Եսայիա մարգարեյի գիրք

22

Պատգամ Երուսաղէմի մասին

1Տեսիլքի ձորին պատգամը: Հիմա քեզի ի՞նչ եղաւ, Որ ամէնդ տանիքներու վրայ ելաք: 2Ով խռովութեամբ լեցուած Աղմուկի , զբօսասէր քաղաք, Քու սպաննուածներդ սրով սպաննուած չեն, Ու պատերազմի մէջ չմեռան: 3Բոլոր իշխաններդ մէկէն փախան, Աղեղնաւորներէն կապուեցան. Քու ժողովուրդիդ հեռու փախչողներէն Բոլոր գտնուածները մէկտեղ կապուեցան: 4Անոր համար ըսի, Թող տուէք զիս, որ դառնապէս լամ. Իմ ժողովուրդիս աղջկան կործանումին համար Զիս մխիթարելու մի աշխատիք: 5Քանզի տեսիլքի ձորին մէջ զօրաց Եհովա Տէրոջմէն Խռովութեան, կոխման ու շփոթութեան օր է. Պարիսպը կը փլցնեն, և աղաղակը մինչև լեռը կը հասնի: 6Ու Եղամ իր ձիաւոր մարդոցմով կապարճը վերցուց, Եւ Կիր վահանը բացաւ. 7Եւ քու ընտիր հովիտներդ կառքերով լեցուեցան, Ու ձիաւորները գունդ կազմեցին դռներուն քով. 8Եւ Յուդայի ծածկոցը բացուեցաւ, Ու այն օրը անտառի տանը զէնքերուն նայեցաք. 9Եւ Դաւիթի քաղաքին փլած տեղերուն շատ ըլլալը տեսաք, Ու վարի աւազանին ջուրերը ժողվեցիք. 10Ու Երուսաղէմի տուները համրեցիք, Եւ պարիսպը ամրացնելու համար տուները փլցուցիք 11Ու հին աւազանին ջուրերուն համար Երկու պարսպին մէջտեղ ջրակոյտ մը շինեցիք, Բայց զանիկա շինողին չնայեցաք, Ու շատոնցմէ զանիկա կազմողին ուշադրութիւն չըրիք: 12Եւ այն օրը զօրաց Եհովա Տէրը ձեզ կանչեց Լալու ու սգալու, Գլուխ կնտացնելու և քուրձ հագնելու. 13Եւ ահա ցնծութիւն և ուրախութիւն ըրիք, Արջառներ կը սպաննէիք և ոչխարներ կը մորթէիք, Միս կ’ուտէիք ու կը խմէիք` ըսելով, Ուտենք ու խմենք, Քանզի վաղը պիտի մեռնինք: 14Բայց զօրաց Տէրոջը կողմանէ իմ ականջներուս յայտնուեցաւ որ Անշուշտ այս անօրէնութիւնը ձեզի պիտի չթողուի, Մինչև որ դուք մեռնիք, Կ’ըսէ զօրաց Եհովա Տէրը:

Ազդարարութիւն մը Սեբնային

15Զօրաց Եհովա Տէրը այսպէս ըսաւ, Գնա, ու պալատին հրամանատարին, Սեբնա գանձապետին, քով մտիր ու ըսէ, 16Դուն հոս ի՞նչ ունիս և հոս ո՞վ ունիս, Որ հոս քեզի գերեզման փորեցիր, Ով դուն, որ քու գերեզմանդ բարձր տեղ կը փորես, Ու քեզի վէմի մէջ բնակարան կը շինես, 17Ահա Տէրը քեզ պիտի նետէ զօրաւոր նետուածքով մը, Եւ քեզ բոլորովին պիտի ծածկէ: 18Անշուշտ գնտակի պէս Լայնատարած մը պիտի գլորէ քեզ. Դուն հոն պիտի մեռնիս, Եւ քու փառքիդ կառքերը հոն պիտի մնան, Ով քու տէրոջդ տանը անարգանքը: 19Ու քու պաշտօնէդ քեզ պիտի վռնտեմ, Եւ քու աստիճանէդ քեզ պիտի զրկեմ: 20Ու այն օրը պիտի կանչեմ իմ ծառաս, Քեղկիայի որդին Եղիակիմը, 21Եւ քու պատմուճանդ անոր պիտի հագցնեմ, Ու քու գօտիովդ զանիկա պիտի զօրացնեմ, Եւ քու իշխանութիւնդ անոր ձեռքը պիտի տամ. Ու անիկա Երուսաղէմի բնակիչներուն Ու Յուդայի տանը հօր պէս պիտի ըլլայ: 22Եւ Դաւիթի տանը բանալին Անոր ուսին վրայ պիտի դնեմ, Որպէս զի անիկա բանայ և գոցող չըլլայ, Ու գոցէ և բացող չըլլայ: 23Ու զանիկա հաստատ տեղ մը Բևեռի պէս պիտի գամեմ. Եւ անիկա իր հօրը տանը Փառաւոր աթոռի պէս պիտի ըլլայ: 24Ու անոր հօրը տանը բոլոր փառքը անոր վրայ պիտի կախուի, Անոր սերունդէն եղող պատուականները ու անարգները, Ամէն պզտիկ ամանները, տեսակ տեսակ թասերէն Մինչև ամէն տեսակ տիկերը: 25Այն օրը, կ’ըսէ զօրաց Տէրը, Այս հաստատ տեղը գամուած բևեռը պիտի վերցուի, Եւ պիտի կոտրի ու իյնայ, Ու անոր վրայ եղած բեռը պիտի կոտրտի, Քանզի Տէրը խօսեցաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)