Եսայիա մարգարեյի գիրք

25

Փառաբանութեան երգ մը

1Ով Տէր, իմ Աստուածս դուն ես. Քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անուանդ պիտի տամ. Քանզի սքանչելի բաներ ըրիր, Քու վաղեմի խորհուրդներդ հաւատարիմ և ճշմարիտ են: 2Քանզի քաղաքը հողակոյտ, Ու պարսպաւոր քաղաքը աւերակ դարձուցիր, Որպէս զի այսուհետև չըլլալով` Օտարականներուն պալատը յաւիտեան չշինուի: 3Անոր համար զօրաւոր ժողովուրդը քեզ պիտի պատուէ, Եւ ահարկու ազգերուն քաղաքը քեզմէ պիտի վախնայ: 4Վասն զի դուն ապաւէն եղար աղքատին, Ապաւէն` չքաւորին իր նեղութեան ատենը, Ապաստանարան` փոթորիկէն, հովանի` տաքութենէն, Երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս կու գայ: 5Օտարականներուն աղաղակը Չոր տեղին տաքութեանը պէս պիտի խոնարհեցնես, Ինչպէս տաքութիւնը ամպի հովանիով կ’իջնէ, Այնպէս բռնաւորներուն ցնծութեան ձայնը պիտի ցածնայ:

Աստուած կոչունք մը կը պատրաստէ

6Եւ զօրաց Տէրը այս լեռան վրայ Բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, Պարարտ բաներու և հին գինիներու, Ծուծով լեցուած պարարտ բաներու, Ու զտուած հին գինիներու կոչունք: 7Եւ այս լեռան վրայ Ամէն ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը Ու ամէն ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը բնաջինջ պիտի ընէ: 8Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ, Ու Տէր Եհովա ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ, Եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. Վասն զի Տէրը խօսեցաւ: 9Ու այն օրը պիտի ըսեն, Ահա մեր Աստուածը ասիկա է. Անոր յուսացանք ու անիկա մեզ ազատեց. Տէրը ասիկա է. անոր յուսացանք. Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք և ուրախանանք:

Աստուած Մովաբը պիտի պատժէ

10Քանզի Տէրոջը ձեռքը այս լեռան վրայ պիտի հանգչի, Ու Մովաբ անոր տակ պիտի կոխուի, Ինչպէս յարդը կը կոխուի աղբանոցին մէջ: 11Եւ իր ձեռքերը պիտի տարածէ անոր մէջ, Ինչպէս լողացողը կը տարածէ լողալու համար. Ու անոր հպարտութիւնը անոր ձեռքերուն հնարքներուն հետ պիտի կործանէ: 12Եւ քու բարձր պարիսպներուդ ամրութիւնը պիտի խոնարհեցնէ, Ու գետնի հետ հաւասարելով փոշիի մէջ պիտի ձգէ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981