Եսայիա մարգարեյի գիրք
23
Պատգամ Փիւնիկէի մասին
1Տիւրոսի պատգամը: Ողբացէք, ով Թարսիսի նաւեր, Քանզի անիկա բնաջինջ եղաւ, հոն տուն կամ դուռ չմնաց. Ասիկա Կիտացւոց երկրէն յայտնուեցաւ անոնց: 2Ով կղզիի բնակիչներ, լռեցէք. Ծովէ անցնող Սիդոնացւոց վաճառականները լեցուցեր էին քեզ: 3Եւ շատ ջուրերու մէջ գոյացող Սիովրի հունտերը, Գետին հունձքը, անոր եկամուտն էր, Ու անիկա ազգերուն վաճառանոցն էր: 4Ով Սիդոն, ամչցիր, քանզի ծովը կը խօսի. Ծովուն զօրութիւնը կը խօսի ու կ’ըսէ, Ես ծննդականի ցաւ չեմ քաշեր ու չեմ ծնանիր. Երիտասարդներ չեմ սնուցաներ և կոյս աղջիկներ չեմ մեծցներ: 5Երբ այս բանը Եգիպտացւոց ականջը հասնի, Տիւրոսի լուրին համար պիտի տագնապին: 6Թարսիս անցէք, Ով ծովեզերքի բնակիչներ, ողբացէք: 7Ձեր ուրախութեան քաղաքը ասիկա՞ է, Որուն հնութիւնը շատոնցմէ է. Անոր ոտքերը հեռու տեղ պանդուխտ ըլլալու պիտի տանին զանիկա: 8Ո՞վ այս խորհուրդը ըրաւ Տիւրոսի դէմ, Որ իր բնակիչները կը պսակէր. Անոր վաճառականները իշխաններ էին, Ու առուտուր ընողները` երկրի պատուաւոր մարդիկը: 9Զօրաց Տէրը այս խորհուրդը ըրաւ, Որպէս զի ամէն փառքին ամբարտաւանութիւնը խայտառակէ, Ու երկրի բոլոր պատուաւորները անարգէ: 10Ով Թարսիսի աղջիկ, Քու տեղէդ գետի պէս անցիր, Ասկէ ետքը գօտի չկայ: 11Իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց, Թագաւորութիւնները սարսեց. Տէրը Քանանացւոց համար հրամայեց, Որ անոր բերդերը աւրեն. 12Ու ըսաւ, Դուն մէյմըն ալ պիտի չուրախանաս, Ով Սիդոնի անարգուած կոյս աղջիկը. Ելիր, Կիտիմ անցիր, Բայց հոն ալ հանգստութիւն պիտի չունենաս: 13Ահա Քաղդէացւոց երկիրը, Որ ատենօք ժողովուրդ չէր, Զանիկա Ասորեստանցիք հիմնեցին անապատի բնակիչներուն համար. Անոր աշտարակները կանգնեցին, անոր պալատները շինեցին, Բայց անիկա հիմա աւերակ ըրաւ ասիկա: 14Ողբացէք, ով Թարսիսի նաւեր, Վասն զի ձեր զօրութիւնը կորսուեցաւ: 15Եւ այն օրը Տիւրոս մոռցուած պիտի մնայ եօթանասուն տարի, Մէկ թագաւորի օրերուն չափ. Իսկ եօթանասուն տարիէն ետքը Երգ մը պիտի երգեն Տիւրոսի, պոռնիկի երգին պէս. 16Ով մոռցուած պոռնիկ, քնարը առ Ու քաղաքին մէջ պտըտէ. Աղէկ զարկ, շատ խաղ կանչէ, Որպէս զի քեզ յիշեն: 17Ու եօթանասուն տարիէն ետքը Տէրը այցելութիւն պիտի ընէ Տիւրոսի, Եւ անիկա իր շահին պիտի դառնայ, Ու աշխարհի երեսը եղող բոլոր երկրի թագաւորութիւններուն հետ Պոռնկութիւն պիտի ընէ: 18Եւ անոր վաճառականութեան շահը` Տէրոջը պիտի նուիրուի. Անիկա գանձատունը պիտի չդրուի, Կամ շտեմարանի մէջ պիտի չպահուի. Հապա անոր վաճառականութեան շահը Տէրոջը առջև բնակողներուն պիտի ըլլայ, Որպէս զի մինչև կշտանալնին ուտեն, Ու պատուական զգեստներ հագնին:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981