Եսայիա մարգարեյի գիրք
12
Շնորհակալութեան երգը
1Եւ այն օրը պիտի ըսես, Ով Տէր, քեզ պիտի օրհնեմ, Որ թէև ինծի բարկացած էիր, Սակայն բարկութիւնդ ինծմէ դարձաւ, Եւ զիս մխիթարեցիր: 2Ահա իմ փրկութիւնս Աստուած է, Ես պիտի յուսամ ու պիտի չվախնամ, Քանզի իմ զօրութիւնս ու օրհնութիւնս Տէր Եհովա է, Ու անիկա իմ փրկութիւնս եղաւ: 3Եւ ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք Փրկութեան աղբիւրներէն: 4Ու այն օրը պիտի ըսէք, Գոհացէք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէք, Անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէք, Յիշեցէք որ անոր անունը բարձր է: 5Տէրոջը սաղմոս ըսէք, Վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ. Ասիկա բոլոր երկրի մէջ գիտցուած է: 6Ով Սիօնի բնակիչներ, աղաղակեցէք ու ցնծացէք: Քանզի ձեր մէջ Իսրայէլի Սուրբը մեծ է: