Եսայիա մարգարեյի գիրք
14
Աքսորէն վերադարձը
1Վասն զի Տէրը պիտի ողորմի Յակոբի, Եւ Իսրայէլը նորէն պիտի ընտրէ, Ու զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի հանգստացնէ. Եւ օտարազգիներ պիտի միանան անոնց, Ու Յակոբի տանը պիտի յարին: 2Եւ ժողովուրդները զանոնք պիտի առնեն ու իրենց տեղը պիտի տանին. Ու Իսրայէլի տունը պիտի ժառանգէ զանոնք Տէրոջը երկրին վրայ, Իբրև ծառաներ ու աղախիններ. Եւ անոնք իրենց գերեվարները գերի պիտի առնեն, Ու իրենց բռնութիւն ընողներուն վրայ պիտի տիրեն:
Բաբելոնի թագաւորը մեռելներու աշխարհին մէջ
3Եւ պիտի ըլլայ որ երբ Տէրը քեզ հանգստացնէ քու աշխատանքէդ, տանջանքէդ ու քու վրադ դրուած ծանր ծառայութենէն, 4Բաբելոնի թագաւորին համար այս առակը զրուցես ու ըսես, Ի՜նչպէս դադարեցաւ բռնութիւն ընողը. Ի՜նչպէս դադարեցաւ հարկապահանջ քաղաքը: 5Տէրը ամբարիշտներուն գաւազանը Ու իշխողներուն ցուպը կոտրեց: 6Սրտմտութեամբ և անդադար հարուածով ազգերը զարնողը, Եւ բարկութեամբ ժողովուրդներուն վրայ իշխողը Հիմա կը հալածուի, ու արգիլող մը չկայ: 7Բոլոր երկիր հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ, Եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն: 8Նաև մայրերը ու Լիբանանի եղևինները Քեզի համար կ’ուրախանան ու կ’ըսեն, Քանի որ դուն պառկեր ես, Մեր վրայ փայտ կտրող չելաւ: 9Դժոխքը վարէն քեզի համար դղÁրդեցաւ, Որպէս զի քու գալուստդ դիմաւորէ. Քեզի համար արթնցուց մեռելները, Երկրի բոլոր իշխանները, Բոլոր ազգերուն թագաւորները Իրենց աթոռներէն վերցուց: 10Անոնք ամէնը պատասխան կու տան ու քեզի կ’ըսեն, Միթէ դո՞ւն ալ մեզի պէս տկարացար Ու մեզի նմանեցար: 11Քու փառքդ և տաւիղներուդ ձայնը գերեզմանը իջան. Քու տակդ զեռուններ տարածուեցան, Ու որդերը քեզ կը ծածկեն: 12Ով առտուանց ծագող Արուսեակ, Ի՜նչպէս երկինքէ ինկար Ու մինչև գետին կործանեցար. Դուն որ ազգերը նկուն կ’ընէիր: 13Դուն սրտիդ մէջ ըսած էիր Երկինք ելլեմ Ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր բարձրացնեմ. Եւ ժողովքի լեռը, հիւսիսի քովերը բնակիմ. 14Ամպերու բարձրութիւններուն վրայ ելլեմ, Բարձրելոյն նմանիմ: 15Բայց ահա դժոխքը կ’իջնես, գուբին խորունկ տեղերը. 16Քեզ տեսնողները քու վրադ պիտի զարմանան, Ու քեզի նայելով պիտի ըսեն, Աս այն մարդն է որ երկիրը կը սարսէր, Թագաւորութիւնները կը դողացնէր, 17Աշխարհս անապատ կը դարձնէր, Եւ անոր քաղաքները աւերակ կ’ընէր, Ու իր գերիները տուներնին չէր ղրկեր: 18Ազգերուն բոլոր թագաւորները Ամէն մէկը պատուով իր տանը մէջ կը պառկի: 19Բայց դուն գարշելի ընձիւղի մը պէս, Գուբի քարերուն մէջ իջնող Սրով խոցուած մեռելներուն հանդերձին պէս, Ոտքի տակ կոխուած դիակի պէս Քու գերեզմանէդ դուրս նետուեցար: 20Դուն թաղումով անոնց հետ չես միանար, Քանզի քու երկիրդ աւրեցիր Ու ժողովուրդդ սպաննեցիր. Չարերուն սերունդը յաւիտեան պիտի չյիշուի: 21Սպանութիւն պատրաստեցէք անոր տղոցը, Իրենց հայրերուն անօրէնութեանը համար, Որպէս զի չելլեն ու երկիրը չժառանգեն, Եւ աշխարհի երեսը թշնամիներով չլեցնեն:
Աստուած Բաբելոնը պիտի կործանէ
22Քանզի զօրաց Տէրը կ’ըսէ որ Անոնց վրայ պիտի ելլեմ, Եւ Բաբելոնի անունը ու մնացորդը Եւ զաւակը ու սերունդը պիտի կտրեմ, կ’ըսէ Տէրը. 23Եւ զանիկա ոզնիներուն ժառանգութիւն Ու ջուրի լճակներ պիտի ընեմ. Եւ կորստեան աւելով պիտի աւլեմ զանիկա, Կ’ըսէ զօրաց Տէրը:
Աստուած Ասորեստանը պիտի կործանէ
24Զօրաց Տէրը երդում ըրաւ ու ըսաւ, Ինչպէս խորհեցայ, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ, Ու ինչ որ որոշեցի, այն պիտի կատարուի. 25Որ Ասորեստանցին իմ երկրիս մէջ պիտի կոտրեմ, Ու զանիկա լեռներուս վրայ պիտի կոխկÁռտեմ. Եւ անոր լուծը անոնց վրայէն պիտի վերնայ, Ու անոր բեռը անոնց ուսէն պիտի վերնայ: 26Բոլոր երկրի համար որոշուած նախասահմանութիւնը ասիկա է. Ու ամէն ազգերուն վրայ երկնցած ձեռքը ասիկա է: 27Վասն զի զօրաց Տէրը նախասահմանեց, Եւ ո՞վ կրնայ զանիկա խափանել. Ու անոր ձեռքը երկնցած է, Եւ ո՞վ կրնայ զանիկա ետ դարձնել:
Աստուած փղշտացիները պիտի կործանէ
28Աքազ թագաւորին մահուան տարին այս պատգամը եղաւ. 29Ով բոլոր Փղշտացւոց երկիր, Քեզ զարնողին գաւազանը կոտրելուն համար մի ուրախանար. Քանզի օձին արմատէն քարբ պիտի ելլէ, Ու անոր պտուղը կիզող թևաւոր օձ պիտի ըլլայ: 30Եւ աղքատներուն անդրանիկները պիտի կերակրուին, Ու չքաւորները ապահովութեամբ պիտի պառկին. Եւ քու արմատդ սովով պիտի կորսնցնեմ, Ու անիկա քու մնացորդդ պիտի մեռցնէ: 31Ողբա, ով դուռ, աղաղկէ, ով քաղաք. Դուն, ով բոլոր Փղշտացւոց երկիր, տակնուվրայ պիտի ըլլաս. Քանզի հիւսիսէն ծուխ մը կու գայ, Ու անոր զօրքերէն աստանդական մը պիտի չըլլայ: 32Եւ ազգաց դեսպաններուն ի՞նչ պատասխան պիտի տրուի. Թէ Տէրը Սիօնի հիմերը հաստատեց, Ու անոր ժողովուրդին աղքատները հոն պիտի ապաստանին:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981