Ովսէէ մարգարեյի գիրք
13
Իսրայէլի վերջնական վճիռը
1Եփրեմ երբ դողալով կը խօսէր, Իսրայէլի մէջ բարձրացաւ, Բայց երբ Բահաղով յանցաւոր եղաւ, մեռաւ։ 2Ու հիմա նորէն մեղք կը գործեն, Ու իրենց համար իրենց արծաթէն՝ Իրենց խելքովը ձուլածոյ կուռքեր ու արձաններ կը շինեն, Որոնց ամէնը արուեստաւորի գործեր են. Իրենք անոնց համար կ’ըսեն, Զոհ ընող մարդիկը թող որթերը համբուրեն։ 3Անոր համար անոնք առաւօտեան ամպին պէս, Ու կանուխ իջած վաղանցիկ ցօղին պէս, Կալէն փոթորիկով վերցուած մղեղին պէս, Ու ծխնելոյզէն ելած ծուխին պէս պիտի ըլլան. 4Սակայն ես Եգիպտոսի երկրէն ի վեր քու Տէր Աստուածդ եմ. Ու ինծմէ ուրիշ աստուած չգիտնաս, Քանզի ինծմէ ուրիշ Փրկիչ մը չկայ։ 5Ես քեզ անապատի մէջ՝ Խիստ անջուր երկրի մէջ ճանչցայ։ 6Անոնք իրենց արօտին համեմատ կըշտացան, Կշտացան ու անոնց սիրտը բարձրացաւ. Անոր համար զիս մոռցան։ 7Ուստի անոնց առիւծի պէս պիտի ըլլամ, Ճամբուն քով ընձու պէս դարանամուտ պիտի ըլլամ։ 8Իր ձագերը կորսնցուցած արջու պէս անոնց պիտի հանդիպիմ, Ու անոնց սրտին վարագոյրը պիտի պատառեմ, Եւ զանոնք հոն առիւծի պէս պիտի ուտեմ. Զանոնք դաշտի գազանը պիտի պատառէ։ 9Դուն քեզ կորսնցուցիր, ով Իսրայէլ, Բայց քու օգնութիւնդ ինծմէ է։ 10Հիմա ո՞ւր է քու թագաւորդ, Որպէս զի քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ քեզ ազատէ. Եւ ո՞ւր են այն դատաւորները, Որոնց համար ըսիր թէ Ինծի թագաւոր ու իշխաններ տուր։ 11Իմ բարկութիւնովս քեզի թագաւոր տուի, Ու իմ սրտմտութիւնովս առի։ 12Եփրեմի անօրէնութիւնը կապուած՝ Անոր մեղքը պահուած է։ 13Անոր վրայ ծննդական կնոջ ցաւերը պիտի հասնին. Անիկա իմաստուն տղայ չէ. Ապա թէ ոչ՝ արգանդին բերանը այնչափ ատեն չէր կենար։ 14Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ, Զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ. Քու ժանտախտդ ո՞ւր է, ով մահ. Քու աւերումդ ո՞ւր է, ով գերեզման. Իմ աչքերէս զղջումը պիտի ծածկուի։ 15Թէև անիկա եղբայրներուն մէջ պըտղաբեր ըլլայ, Արևելեան հովը պիտի գայ, Ու անապատէն Տէրոջը հովը պիտի ելլէ. Եւ անոր աղբիւրը պիտի ցամքի, Ու անոր աղբերակը պիտի չորնայ. Անիկա բոլոր ցանկալի ամաններուն գանձը պիտի կողոպտէ։ 16Սամարիա աւերակ պիտի ըլլայ, Քանզի իր Աստուծմէն ապստամբեցաւ. Անոնք սրով պիտի իյնան, Անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնուին, Ու յղի կիները պիտի ճեղքուին։