Ովսէէ մարգարեյի գիրք

4

Տէրը Իսրայէլը կ’ամµասատանէ

1Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, ով Իսրայէլի որդիներ, Քանզի Տէրը երկրի բնակիչներուն հետ վէճ ունի, Քանզի երկրի վրայ ճշմարտութիւն չկայ ու ողորմութիւն չկայ Ու Աստուծոյ գիտութիւնը չկայ։ 2Երդումը, ստախօսութիւնը, մարդասպանութիւնը, Գողութիւնը ու շնութիւնը շատցեր են, Ու արիւնները արիւններու կը հասնին։ 3Անոր համար երկիրը սուգ պիտի բռնէ, Ու անոր բոլոր բնակիչները Դաշտի գազաններուն ու երկինքի թÁռչուններուն հետ պիտի նուաղին, Ու ծովու ձուկերն ալ պիտի սպառին։

Տէրը քահանաները կ’ամբաստանէ

4Սակայն մարդ մը թող չվիճի, ու մարդ մը թող չյանդիմանէ, Քանզի քու ժողովուրդդ քահանային հետ վիճողներու պէս է։ 5Ուստի դուն ցորեկով պիտի գլորիս, Ու մարգարէն ալ քեզի հետ գիշերով պիտի գլորի. Եւ քու մայրդ բնաջինջ պիտի ընեմ։ 6Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ. Որովհետև դուն գիտութիւնը մերժեցիր, Ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէս զի մէյմըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս. Եւ որովհետև քու Աստուծոյդ օրէնքը մոռցար, Ես ալ քու որդիներդ պիտի մոռնամ։ 7Անոնք որչափ որ բազմացան, Այնչափ ալ ինծի դէմ գործեցին. Ուստի անոնց փառքը անարգութեան պիտի փոխեմ։ 8Անոնք իմ ժողովուրդիս մեղքը կ’ուտեն, Եւ իրենց սիրտերը անոնց անօրէնութեանը կու տան*։ 9Ուրեմն ինչպէս ժողովուրդին՝ նոյնպէս ալ քահանային պիտի ըլլայ. Եւ զանոնք իրենց ճամբաներուն համեմատ պիտի պատժեմ, Ու անոնց իրենց գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանեմ։ 10Եւ պիտի ուտեն, բայց պիտի չկշտանան. Պոռնկութիւն պիտի ընեն, բայց պիտի չշատնան. Քանզի Տէրոջը ուշադրութիւն ընելը թողուցին։

Տէրը կռապաշտութիւնը կը դատապարտէ

11Շնութիւնը, գինին ու քաղցուն Սիրտը կը խաբեն։ 12Իմ ժողովուրդս իր փայտին կը հարցնէ, Ու իր ցուպը իրեն կ’իմացնէ. Քանզի պոռնկութեան ոգին զանոնք գլխէ հանեց, Ու իրենց Աստուածը թողելով՝ պոռնկեցան։ 13Լեռներուն գլուխները կը մատուցանեն, Ու բլուրներուն վրայ կաղնիի, կաղամախի ու բևեկնիի տակ, Անոնց հովանիին հաճելի ըլլալուն համար, կը ծխեն. Անոր համար ձեր աղջիկները պոռնկութիւն պիտի ընեն, Ու ձեր հարսերը շնութիւն պիտի ընեն: 14Ձեր աղջիկները պիտի չպատժեմ երբ պոռնկութիւն ընեն, Ոչ ալ ձեր հարսերը՝ երբ շնութիւն ընեն. Քանզի հայրերը իրենք պոռնիկներուն հետ կը զատուին, Ու բոզերուն հետ կը զոհեն. Ուստի անհանճար ժողովուրդը պիտի կործանի։ 15Թէև դուն պոռնկութիւն կ’ընես, ով , Յուդա թող յանցաւոր չըլլայ. Ու Գաղգաղա մի մտնէք, ու Բեթաւան մի ելլէք, Եւ Տէրը կենդանի է ըսելով ՝ մի ընէք։ 16Քանզի Իսրայէլ կամակոր երինջի պէս ապստամբեր է. Հիմա Տէրը լայնարձակ տեղ մը գառներու պէս պիտի արածէ զանոնք։ 17Եփրեմ կուռքերուն յարեր է. Զանիկա թող տուր։ 18Անոնց խնճոյքը ապականած է. Շատ պոռնկութիւն ըրին. Տուէք ըսելը կը սիրեն, Ամօ՜թ անոնց իշխաններուն։ 19Հովը զանիկա իր թևերուն վրայ պիտի կապէ, Ու անոնք իրենց զոհերէն պիտի ամչնան։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981