Եսայիա մարգարեյի գիրք
24
Տէրը պիտի պատժէ
1Ահա Տէրը երկիրը կը պարպէ ու զանիկա կը դատարկացնէ, Եւ տակնուվրայ ընելով անոր բնակիչները կը ցրուէ: 2Ու ինչպէս է ժողովուրդը` քահանան ալ այնպէս, Ինչպէս է ծառան` իր տէրն ալ այնպէս, Ինչպէս է աղախինը` իր տիկինն ալ այնպէս, Ինչպէս է ծախու առնողը` ծախողն ալ այնպէս, Ինչպէս է փոխ տուողը` փոխ առնողն ալ այնպէս, Ինչպէս է տոկոսիք առնողը` տոկոսիք տուողն ալ այնպէս պիտի ըլլայ: 3Երկիր բոլորովին պիտի պարպուի, Ու բոլորովին պիտի կողոպտուի, Քանզի այս խօսքը Տէրը խօսեցաւ: 4Երկիր սուգ կը բռնէ ու կը մարի, Աշխարհ կը նուաղի ու կը մարի, Երկրի ժողովուրդին մեծերը կը նուաղին: 5Ու երկիր իր բնակիչներուն տակ պղծուեցաւ, Քանզի անոնք օրէնքները զանց ըրին, Պատուիրանքը փոխեցին, յաւիտենական ուխտը խափանեցին: 6Այս պատճառաւ նզովքը կերաւ երկիրը, Ու անոր մէջ բնակողները իրենց յանցանքին պատիժը կրեցին. Այս պատճառաւ երկրի բնակիչները այրեցան, Ու քիչ մարդիկ մնացին: 7Նոր գինին սուգ կը բռնէ, որթը կը նուաղի, Եւ ամէն ուրախասիրտ եղողները կը հառաչեն: 8Թմբուկներուն ցնծութիւնը կը դադարի, Ուրախութիւն ընողներուն աղաղակը կը կտրի, Քնարին ցնծութիւնը կը դադարի: 9Երգով գինի պիտի չխմեն. Ցքին` խմողներուն դառն պիտի ըլլայ: 10Դատարկ քաղաքը կործանեցաւ, Ամէն տուն գոցուեցաւ, որպէս զի մարդ մը չմտնէ: 11Փողոցներուն մէջ գինիի համար աղաղակ կայ. Ամէն ուրախութիւն մթնցաւ, Երկրին ցնծութիւնը վերցաւ: 12Քաղաքին մէջ ամայութիւն մնաց. Ու դուռը զարնուեցաւ ու աւերակ եղաւ: 13Քանզի երկրին մէջ, ժողովուրդներուն մէջ, Թօթվուած ձիթենիի պէս, Ու այգեկութէն ետքը ճռաքաղին պէս պիտի ըլլայ: 14Անոնք ձայներնին վերցնելով ցնծութեամբ պիտի երգեն, Ծովու կողմէն Տէրոջը փառքին համար բարձրաձայն պիտի աղաղակեն: 15Անոր համար արեւելեան կողմը* փառաւորեցէք Տէրը, Ծովու կղզիներուն մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունը: 16Երկրի ծայրերէն օրհնութիւններ լսեցինք, Արդարին փառք մատուցեք. Բայց ես ըսի, Նիհար եմ, նիհար եմ, վա՜յ ինձ. Յափշտակողները կը յափշտակեն. Յափշտակողները բռնի կը յափշտակեն: 17Ով երկրի բնակիչ, Վախ, գուբ և որոգայթ պիտի ըլլայ քու վրադ. 18Ու վախին ձայնէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ, Եւ գուբին մէջէն ելլողը որոգայթին մէջ պիտի բռնուի. Քանզի բարձրէն պատուհանները բաց են, Ու երկրի հիմերը կը շարժին: 19Երկիր բոլորովին կը ճնշուի. Երկիր բոլորովին կը պատռի. Երկիր բոլորովին կը սարսի. 20Երկիր գինովի պէս անդադար պիտի երերայ, Ու հիւղի պէս պիտի շարժի. Եւ անոր մեղքը պիտի ծանրանայ անոր վրայ, Ու անիկա պիտի իյնայ ու մէյմըն ալ պիտի չելլէ: 21Եւ այն օրը Տէրը բարձրէն այցելութիւն պիտի ընէ հպարտներուն զօրքին, Ու երկրի վրայ` երկրի թագաւորներուն: 22Եւ անոնք պիտի ժողվուին, Ինչպէս բանտարկեալները գուբին մէջ կը ժողվուին, Ու բանտի մէջ պիտի գոցուին. Եւ շատ ատենէ ետքը անոնց այցելութիւն պիտի ըլլայ: 23Եւ լուսինը պիտի ամչնայ, ու արևը պիտի պատկառի, Երբ զօրաց Տէրը Սիօն լեռանը վրայ Ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորէ, Ու իր ծերերուն առջև փառաւորուի: