Եսայիա մարգարեյի գիրք

1

1Ամովսի որդւոյն Եսայիի տեսիլքը զոր Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ տեսաւ` Յուդայի թագաւորներուն Ոզիայի, Յովաթամի, Աքազի ու Եզեկիայի օրերը:

Աստուած իր ժողովուրդը կը յանդիմանէ

2Լսէ, ով երկինք, և ականջ դիր, ով , Վասն զի Տէրը կը խօսի. Զաւակներ մեծցուցի ու բարձրացուցի, Եւ անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան: 3Եզը իր տէրը կը ճանչնայ, Ու էշը իր տէրոջ մսուրը, Բայց զիս չճանչնար, Իմ ժողովուրդս չիմանար: 4Վա՜յ մեղաւոր ազգին, Անօրէնութիւնով ծանրացած , Չարագործներու սերունդ, ապականիչ զաւակներ. Անոնք Տէրը թողուցին, Իսրայէլի Սուրբը անարգեցին Ու ետ քաշուեցան: 5Ո՞ր մասերնուդ վրայ կրնաք զարնուիլ, Երբ ալ աւելի ապստամբիք: Բոլոր գլուխը հիւանդ, Եւ բոլոր սիրտը մարած է: 6Ոտքին թաթէն մինչև գլուխը Բնաւ անոր վրայ ողջ տեղ չմնաց. Հարուածներ, վէրքեր ու շարաւալից խոցեր կան. Անոնք չգոցուեցան, չկապուեցան Ու իւղով ալ չկակղացան: 7Ձեր երկիրը աւերակ դարձեր է, Եւ ձեր քաղաքները կրակով այրուած են. Ձեր արտերը աչքերնուդ առջև օտարները կ’ուտեն, Ու անոնք օտարներուն ըրած աւերակներուն պէս խոպանացած են: 8Եւ Սիօնի աղջիկը այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս, Վարունգի արտի մէջ եղած հիւղի պէս, Պաշարուած քաղաքի պէս թողուած մնացեր է: 9Եթէ զօրաց Տէրը մեզի քիչ մը մնացորդ թողուցած չըլլար, Մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք, Ու Գոմորի պիտի նմանէինք: 10Լսեցէք Տէրոջը խօսքը, ով Սոդոմի իշխաններ, Ականջ դրէք մեր Աստուծոյն օրէնքին, ով Գոմորի ժողովուրդ. 11Ի՞նչ պէտք է ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը, կ’ըսէ Տէրը. Ձեր խոյերուն ողջակէզներէն Ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ, Եւ զուարակներուն ու գառներուն Եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ախորժիր: 12Երբ կու գաք իմ առջևս երևնալու, Ո՞վ պահանջեց ձեզմէ, որ այսպէս իմ սրահներս կոխէք: 13Ալ ինծի ունայն ընծաներ մի բերէք. Ձեր խունկը ինծի պիղծ է. Ամսագլուխներուն ու շաբաթներուն Եւ ժողովներու գումարուելուն չեմ կրնար տանիլ. Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է: 14Ձեր ամսագլուխներէն ու տօներէն կը զզուի իմ հոգիս. Անոնք իմ վրաս ծանր բեռ եղան, Վերցնելէ յոգնեցայ: 15Ուստի երբ ձեռքերնիդ կը տարածէք, Աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ. Նաև երբ աղօթքնիդ կը շատցնէք, պիտի չլսեմ. Վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են: 16Լուացուեցէք, մաքրուեցէք, Իմ աչքերուս առջևէն ձեր չար գործերը մէկդի ըրէք, Չարութիւն գործելէ դադարեցէք. 17Բարութիւն ընել սորվեցէք, Իրաւունքը փնտռեցէք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէք, Որբին դատաստանը տեսէք ու որբևարիին դատը պաշտպանեցէք: 18Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ’ըսէ Տէրը. Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, Ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան, Եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, Ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան: 19Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք, Երկրին բարիքը պիտի ուտէք. 20Բայց եթէ զիս մերժելով ապստամբիք, Սուրը պիտի ուտէ ձեզ, Վասն զի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ ասիկա:

Մեղաւոր քաղաքը

21Ի՜նչպէս պոռնկեցաւ այդ հաւատարիմ քաղաքը. Անիկա իրաւունքով լեցուն էր, Ու անոր մէջ արդարութիւն կը բնակէր. Բայց հիմա մարդասպաններու բնակարան է: 22Քու արծաթդ կղկղանք դարձաւ, Գինիիդ մէջ խառնուած է: 23Քու իշխաններդ ապստամբ ու գողերու ընկեր եղան. Ամէնն ալ կաշառք սիրելով` պարգևներ կը փնտռեն. Անոնք որբին դատաստանը չեն տեսներ, Եւ որբևարիին դատը անոնց առջև չգար: 24Անոր համար զօրաց Եհովա Տէրը, Իսրայէլի Հզօրը, այսպէս կ’ըսէ. Աւա՜ղ, իմ հակառակորդներուս հատուցում պիտի ընեմ, Ու թշնամիներէս վրէժ պիտի առնեմ: 25Եւ իմ ձեռքս քու վրադ պիտի դարձնեմ, Եւ քու կղկղանքդ իբր թէ բորակով պիտի մաքրեմ, Ու բոլոր անագդ մէկդի պիտի զատեմ: 26Եւ քու դատաւորներդ առաջուան պէս, Ու խորհրդականներդ սկիզբէն եղածին պէս նորէն պիտի հաստատեմ. Անկէ ետքը դուն պիտի կոչուիս Արդարութեան և հաւատարիմ աւան: 27Սիօնը դատաստանով պիտի փրկուի, Եւ հոն դարձողները` արդարութեամբ: 28Բայց անօրէնները ու մեղաւորները մէկտեղ պիտի ջարդուին, Եւ անոնք որ Տէրը կը թողուն, բնաջինջ պիտի ըլլան: 29Քանզի ձեր ցանկացած բևեկնիներէն պիտի ամչնան, Եւ այն ձեր ընտրած պարտէզներուն համար ամօթով պիտի մնաք: 30Վասն զի տերևները թոռմած բևեկնիի պէս, Եւ ջուր չունեցող պարտէզի պէս պիտի ըլլաք: 31Ու զօրութիւն ունեցողը խծուծի պէս, Եւ անոր գործը կայծի նման պիտի ըլլայ, Ու երկուքն ալ մէկէն պիտի այրին, Եւ մարող պիտի չգտնուի:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)