Ովսէէ մարգարեյի գիրք

7

1Երբ Իսրայէլը պիտի բժշկէի, Եփրեմի անօրէնութիւնը Ու Սամարիայի չարութիւնները յայտնուեցան. Քանզի անոնք ստութիւն կը գործեն. Ու գողը ներս կը մտնէ, Ու դուրսը աւազակներուն գունդը կը մերկացնէ։ 2Եւ իրենց սրտին մէջ չեն մտածեր, Թէ ես անոնց բոլոր չարութիւնը կը յիշեմ. Հիմա անոնց գործերը զիրենք պաշարեցին, Անոնք իմ երեսիս առջև են։

Պալատին մէջ դաւադրութիւն

3Իրենց չարութիւնովը թագաւորը, Ու իրենց ստութիւններովը իշխանները կ’ուրախացնեն։ 4Անոնց ամէնը շնացողներ են՝ եփողէն վառուած թոնիրի պէս, Որ զանգուածը շաղելէն ետքը՝ Մինչև անոր խմորիլը վառելէն կը դադարի։ 5Մեր թագաւորին օրը Իշխանները գինիին տաքութենէն հիւանդացան. Անիկա իր ձեռքը ծաղր ընողներուն երկնցուց։ 6Քանզի անոնք դարանամուտ ըլլալով, Իրենց սիրտը թոնիրի պէս պատրաստեցին. Անոնց եփողը բոլոր գիշերը կը քնանայ, Առտուանց անիկա բոցավառ կրակի պէս կը վառի։ 7Ամէնը թոնիրի պէս տաքցան, Ու իրենց դատաւորները կերան. Անոնց բոլոր թագաւորները ինկան. Անոնց մէջ ինծի կանչող մը չկայ։

Իսրայէլ և ժողովուրդները

8Եփրեմ ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ. Եփրեմ չդարձուած շօթի պէս է։ 9Անոր զօրութիւնը օտարները կերան, ու ինք չգիտեր, Մազերուն մէջ անգամ ճերմակ ինկաւ, ու ինք չգիտեր։ 10Եւ Իսրայէլի հպարտութիւնը իր երեսին առջև խոնարհած է. Այսու ամենայնիւ անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն չեն դառնար, Ու զանիկա չեն փնտռեր։ 11Ու Եփրեմ միամիտ ու անխելք աղաւնիի պէս եղաւ. Եգիպտացիները կը կանչեն, կ’երթան։ 12Երբ անոնք երթան, անոնց վրայ իմ վարմս պիտի տարածեմ, Որպէս զի զանոնք երկինքի թռչունի պէս իջեցնեմ, Ու զանոնք պատժեմ, ինչպէս անոնց ժողովքը լսեր է. 13Վա՜յ անոնց, քանզի ինծմէ փախան. Կորուստը անոնց պիտի հասնի, քանզի ինծի դէմ յանցաւոր եղան. Ու թէև զանոնք ես փրկեցի, Բայց անոնք ինծի դէմ ստութիւններ կը խօսին։ 14Ու երբ անոնք իրենց անկողիններուն վրայ կ’ողբային, Իրենց սրտովը ինծի չաղաղակեցին. Անոնք ցորենի ու գինիի համար կը ժողվուին Ու ինծմէ կ’ապստամբին։ 15Եւ թէպէտ զանոնք խրատեցի Ու անոնց բազուկները զօրացուցի, Սակայն զայս ինծի չարութիւն սեպեցին*, 16Անոնք կը դառնան, բայց Բարձրեալին չէ. Անոնք խաբեբայ աղեղի պէս են, Անոնց իշխանները իրենց լեզուին կատաղութեանը համար սրով պիտի իյնան. Ասիկա պիտի ըլլայ անոնց նախատինքը Եգիպտոսի երկրին մէջ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981