Ովսէէ մարգարեյի գիրք

6

Ժողովուրդին կեղծ զղջումը

1Եկէք, ու Տէրոջը դառնանք, Քանզի անիկա պատառեց, ու անիկա մեզ պիտի բժշկէ. Անիկա զարկաւ, ու անիկա մեզ պիտի պատէ. 2Երկու օրէն ետքը մեզ պիտի կենդանացնէ. Երրորդ օրը մեզ պիտի կանգնեցնէ, Ու անոր առջև պիտի ապրինք։ 3Եւ Տէրը պիտի ճանչնանք, ու զանիկա ճանչնալու ետևէ պիտի ըլլանք. Անոր ելքը արշալոյսի պէս պատրաստուած է, Ու անիկա մեզի պիտի գայ անձրևի պէս, Երկիրը թրջող վերջին անձրևին պէս։ 4Քեզի ի՞նչ ընեմ, ով Եփրեմ, Քեզի ի՞նչ ընեմ, ով Յուդա, Վասն զի ձեր բարութիւնը առաւօտեան ամպին պէս Ու կանուխ իջած ցօղին պէս է՝ որ կ’անցնի։ 5Ասոր համար մարգարէներուն ձեռքով զանոնք կոտրեցի, Բերնիս խօսքերովը զանոնք մեռցուցի, Ու քու դատաստաններդ* լոյսի պէս պիտի ելլեն։ 6Քանզի ես ողորմութիւն կ’ուզեմ և ոչ թէ , Ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը։ 7Իսկ անոնք Ադամի պէս ուխտազանց եղան. Հոն ինծի անհաւատարմութիւն ըրին։ 8Գաղաադ անօրէնութիւն ընողներու է, Արեան շաւիղներով լեցուն է։ 9Ու ինչպէս աւազակներու գունդերը Մարդու համար դարանամուտ կ’ըլլան, Այնպէս քահանաներուն խումբը Սիւքէմի ճամբուն մէջ սպանութիւն կ’ընեն, Քանզի անոնք եղեռնագործութիւն կ’ընեն։ 10Իսրայէլի տանը մէջ սոսկալի բան տեսայ. Եփրեմի պոռնկութիւնները հոն են, պղծուեցաւ։ 11Քեզի ալ հունձք մը պատրաստուած է, ով Յուդա, Երբ իմ ժողովուրդիս գերութիւնը դարձնեմ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)