր որ երկնաւոր բաներուն օրինակները ասոնցմով մաքրուէին. բայց բուն երկնաւորները` ասոնցմէ աւելի աղէկ զոհերով: 24Քանզի Քրիստոս ոչ թէ ձեռագործ սրբարանը մտաւ, որ ճշմարիտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը` որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջև ներկայանայ. 25Ոչ թէ` որպէս զի շատ անգամ իր անձը պատարագ մատուցանէ, ինչպէս քահանայապետը` որ ամէն տարի սրբարանը կը մտնէ իրը չեղած արիւնով. 26Ապա թէ ոչ` պէտք էր իրեն աշխարհի սկիզբէն հետէ շատ անգամ չարչարուիլ. բայց հիմա մէկ անգամ դարերուն վերջը իր անձին պատարագովը յայտնուեցաւ` մեղքը մէկդի ձգելու համար: 27Եւ ինչպէս մարդոց սահմանուած է մէկ անգամ մեռնիլ, ու անկէ ետքը , 28Նոյնպէս ալ Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար, բայց երկրորդ անգամին առանց մեղքի պիտի յայտնուի փրկութեան համար անոնց որոնք անոր կը սպասեն:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981