Ովսէէ մարգարեյի գիրք

9

Ովսէէ Իսրայէլի պատիժը կ’իմացնէ

1Ժողովուրդներուն պէս ցնծութեամբ մի ուրախանար, ով , Քանզի քու Աստուծմէդ հեռանալով պոռնկութիւն ըրիր, Ամէն ցորենի կալերուն վրայ պոռնկութեան վարձք սիրեցիր։ 2Կալը ու հնձանը զանոնք պիտի չկերակրեն, Եւ քաղցուն հոն պիտի աւրուի։ 3Անոնք Տէրոջը երկրին մէջ պիտի չբնակին, Հապա Եփրեմ պիտի դառնայ, Ու Ասորեստանի մէջ պիղծ բաներ պիտի ուտեն։ 4Տէրոջը գինիի նուէր պիտի չմատուցանեն, Եւ անոր ընդունելի պիտի չըլլան. Անոնց զոհերը սգաւորներու հացին պէս պիտի ըլլան իրենց, Զանիկա ամէն ուտողները պիտի պղծուին. Քանզի անոնց հացը իրենց անձերուն համար է, Տէրոջը տունը պիտի չմտնէ։ 5Ի՞նչ պիտի ընէք տօնի օրը, Ու Տէրոջը տօնախմբութեան օրը։ 6Քանզի ահա կործանումէն փախչելով կ’երթան. Եգիպտոս զանոնք պիտի ժողվէ, Մեմփիս զանոնք պիտի թաղէ. Անոնց արծաթին գնովը առնուած ցանկալի տեղերը Եղինճը պիտի ժառանգէ, Անոնց վրաններուն մէջ փուշեր պիտի բուսնին։ 7Այցելութեան օրերը հասան, Հատուցման օրերը հասան, Իսրայէլ պիտի գիտնայ. Քու անօրէնութեանդ շատութեանը համար, Եւ քու մեծ հակառակութեանդ համար, Մարգարէն անմիտ ու հոգևոր մարդը խենդ եղաւ։ 8Եփրեմ իմ Աստուծոյս կը դիտէ, Մարգարէն իր ամէն ճամբաներուն մէջ որոգայթ կը լարէ, Ու իր Աստուծոյն տանը մէջ հակառակութեան պատճառ է։ 9Գաբաայի օրերուն պէս խիստ շատ ապականեցան. Անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ, Ու անոնց մեղքերուն այցելութիւն պիտի ընէ։

Իսրայէլի մեղքը և անոր հետևանքը

10Իսրայէլը անապատի մէջ եղող խաղողի պէս գտայ, Ձեր հայրերը թզենիին առաջին կանխահաս պտուղին պէս տեսայ. Սակայն անոնք Բելփեգովր մտան, Ու իրենց անձը ամօթալից գործերու համար զատեցին, Եւ իրենց սիրած բանին պէս իրենք ալ պիղծ եղան։ 11Եփրեմի փառքը Ծնունդէն և արգանդէն ու յղութենէն՝ Թռչունի պէս պիտի թռչի։ 12Թէև իրենց տղաքները մեծցնեն, Զանոնք մարդէ զուրկ պիտի թողում. Նաև վա՜յ անոնց երբ անոնցմէ քաշուիմ: 13Եփրեմ ալ, ինչպէս Տիւրոսը տեսայ, զուարճալի տեղ մը տնկուած էր. Բայց Եփրեմ իր տղաքները՝ մեռցնողին պիտի հանէ: 14Տուր անոնց, ով Տէր. ի՞նչ պիտի տաս. Անոնց վիժող արգանդ ու չոր ստինքներ տուր։

Աստուծոյ դատաստանը Իսրայէլին

15Անոնց բոլոր չարութիւնը Գաղգաղայի մէջ է, Քանզի հոն անոնցմէ զզուեցայ. Անոնց չար գործերուն պատճառաւ Զանոնք իմ տունէս պիտի վռնտեմ, Զանոնք մէյմըն ալ պիտի չսիրեմ. Անոնց բոլոր իշխանները ապստամբներ են. 16Եփրեմ զարնուեցաւ, Անոնց արմատը չորցաւ, պիտի չտան. Եթէ անոնք ծնանին ալ, Անոնց արգանդին ցանկալի պտուղներն ալ պիտի մեռցնեմ:

Մարգարէն Իսրայէլի մասին կը խօսի

17Իմ Աստուածս զանոնք պիտի մերժէ, Քանզի անոր մտիկ չըրին. Ու ազգերու մէջ թափառական պիտի ըլլան։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)