Եսայիա մարգարեյի գիրք
16
Մովաբին անյոյս վիճակը
1Ղրկեցէք գառը երկրին տիրողին, Վէմէն անապատի ճամբայով Սիօնի աղջկան լեռը: 2Ու Մովաբի աղջիկները Առնոնի անցքերուն քով` Բոյնէն վռնտուած թափառական թռչունի պէս պիտի ըլլան: 3Խորհուրդ տուր, դատաստան ըրէ. Քու հովանիդ կէսօրուան ատեն գիշերի պէս դիր, Աքսորուածները պահէ ու փախստականները ձեռք մի տար: 4Իմ աքսորուածներս թող քու քովդ պանդուխտի պէս բնակին, ով Մովաբ. Դուն անոնց ծածկոյթ եղիր կործանողին երեսէն. Քանզի բռնաւոր չմնաց, աւրողը պակսեցաւ, Եւ կոխողները երկրին վրայէն վերցան: 5Ու աթոռը ողորմութեամբ պիտի հաստատուի. Եւ անոր վրայ Դաւիթի խորանին մէջ Այնպիսի դատաւոր մը պիտի նստի ճշմարտութեամբ, Որ իրաւունքը պիտի փնտռէ, Ու արդարութիւնը շուտով ի գործ պիտի դնէ: 6Մովաբի ամբարտաւանութիւնը լսեցինք, Անիկա խիստ ամբարտաւան է. Անոր գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնը ու սրտմտութիւնը լսեցինք, Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ են: 7Այս պատճառաւ Մովաբ Մովաբի համար պիտի ողբայ, Ամէն մէկը պիտի ողբայ. Կիրհարէսէթի հիմերուն համար պիտի հեծէք. Անոնք յիրաւի կործանուած են: 8Քանզի Եսեբոնի դաշտերը նուաղեցան. Ազգաց իշխանները Սեբամայի որթին ամէնէն պատուական ճիւղերը կոտրեցին, Որոնք մինչև Յազեր հասեր էին, անապատը շրջապատեր էին. Անոր շառաւիղները երկննալով` ծովէն անցեր էին: 9Ասոր համար Սեբամայի որթին վրայ Յազերի լացովը պիտի լամ. Քեզ աչքիս արցունքովը պիտի ոռոգեմ, ով Եսեբոն ու Եղէաղէ, Վասն զի ամառնային պտուղիդ և հունձքիդ համար եղած աղաղակը դադարեցաւ: 10Եւ պտղաբեր արտերէն ուրախութիւնը ու ցնծութիւնը պիտի վերնայ, Ու այգիներու մէջ երգերու և ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի. Հնձանի մէջ ա՛լ գինի պիտի չկոխեն. Անոնց աղաղակը վերջացուցի: 11Այս պատճառաւ իմ աղիքս Մովաբի համար, Ու փորս Կիրհարէսէթի համար քնարի պէս ձայն պիտի տայ, 12Այն ատեն պիտի երևնայ Թէ՛ ինչպէս Մովաբ իր բարձր տեղը երթալով պիտի յոգնի, Ու իր սրբարանը պիտի մտնէ աղօթք ընելու համար, Բայց օգուտ մը պիտի չըլլայ: 13Այս է այն խօսքը զոր Տէրը շատոնցմէ Մովաբի համար խօսեր է. 14Բայց հիմա Տէրը խօսեցաւ ու ըսաւ, Երեք տարուան մէջ, վարձկանի տարիներուն պէս, Մովաբի փառքը պիտի անարգուի Այն բոլոր մեծ բազմութիւնովը, Եւ մնացորդը խիստ քիչուոր ու տկար պիտի ըլլայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981