Եսայիա մարգարեյի գիրք

11

Խաղաղ թագաւորութիւնը

1Ու Յեսսէի բունէն շառաւիղ պիտի ելլէ, Եւ անոր արմատէն ընձիւղ պիտի բուսնի. 2Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, Գիտութեան և Աստուծոյ վախին Հոգին: 3Ու անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի. Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ, Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. 4Հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ, Ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ. Եւ իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէ, Ու իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ: 5Եւ իր մէջքի գօտին արդարութիւն, Ու իր երիկամունքներուն գօտին հաւատարմութիւն պիտի ըլլայ: 6Եւ գայլը գառին հետ պիտի բնակի, Ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի, Եւ որթը ու առոյգ առիւծը և պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին, Ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ: 7Եւ կովը արջին հետ պիտի ճարակի, Անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին, Եւ առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ, 8Ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ, Եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ: 9Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լեռանս վրայ. Քանզի Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն:

Աքսորուած ժողովուրդը պիտի վերադառնայ

10Եւ այն օրը Յեսսէի մէկ արմատը պիտի ըլլայ, Որ պիտի կայնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար. Զանիկա ազգերը պիտի փնտռեն, Ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ: 11Եւ այն օրը պիտի ըլլայ որ Տէրը նորէն իր ձեռքը պիտի երկնցնէ, Որպէս զի Ասորեստանէ, Եգիպտոսէ, Պաթուրէսէ, Եթէովպիայէ, Եղամէ, Սէնաարէ, Եմաթէ Ու ծովու կղզիներէն իրեն առնէ Իր ժողովուրդին մնացած մնացորդը. 12Եւ ազգերուն դրօշակ պիտի վերցնէ, Ու Իսրայէլի աքսորուածները պիտի ժողվէ. Ու երկրի չորս անկիւններէն Յուդայի ցրուածները պիտի ժողվէ: 13Ու Եփրեմի նախանձը պիտի վերնայ, Եւ Յուդայի մէջ եղող նեղիչները պիտի կորսուին. Եփրեմ պիտի չնախանձի Յուդայի, Ու Յուդա պիտի չնեղէ Եփրեմը. 14Հապա անոնք դէպ ի արևմուտք Փղշտացւոց ուսերուն վրայ պիտի թռչին, Ու մէկտեղ արևելքի բնակիչները պիտի կողոպտեն. Եդովմի և Մովաբի վրայ ձեռքերնին պիտի երկնցնեն, Ու Ամմոնի որդիները անոնց պիտի հնազանդին: 15Եւ Տէրը Եգիպտոսի ծովին լեզուն պիտի կործանէ. Եւ իր հովին սաստիկ զօրութիւնովը ձեռքը գետին վրայ պիտի երերցնէ, Ու զանիկա եօթը ձորի բաժնելով պիտի զարնէ, Այնպէս որ անոր վրայ կօշիկներով քալուի: 16Եւ իր ժողովուրդին մնացած մնացորդին համար Բանուկ ճամբայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէ, Ինչպէս եղաւ Իսրայէլի Այն օրը` որ Եգիպտոսի երկրէն ելան:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981