Ովսէէ մարգարեյի գիրք

5

1Լսեցէք ասիկա, ով քահանաներ, Ու մտիկ ըրէք, ով Իսրայէլի տունը, Ու ականջ տուէք, ով թագաւորին տունը, Վասն զի ձեզի համար կայ, Քանզի դուք Մասփայի մէջ որոգայթ, Եւ Թաբօրի վրայ տարածուած վարմ եղաք։ 2Մոլորածները սպանութիւն ընելով մեղքի մէջ խորասոյզ եղան, Թէև ես անոնց ամէնուն խրատ կու տայի*։ 3Ես Եփրեմը կը ճանչնամ, Ու ինծմէ պահուած չէ. Այո, հիմա, ով Եփրեմ, դուն շնութիւն կ’ընես, Ու Իսրայէլ պղծուած է։

Ովսէէ կռապաշտութենէ կը զգուշացնէ

4Անոնք իրենց գործերը չեն շիտկեր, Որ իրենց Աստուծոյն դառնան. Քանզի անոնց մէջ պոռնկութեան կայ, Ու Տէրը չեն ճանչնար։ 5Ուստի Իսրայէլի հպարտութիւնը իր երեսին առջև պիտի խոնարհի*, Եւ Իսրայէլ ու Եփրեմ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի գլորին. Յուդա ալ անոնց հետ պիտի գլորի։ 6Անոնք իրենց ոչխարներովը ու արջառներովը Տէրը փնտռելու պիտի երթան, բայց պիտի չգտնեն. Անիկա անոնցմէ քաշուեցաւ: 7Անոնք Տէրոջը անհաւատարմութիւն ըրին, Քանզի օտար տղաքներ ծնան. Հիմա իրենց վիճակներովը մէկտեղ Մէկ ամսուան մէջ պիտի սպառին*։

Պատերազմ Յուդայի և Իսրայէլի միջև

8Գաբաայի մէջ շեփոր հնչեցուցէք, Եւ Ռամայի մէջ աւագափող. Բեթաւանի մէջ բարձրաձայն կանչեցէք, Քու ետևէդ, ով Բենիամին։ 9Յանդիմանութեան օրը Եփրեմ ամայի պիտի ըլլայ. Իսրայէլի ցեղերուն մէջ ճշմարիտը գիտցուցի։ 10Յուդայի իշխանները սահմաններ փոխողներու պէս եղան. Անոնց վրայ ջուրի պէս պիտի թափեմ իմ բարկութիւնս։ 11Եփրեմ հարստահարուած ու դատաստանով կոտրուած է, Քանզի յօժար կամքով հրամանին ետևէն քալեց։ 12Ուստի ես Եփրեմի ցեցի պէս, Եւ Յուդայի տանը փայտի որդի պէս պիտի ըլլամ։ 13Երբ Եփրեմ իր ախտը և Յուդա իր վէրքը տեսաւ, Եփրեմ գնաց, Ու Յարէբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց. Բայց անիկա ձեզ բժշկելու ու ձեր վէրքը առողջացնելու կարող չէ։ 14Քանզի ես Եփրեմի առիւծի պէս, Եւ Յուդայի տանը առոյգ առիւծի պէս պիտի ըլլամ. Ես, ես պիտի պատառեմ ու պիտի երթամ. Պիտի տանիմ, ու ազատող մը պիտի չըլլայ։ 15Ես պիտի երթամ ու իմ տեղս դառնամ, Մինչև անոնք իրենց յանցաւոր ըլլալը խոստովանին, ու իմ երեսս փնտռեն. Երբ նեղութեան մէջ մտնեն, զիս կանուխ պիտի փնտռեն։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)