Եսայիա մարգարեյի գիրք
13
Աստուած Բաբելոնը պիտի պատժէ
1Բաբելոնի պատգամը որ Ամովսի որդւոյն Եսայիի յայտնուեցաւ: 2Մերկ լեռանը վրայ դրօշակ տնկեցէք, Անոնց ձայն վերցուցէք, Ձեռքով նշան ըրէք, որպէս զի իշխաններուն դռները գան: 3Իմ որոշածներուս հրաման ըրի. Իմ զօրաւորներս, իմ փառքիս համար ուրախացողները, Իմ բարկութիւնս ի գործ դնելու կանչեցի: 4Լեռներուն վրայ բազմութեան ձայն մը կայ, Մեծ ժողովուրդի մը ձայնին պէս, Մէկտեղ ժողվուած ազգերուն թագաւորութիւններուն աղմուկին ձայնը կայ. Զօրաց Տէրը պատերազմի համար իր զօրքերը աչքէ կ’անցնէ: 5Հեռաւոր երկրէ, երկինքի ծայրէն, Տէրը ու անոր բարկութեանը գործիքները Բոլոր երկիրը աւրելու կու գան: 6Ողբացէք, վասն զի Տէրոջը օրը մօտ է. Անիկա Ամենակարողէն եկած աւերման պէս կու գայ: 7Անոր համար ամէն ձեռքերը պիտի թուլնան, Ու ամէն մարդուն սիրտը պիտի հալի: 8Եւ անոնք պիտի սոսկան. Նեղութիւն ու անձկութիւն պիտի տիրէ անոնց, Ծննդական կնոջ պէս ցաւ պիտի քաշեն. Ամէն մարդ իր ընկերին վրայ պիտի նայի ու ապշի, Անոնց երեսները բոցագոյն պիտի ըլլան: 9Ահա Տէրոջը օրը կու գայ Անգթութեամբ, սրտմտութեամբ և սաստիկ բարկութեամբ, Որպէս զի երկիրը աւերակ դարձնէ, Ու անոր մեղաւորները անկէ բնաջինջ ընէ: 10Վասն զի երկինքի աստղերը ու անոնց համաստեղութիւնները Իրենց լոյսը պիտի չտան. Արևը իր ելած ատենը պիտի խաւարի, Եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ: 11Ու ես պիտի պատժեմ աշխարհը իր չարութեանը համար, Եւ ամբարիշտները` իրենց անօրէնութեանը համար. Ու հպարտներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ, Եւ բռնաւորներուն գոռոզութիւնը պիտի ցածցնեմ: 12Մարդը զուտ ոսկիէն Ու Ոփիրի ոսկիէն պատուական պիտի ընեմ: 13Ուստի պիտի սարսեմ երկինքը, Ու երկիր իր տեղէն պիտի սասանի Զօրաց Տէրոջը սրտմտութիւնովը` Անոր սաստիկ բարկութեանը օրը: 14Եւ Բաբելոնի բնակիչները հալածուած այծեամի պէս պիտի ըլլան, Ու մոլորած ոչխարներու պէս` որ զանոնք ժողվող մը չկայ. Անոնց ամէն մէկը իր ժողովուրդին պիտի դառնայ, Եւ ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի: 15Ով որ գտնուի, պիտի խոցուի, Եւ ով որ բռնուի, սրով պիտի իյնայ: 16Եւ անոնց տղաքը աչքերնուն առջև գետինը պիտի զարնուին, Անոնց տուները պիտի կողոպտուին, Եւ անոնց կիները պիտի պղծուին: 17Ահա անոնց վրայ Մարաց ազգը պիտի յարուցանեմ, Որոնք արծաթը բանի տեղ չեն դներ, Ու ոսկիէն չեն ախորժիր: 18Անոնց աղեղները երիտասարդները պիտի խոցեն, Ու անոնք որովայնի պտուղին գթութիւն պիտի չընեն, Եւ անոնց աչքը պիտի չխնայէ տղաքներուն: 19Ու թագաւորութիւններուն փառքը Եւ Քաղդէացւոց փառաւորութեանը պարծանքը եղող Բաբելոն Տակնուվրայ պիտի ըլլայ, Ինչպէս Աստուած Սոդոմը ու Գոմորը կործանեց: 20Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ, Եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի. Ու հոն Արաբացիք վրան պիտի չկանգնեն, Եւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն. 21Հապա հոն վայրենի կատուներ* պիտի պառկին, Ու անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուին, Եւ հոն ջայլամներ պիտի բնակին, Ու հոն այծամարդներ պիտի կաքաւեն: 22Եւ անոր պալատներուն մէջ բորենիներ, Ու զբօսանաց տուներուն մէջ ճագարներ պիտի կանչուըռտեն. Եւ անոր ժամանակը հասնելու վրայ է, Ու անոր օրերը ա՛լ պիտի չերկննան: