Եսայիա մարգարեյի գիրք

17

Աստուած Սուրիան և Իսրայէլը պիտի պատժէ

1Դամասկոսի պատգամը: Ահա Դամասկոս ըլլալէ պիտի վերնայ, Ու աւերակի շեղջ մը պիտի ըլլայ: 2Արոէրի քաղաքները պիտի թողուին, Հօտերու փարախներ պիտի ըլլան, Որպէս զի անոնք պառկին, ու վախցնող չըլլայ: 3Ու Եփրեմէ պարիսպը պիտի վերնայ, Եւ Դամասկոսի ու Ասորւոց մնացորդէն` թագաւորութիւնը. Անոնք Իսրայէլի որդիներուն փառքին պէս պիտի ըլլան, Կ’ըսէ զօրաց Տէրը: 4Եւ այն օրը Յակոբի փառքը պիտի պակսի, Ու անոր մարմնին գիրութիւնը պիտի նիհարանայ: 5Եւ այնպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս հնձողը երբ ցորեն կը հնձէ, Թևին վրայ հասկերը կը ժողվէ. Ու Ռափայիններուն հովիտը հասկեր քաղողին պէս պիտի ըլլայ, 6Ու ինչպէս ձիթենին կը թոթվեն, Ու բարձր ոստին ծայրը երկու երեք հատ, Եւ խիստ պտղաբեր ոստին վրայ չորս հինգ հատ կը մնայ, Անոր վրայ ալ միայն ճիռեր պիտի մնան, Կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը: 7Այն օրը մարդ իր Ստեղծողին պիտի նայի, Ու իր աչքերը Իսրայէլի Սուրբը պիտի դիտեն: 8Եւ իր ձեռքերուն գործը եղող սեղաններուն պիտի չնայի, Ու իր մատերուն շինածը, Թէ՛ Աստարովթի կուռքերը Եւ թէ՛ արեգական կուռքերը, պիտի չդիտէ: 9Այն օրը անոր ամուր քաղաքները, Իսրայէլի որդիներուն երեսէն ձգուած Անպիտան թուփերու և բարձր ոստերու պիտի նմանին, Ու աւերակ պիտի ըլլան: 10Որովհետև դուն քու փրկութեանդ Աստուածը մոռցար, Եւ քու զօրութեանդ Վէմը չյիշեցիր, Անոր համար հաճելի տունկեր պիտի տնկես, Եւ օտար երկրէ բերուած տունկեր պիտի տնկես, 11Տնկածդ ցորեկը պիտի աճեցնես, Ու ցանածդ առաւօտուն պիտի բուսցնես. Բայց բերքին օրը հունձքը պիտի պակսի, Եւ սաստիկ տրտմութիւն պիտի ըլլայ:

Թշնամի ազգեր կը պարտուին

12Վա՜յ շատ ժողովուրդներու բազմութեանը, Որոնք ծովու ձայնին պէս կը գոռան, Ու ժողովուրդներու աղմուկին` Որոնք սաստիկ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն: 13Ժողովուրդները շատ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն. Բայց զանոնք պիտի յանդիմանէ, Եւ հեռու պիտի փախչին. Ու լեռներուն վրայի մղեղին պէս հովին երեսէն, Եւ մրրիկին առջևէն գլորուած փոշիին պէս պիտի հալածուին: 14Ու իրիկուան ատեն ահա խռովութիւն պիտի գայ. Եւ առաւօտ չեղած բնաջինջ պիտի ըլլան. Մեր յափշտակիչներուն բաժինը Ու մեր կողոպտիչներուն վիճակը ասիկա է:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981