Ովսէէ մարգարեյի գիրք
8
Տէրը Իսրայէլ կռապաշտութեան համար կը յանդիմանէ
1Փողը բերանդ դիր. Թշնամին Տէրոջը տանը վրայ արծիւի պէս պիտի գայ, Քանզի իմ ուխտս զանց ըրին, Ու իմ օրէնքիս դէմ յանցաւոր եղան 2Իսրայէլ ինծի կ’աղաղակէ ու կ’ըսէ Ով իմ Աստուածս, մենք քեզ կը ճանչնանք։ 3Իսրայէլ բարին մերժեց, Զանիկա թշնամին պիտի հալածէ։ 4Անոնք թագաւորներ դրին, բայց ինծմով չէ. Իշխաններ ընտրեցին, բայց ես չգիտցայ. Իրենց արծաթովը ու ոսկիովը իրենց կուռքեր շինեցին, Որպէս զի բնաջինջ ըլլան։ 5Քու որթդ, ով Սամարիա, մերժուեցաւ. Իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքեցաւ. Մինչև ե՞րբ անմեղութիւնը ձեռք պիտի չբերեն։ 6Քանզի ասիկա ալ Իսրայէլէ է. Զանիկա արուեստաւորը շինեց, ուրեմն Աստուած չէ. Հապա կտոր կտոր պիտի ըլլայ Սամարիայի որթը։ 7Քանզի հով ցանեցին ու մրրիկ պիտի հնձեն. Անիկա հասուն ցորեն պիտի չբերէ, Ու անոր արդիւնքէն ալիւր պիտի չըլլայ, Եւ եթէ ըլլայ ալ՝ օտարները պիտի կլլեն զանիկա։ 8Իսրայէլ կլլուեցաւ, Հիմա ազգերուն մէջ անպիտան ամանի պէս պիտի ըլլան։ 9Քանզի անոնք առանձնակեաց վայրենի իշու պէս Ասորեստան գացին. Եփրեմ վարձքով սիրականներ բռնեց։ 10Թէև ազգերէն օգնականներ վարձքով բռնեն ալ, հիմա զանոնք պիտի ժողվեմ. Ու իշխաններուն թագաւորին բեռէն քիչ մը նեղութիւն պիտի կրեն*։ 11Քանզի Եփրեմ շատ սեղաններ շինեց մեղքի համար, Այն սեղանները իրեն մեղքի համար եղան։ 12Իմ օրէնքիս մեծ բաները անոր գրեցի, Սակայն օտար բանի պէս սեպուեցան։ 13Իմ ընծաներուս զոհերուն համար Անոնք միս կը զոհեն ու կ’ուտեն, Բայց Տէրը անոնց չհաւնիր. Հիմա անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ, Եւ անոնց մեղքերուն այցելութիւն պիտի ընէ. Անոնք Եգիպտոս պիտի դառնան։ 14Քանզի Իսրայէլ իր Ստեղծողը մոռցաւ, ու մեհեաններ շինեց, Եւ Յուդա պարսպաւոր քաղաքներ շատցուց. Բայց ես անոր քաղաքները կրակ պիտի ղրկեմ, Ու անոր պալատները պիտի ուտէ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981