Եսայիա մարգարեյի գիրք
10
1Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութեան կանոններ կը սահմանեն, Եւ այն դպիրներուն, որոնք անիրաւութիւն կը գրեն, 2Որպէս զի աղքատներուն դատաստանը խոտորեն, Ու իմ ժողովուրդիս տնանկներուն իրաւունքը յափշտակեն. Որպէս զի որբևարիները իրենց աւար ըլլան, Ու որբերը կողոպտեն: 3Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէք այցելութեան օրը, Եւ հեռուանց գալու կործանման ատենը. Օգնութեան համար որո՞ւ պիտի դիմէք, Ու ձեր փառքը ո՞ւր պիտի թողուք: 4Առանց ինծի գերիներուն մէջ պիտի ծռին, Ու սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան: Այսու ամենայնիւ անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկընցած է:
Ասորեստանի թագաւորը Աստուծոյ գործիք
5Վա՜յ Ասորեստանի թագաւորին, որ իմ բարկութեանս գաւազանը եղաւ. Որուն ձեռքի ցուպը իմ սրտմտութիւնս է: 6Զանիկա կեղծաւոր ազգի մը վրայ պիտի ղրկեմ, Ու իմ սրդողած ժողովուրդիս դէմ հրաման պիտի տամ անոր, Որ աւար ժողվէ ու յափշտակութիւն ընէ, Եւ զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխկռտէ: 7Բայց անիկա այնպէս չմտածեր, Ու սրտովը այնպէս չխորհիր. Հապա իր միտքը դրեր է որ կորսնցնէ, Եւ շատ ազգեր բնաջինջ ընէ: 8Վասն զի կ’ըսէ, Միթէ իմ իշխաններս ամէնն ալ թագաւորներ չե՞ն. 9Քաղանէ Քարքամիսի պէս չէ՞. Եմաթ Արփաթի պէս չէ՞. Սամարիա Դամասկոսի պէս չէ՞: 10Ինչպէս իմ ձեռքս տիրեց կռապաշտ թագաւորութիւններուն*, Որոնց կուռքերը Երուսաղէմի ու Սամարիայի կուռքերէն շատ էին: 11Միթէ Սամարիայի ու անոր կուռքերուն ըրածին պէս, Երուսաղէմի ու անոր կուռքերուն ալ այնպէս պիտի չընե՞մ: 12Ու երբ Տէրը Սիօն լեռանը վրայ Ու Երուսաղէմի մէջ իր ամէն գործը կատարէ, Ասորեստանի թագաւորին հպարտացած սրտին պտուղը, Եւ անոր ամբարտաւան աչքերուն փառքը պիտի քննեմ: 13Քանզի անիկա կ’ըսէ, Ես իմ ձեռքիս ուժովը Ու իմ իմաստութիւնովս ըրի ասիկա, Որովհետև ես խելացի եմ. Եւ ազգերուն սահմանները վերցուցի, Ու անոնց գանձերը յափշտակեցի, Եւ զօրաւորի պէս բնակիչները նուաճեցի: 14Ու իմ ձեռքս ժողովուրդներուն ստացուածքը բոյնի պէս գտաւ. Եւ բոլոր երկիրը ժողվեցի, Ինչպէս մէկը կը ժողվէ թողուած հաւկիթները. Ու թև շարժող կամ բերան բացող Կամ ճիկ հանող մը չեղաւ: 15Միթէ տապարը իրմով կտրող մարդուն դէմ կը գոռոզանա՞յ. Կամ սղոցը զինք գործածողին դէմ կը հպարտանա՞յ. Ասիկա այնպէս է` որպէս թէ գաւազանը զինք վերցնողը շարժէր, Եւ ցուպը բարձրացնէր զայն որ փայտ չէ: 16Անոր համար Տէրը, Զօրաց Տէրը, Անոր գէր մարդոցը նիհարութիւն պիտի ղրկէ, Ու անոր փառքին տակ հրդեհ մը պիտի վառէ Բոցավառ հրդեհի պէս: 17Եւ Իսրայէլի Լոյսը կրակ, Ու անոր Սուրբը բոց պիտի ըլլայ. Եւ մէկ օրուան մէջ անոր փուշերը ու ցախերը Այրելով պիտի սպառէ. 18Եւ անոր անտառին ու բարեբեր ագարակին փառքը, Հոգին ու մարմինը, պիտի հատցնէ, Եւ մարող հիվանդի* պէս պիտի ըլլայ: 19Ու անոր անտառին մէջ մնացած ծառերը քիչ պիտի ըլլան, Այնպէս որ տղայ մը կարենայ զանոնք գրել:
Ոմանք ետ պիտի գան
20Եւ պիտի ըլլայ այն օրը, որ Իսրայէլի մնացորդը, Ու Յակոբի տանը ազատուածները, Մէյմըն ալ պիտի չապաւինին զիրենք զարնողին. Հապա ճշմարտութեամբ Տէրոջը, Իսրայէլի Սուրբին, պիտի ապաւինին: 21Մնացորդը, Յակոբի մնացորդը, Հզօր Աստուծոյն պիտի դառնայ: 22Վասն զի քու ժողովուրդդ, ով Իսրայէլ, թէև ծովու աւազին չափ ըլլայ, Անոնցմէ մնացորդ մը միայն պիտի դառնայ. Նախասահմանեալ աւերումը արդարութեամբ պիտի յարձակի: 23Քանզի զօրաց Եհովա Տէրը բոլոր երկրին մէջ Նախասահմանեալ աւերումը ի գործ պիտի դնէ:
Տէրը Ասորեստանցիները պիտի պատժէ
24Անոր համար զօրաց Եհովա Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ով Սիօնի մէջ բնակող ժողովուրդս, Ասորեստանցիէն մի վախնար. Անիկա քեզ գաւազանով պիտի զարնէ, Եւ իր ցուպը քու վրադ պիտի վերցնէ Եգիպտացւոց կերպովը*: 25Բայց շատ քիչ ժամանակի մէջ իմ բարկութիւնս պիտի դադարի, Ու իմ սրտմտութիւնս անոնց կորուստին պիտի դառնայ: 26Եւ զօրաց Տէրը անոր վրայ խարազան մը պիտի վերցնէ, Օրէբի վէմին քով Մադիամու հարուածին պէս. Ու իր գաւազանը ծովուն վրայ պիտի վերցնէ, Ինչպէս ըրաւ Եգիպտոսի մէջ: 27Եւ պիտի ըլլայ այն օրը որ անոր բեռը քու կռնակէդ Ու անոր լուծը քու պարանոցէդ պիտի վերնայ. Եւ լուծը գիրութեան պատճառաւ պիտի կոտրի:
Ասպատակողը կը յարձակի
28Անգէ քաղաքը եկաւ, Մագրոն անցաւ Ու իր կահ կարասիքը Մաքմասի մէջ տեղաւորեց: 29Անցքէն անցան, Գաբայի մէջ իջևան ըրին. Ռամա վախցաւ, Սաւուղի Գաբաան փախաւ: 30Ով Գաղղիմի աղջիկ, ձայնդ վերցուր, Լայիսի լսել տուր, ով խեղճ Անաթովթ: 31Մադմենա հեռացաւ, Գեբեմի բնակիչները փախան. 32Տակաւին այսօր Նոբի մէջ պիտի կենայ, Դէպ ի Սիօնի աղջկան լեռը, Երուսաղէմի բլուրը, Ձեռքը պիտի շարժէ: 33Ահա զօրաց Տէր Եհովա Ահաւոր զօրութեամբ գեղեցիկ ոստերը պիտի կտրէ. Եւ բարձրահասակները պիտի կտրուին, Ու բարձրերը պիտի ցածնան: 34Եւ անիկա անտառին խիտ ծառերը երկաթով պիտի կտրէ. Ու Լիբանան Հզօրին ձեռքով պիտի իյնայ.
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981