Ովսէէ մարգարեյի գիրք
14
Ովսէէի աղերսը Իսրայէլին
1Ով Իսրայէլ, քու Տէր Աստուծոյդ դարձիր, Քանզի քու անօրէնութեանդ պատճառաւ գլորեցար։ 2Ձեզի հետ խօսքեր առէք ու Տէրոջը դարձէք. Անոր ըսէք, Ամէն անօրէնութիւնը վերցուր Եւ մեզ բարութեամբ ընդունէ, Ու մեր շրթունքներուն զոհերը պիտի մատուցանենք։ 3Ասորեստանցին մեզ պիտի չփրկէ. Ձիերու վրայ պիտի չհեծնենք, Ու մէյմըն ալ մեր ձեռքերուն գործին՝ Մեր Աստուածն ես՝ պիտի չըսենք, Քանզի որբը քեզմէ ողորմութիւն կը գտնէ։
Տէրը նոր կեանք կը խոստանայ
4Անոնց ապստամբութիւնը պիտի բժշկեմ, Զանոնք ձրիապէս պիտի սիրեմ, Քանզի իմ բարկութիւնս անոնցմէ դարձաւ։ 5Իսրայէլի՝ ցօղի պէս պիտի ըլլամ, Անիկա շուշանի պէս պիտի ծաղկի, Եւ իր արմատները Լիբանանի եղևիններուն պէս պիտի արձակէ։ 6Անոր ոստերը պիտի տարածուին, Ու անոր վայելչութիւնը ձիթենիի պէս պիտի ըլլայ, Եւ անոր անուշահոտութիւնը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։ 7Անոր հովանիին տակ նստողները պիտի դառնան, Ցորենի պէս պիտի կենդանանան, Ու որթի պէս պիտի ծաղկին. Անոր յիշատակը Լիբանանի գինիին պէս պիտի ըլլայ։ 8Եփրեմ պիտի ըսէ, Կուռքերու հետ ալ ի՞նչ բան ունիմ։ Ես անոր խնդրուածքը լսեցի ու անոր խնամք տարի, Ես կանանչ մայր ծառի պէս եմ, Քու պտուղդ ինծմէ է։ 9Ո՞վ է իմաստուն՝ որ ասոնք հասկնայ, Կամ խոհեմ՝ որ ասոնք գիտնայ. Քանզի Տէրոջը ճամբաները շիտակ են, Ու արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն. Բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գլորին։