Եսայիա մարգարեյի գիրք
2
Անվերջ խաղաղութիւնը
1Ամովսի որդւոյն Եսայիի` Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ տեսած տեսիլքին խօսքը: 2Վերջին օրերը պիտի ըլլայ որ Տէրոջը տանը լեռը Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, Եւ բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, Ու բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր: 3Եւ շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն, Եկէք, Եհովայի լեռը, Յակոբի Աստուծոյն տունը, ելլենք, Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ, Ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք. Վասն զի օրէնքը Սիօնէ, Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէ պիտի ելլէ. 4Եւ անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ, Եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ. Ու անոնք իրենց սուրերը խոփեր, Եւ իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն. Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ. Եւ ալ պատերազմ պիտի չսորվին: 5Ով Յակոբի տունը, Եկէք Տէրոջը լուսովը քալենք: 6Քանզի դուն քու ժողովուրդդ, Յակոբի տունը, թողուցիր, Վասն զի արևելքի կախարդներովը լեցուեցան, Եւ Փղշտացւոց պէս հմայութիւն կ’ընեն, Ու օտարներու որդւոց հետ դաշնագիր եղան: 7Եւ անոնց երկիրը արծաթով ու ոսկիով լեցուեցաւ, Ու անոնց գանձերը անթիւ եղան. Անոնց երկիրը ձիերով լեցուեցաւ, Եւ անոնց կառքերը անթիւ են: 8Կուռքերով ալ լեցուն է անոնց երկիրը. Իրենց ձեռաց գործերուն երկրպագութիւն կ’ընեն, Անոնց` զորոնք իրենց մատերը շինեցին: 9Եւ ռամիկ մարդը ծռեցաւ, Ու ազնուականը խոնարհեցաւ, Եւ անոնց պիտի չներես: 10Տէրոջը վախին երեսէն Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն Վէմին մէջ մտիր, ու հողին մէջ պահուէ: 11Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին, Եւ մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ, Ու այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ: 12Վասն զի զօրաց Տէրոջը օրը Ամէն ամբարտաւաններուն ու բարձրամիտներուն վրայ Եւ ամէն հպարտացածներուն վրայ պիտի ըլլայ, Ու անոնք պիտի խոնարհին: 13Եւ Լիբանանու ամէն բարձրացած ու վերացած եղևիններուն վրայ, Ու Բասանի ամէն կաղնիներուն վրայ: 14Եւ ամէն բարձր լեռներուն վրայ, Ու ամէն բարձրացած բլուրներուն վրայ, 15Եւ ամէն բարձր աշտարակներուն վրայ, Ու ամէն ամուր պարիսպներուն վրայ, 16Եւ Թարսիսի ամէն նաւերուն վրայ, Ու ամէն հաճելի երևցած բաներուն վրայ պիտի ըլլայ. 17Եւ մարդուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ցածնայ, Ու մարդոց հպարտութիւնը պիտի խոնարհի, Եւ այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ: 18Ու կուռքերը բնաջինջ պիտի ըլլան: 19Եւ քարայրներու մէջ Ու երկրի խոռոչները պիտի մտնեն Տէրոջը վախին երեսէն Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն, Երբ ինք երկիրը սարսելու ելլէ: 20Այն օրը մարդ խլուրդներուն ու չղջիկներուն պիտի նետէ Իր արծաթեղէն կուռքերը ու իր ոսկեղէն կուռքերը, Զորոնք իրեն շիներ են երկրպագութիւն ընելու համար. 21Որպէս զի Տէրոջը վախին երեսէն Ու անոր վեհափառութեանը մեծութենէն Ապառաժներուն ծակերը Ու վէմերուն ծերպերը մտնէ, Երբ Անիկա երկիրը սարսելու ելլէ: 22Ետ կեցէք մարդէն, որուն շունչը իր ռնգունքներուն մէջ է. Վասն զի ի՞նչ բանի մէջ հաստատ կը համարուի ան:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981