Ովսէէ մարգարեյի գիրք
1
1Տէրոջը խօսքը, որ Բէերիի որդւոյն Ովսէէի եղաւ, Յուդայի թագաւորներուն, Ոզիայի, Յովաթամի, Աքազի ու Եզեկիայի օրերը և Իսրայէլի թագաւորին Յովասի որդւոյն Յերոբովամի օրերը։
Ովսէէի կինն ու զաւակները
2Ովսէէի միջոցով եղած Տէրոջը խօսքին սկիզբը։ Եւ Տէրը ըսաւ Ովսէէի, Գնա, քեզի պոռնկութեան կին մը ու պոռնկութեան տղաքներ առ, քանզի երկիրը Տէրոջմէ խոտորելով՝ խիստ շատ պոռնըկեցաւ։ 3Եւ անիկա գնաց ու Դաբելայիմի աղջիկը Գոմերը առաւ, և անիկա յղացաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։ 4Եւ Տէրը անոր ըսաւ, Անոր անունը Յեզրայէլ դիր, քանզի քիչ ատենէն ետքը Յեզրայէլի մէջ թափուած արիւնները Յէուի տունէն պիտի պահանջեմ, ու Իսրայէլի տանը թագաւորութիւնը պիտի դադրեցնեմ։ 5Եւ պիտի ըլլայ որ այն օրը Յեզրայէլի հովիտին մէջ Իսրայէլի աղեղը պիտի կոտրեմ։ 6Եւ Գոմեր դարձեալ յղացաւ ու աղջիկ մը ծնաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ Ովսէէի, Անոր անունը Լօրուհամա դիր, քանզի ալ պիտի չողորմիմ Իսրայէլի տանը, հապա զանիկա բոլորովին պիտի վերցնեմ*։ 7Բայց Յուդայի տանը ողորմութիւն պիտի ընեմ, ու զանոնք իրենց Տէր Աստուծովը պիտի փրկեմ, և զանոնք աղեղով կամ սրով կամ պատերազմով, ձիերով կամ ձիաւորներով պիտի չփրկեմ։ 8Ու երբ Լօրուհաման կաթէն կտրեց, նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ 9Այն ատեն Տէրը ըսաւ, Անոր անունը Լօամմի դիր, քանզի դուք իմ ժողովուրդս չէք, ու ես ձեզի Աստուած պիտի չըլլամ։
Իսրայէլ պիտի վերահաստատուի
10Բայց Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին պէս պիտի ըլլայ, որ անչափ ու անթիւ է, ու այն տեղ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ Դուք իմ ժողովուրդս չէք, հոն անոնք Կենդանի Աստուծոյն որդիները պիտի ըսուին։ 11Եւ Յուդայի որդիները ու Իսրայէլի որդիները մէկտեղ պիտի ժողուին, ու իրենց վրայ իշխան մը պիտի դնեն, ու երկրէն պիտի ելլեն, քանզի Յեզրայէլի օրը մեծ պիտի ըլլայ։