Ովսէէ մարգարեյի գիրք
2
Անհաւատարիմ գոմերը և անհաւատարիմ Իսրայէլը
1Ձեր եղբայրներուն Ամմի, Ու ձեր քոյրերուն Րուհամա ըսէք. 2Վիճեցէք ձեր մօրը հետ, վիճեցէք, Քանզի անիկա իմ կինս չէ, Ու ես անոր այրը չեմ. Եւ անիկա իր երեսէն իր պոռնկութիւնները՝ Ու իր ծիծերուն մէջէն իր շնութիւնները թող վերցնէ. 3Որ չըլլայ թէ զանիկա մերկացնեմ, Ու զանիկա իր ծննդեան օրուանը պէս թողում, Եւ զանիկա անապատի դարձնեմ, Ու զանիկա անջուր երկրի պէս ընեմ, Եւ զանիկա ծարաւով մեռցնեմ։ 4Ու անոր որդիներուն ողորմութիւն պիտի չընեմ, Քանզի անոնք պոռնկութեան որդիներ են։ 5Քանզի անոնց մայրը պոռնկութիւն ըրաւ. Զանոնք յղացողը խայտառակութիւն գործեց, Վասն զի ըսաւ, Իմ հոմանիներուս ետևէն երթամ, Որոնք իմ հացս ու ջուրս, բուրդս ու քթանս, Իւղս ու խմելիքներս ինծի կու տան։ 6Անոր համար ահա ես փուշերով ցանգ պիտի քաշեմ անոր ճամբուն*, Ու անոր բոլորտիքը պատ պիտի շինեմ, Որպէս զի իր ճամբաները չկրնայ գտնել: 7Եւ անիկա իր հոմանիներուն ետևէն պիտի երթայ, բայց անոնց պիտի չհասնի, Ու զանոնք պիտի փնտռէ, բայց պիտի չկրնայ գտնել. Այն ատեն պիտի ըսէ, Երթամ իմ առաջուան էրկանս դառնամ, Քանզի այն ատեն հիմակուընէ աղէկ վիճակի մէջ էի: 8Եւ անիկա չգիտցաւ որ ցորենը ու գինին ու իւղը ես անոր կու տայի, Եւ անոր արծաթը ու ոսկին ես կը շատցնէի, Որոնցմով անոնք Բահաղի կուռքեր շինեցին։ 9Անոր համար պիտի դառնամ, ու իմ ցորենս իր եղանակին մէջ Ու իմ գինիս իր որոշ ժամանակին մէջ պիտի առնեմ, Եւ անոր մերկութիւնը ծածկող բուրդս ու քթանս ետ պիտի առնեմ։ 10Ու հիմա անոր հոմանիներուն առջև Անոր անզգամութիւնը պիտի յայտնեմ, Ու մարդ մը պիտի չըլլայ որ զանիկա իմ ձեռքէս ազատէ։ 11Եւ անոր բոլոր ուրախութիւնը, Անոր տօները, ամսագլուխները ու շաբաթները Եւ բոլոր հանդիսաւոր օրերը պիտի խափանեմ։ 12Ու պիտի աւրեմ անոր որթերը ու թզենիները, Որոնց համար կ’ըսէր թէ Ասոնք իմ հոմանիներուս ինծի տուած պարգևներն են, Եւ զանոնք անտառի պիտի դարձնեմ. Ու զանոնք դաշտի գազանները պիտի ուտեն։ 13Եւ զանիկա պիտի պատժեմ այն օրերուն համար՝ Որոնց մէջ անիկա Բահաղիմներուն խունկ կը ծխէր, Իր օղերովը ու մանեակներովը կը զարդարուէր, Եւ իր հոմանիներուն ետևէն կ’երթար, Ու զիս մոռցեր էր, կ’ըսէ Տէրը։
Տէրոջը սէրը իր ժողովուրդին
14Անոր համար ահա ես զանիկա պիտի համոզեմ, Եւ զանիկա անապատը պիտի տանիմ, Ու անոր սրտին պէս պիտի խօսիմ։ 15Եւ անկէ անոր այգիները Ու Աքովրի ձորը յոյսի դրան համար անոր պիտի տամ, Եւ հոն իր մանկութեան օրերուն պէս, Ու Եգիպտոսի երկրէն ելած օրուանը պէս երգեր պիտի երգէ: 16Ու պիտի ըլլայ որ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Զիս Իմ այրս պիտի կոչես, Ու մէյմըն ալ զիս Իմ Բահաղս պիտի չկոչես։ 17Ու անոր բերնէն Բահաղիմի անունները պիտի վերցնեմ, Ու անոնք մէյմըն ալ իրենց անուններովը պիտի չյիշուին։ 18Եւ անոնց համար այն օրը Դաշտի գազաններուն հետ ու երկինքի թռչուններուն հետ Ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ, Ու երկրէն աղեղը, սուրը ու պատերազմը պիտի կոտրեմ, Եւ զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ: 19Ու քեզ յաւիտեան ինծի պիտի նշանեմ, Եւ քեզ արդարութիւնով, իրաւունքով, Ողորմութիւնով ու գթութիւնով ինծի պիտի նշանեմ. 20Այո, քեզ ճշմարտութիւնով ինծի պիտի նշանեմ, Ու Տէրը պիտի ճանչնաս։ 21Եւ պիտի ըլլայ որ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, պատասխան պիտի տամ. Ես երկինքներուն պատասխան պիտի տամ, Ու անոնք երկրի պատասխան պիտի տան, 22Ու երկիր ցորենին, գինիին ու իւղին պատասխան պիտի տայ, Եւ անոնք Յեզրայէլի պատասխան պիտի տան: 23Ու զանիկա ինծի համար երկրի վրայ պիտի սերմանեմ, Ու չողորմեալին պիտ ողորմիմ, Եւ իմ ժողովուրդս չեղողին՝ Դուն իմ ժողովուրդս ես՝ պիտի ըսեմ. Ան ալ ինծի՝ Իմ Աստուածս ես՝ պիտի ըսէ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981