Եսայիա մարգարեյի գիրք

20

Մերկ մարգարէին նշանը

1Այն տարին որ Տարաթան Ասորեստանի Սարգոն թագաւորէն ղրկուելով` Ազովտոս գնաց, ու Ազովտոսի հետ ըրաւ, ու զանիկա առաւ, 2Այն ժամանակ Տէրը Ամովսի որդւոյն Եսայիի ձեռքով խօսեցաւ` ըսելով, Գնա մէջքէդ քուրձդ հանէ, ու ոտքէդ կօշիկներդ հանէ. ու անիկա այնպէս ըրաւ, և մերկ ու բոկոտն կը շրջէր: 3Եւ Տէրը ըսաւ, Ինչպէս իմ ծառաս Եսայի երեք տարի մերկ ու բոկոտն շրջեցաւ, որ Եգիպտոսի համար ու Եթէովպիայի համար նշան ու ցոյց մըն է, 4Այնպէս Ասորեստանի թագաւորը Եգիպտացիները գերի` ու Եթէովպացիները աքսոր պիտի տանի, երիտասարդները ու ծերերը` մերկ, բոկոտն և իրենց ամօթոյքը բաց, Եգիպտոսի նախատինք ըլլալու համար: 5Ու անոնք պիտի սոսկան ու ամչնան Եթէովպիայէ` որ իրենց ապաւէնն էր, ու Եգիպտոսէ` որ իրենց փառքն էր: 6Եւ այն օրը այս ծովեզերեայ երկրին բնակիչները պիտի ըսեն, Ահա այսպէս եղաւ մեր ապաստանարանը` որ մենք Ասորեստանի թագաւորին երեսէն ազատելու համար, ու օգնութիւն գտնելու համար հոն փախանք. ուրեմն մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)