Եսայիա մարգարեյի գիրք
26
Աստուած ժողովուրդին յաղթութիւն պիտի տայ
1Այն օրը Յուդայի երկրին մէջ այս երգը պիտի երգեն. Մենք զօրաւոր քաղաք ունինք. Փրկութիւնը պարիսպներու ու պատնէշներու տեղ կը դրուի: 2Դռները բացէք, Որպէս զի ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը ներս մտնէ: 3Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, Վասն զի քեզի կը յուսայ: 4Յաւիտեան Տէրոջը յուսացէք, Քանզի Տէր Եհովա յաւիտենական վէմ է: 5Քանզի անիկա բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ, Բարձր քաղաքը կը ցածցնէ, Մինչև գետինը կը ցածցնէ, Զանիկա հողի հետ հաւասար կ’ընէ: 6Ոտքը զանիկա պիտի կոխէ, Աղքատին ոտքը ու չքաւորներուն գարշապարը: 7Արդարին ճամբան շիտակ է. Ով Ուղիղդ, արդարին ճամբան դուն կ’ուղղես: 8Եւ քու դատաստաններուդ ճամբուն մէջ քեզի կը սպասենք, ով Տէր. Մեր հոգիին փափաքը քու անուանդ և քու յիշատակիդ վրայ է: 9Գիշերը փափաքեցայ քեզի հոգւովս, Ու առաւօտուն քեզ կը փնտռեմ բոլոր սրտովս*. Քանզի երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ ըլլան, Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն պիտի սորվին: 10Ամբարշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ` արդարութիւն չսորվիր. Անիկա ուղղութեան երկրին մէջ անօրէնութիւն կը գործէ, Ու Տէրոջը մեծափառութիւնը չտեսներ: 11Ով Տէր, անոնք քու ձեռքիդ բարձրանալը չեն տեսներ, Բայց ժողովուրդին վրայ քու ունեցած նախանձդ պիտի տեսնեն ու ամչնան. Եւ քու թշնամիներդ կրակը պիտի սպառէ: 12Ով Տէր, մեզի խաղաղութիւն պիտի տաս, Վասն զի մեր ամէն գործերն ալ դուն մեզի համար գործեցիր: 13Ով Տէր Աստուած մեր, քեզմէ ուրիշ տէրեր մեր վրայ տիրեցին, Բայց քու անունդ, մինակ քուկդ, կը յիշենք: 14Անոնք մեռած են, պիտի չողջննան. Ուրուականներ են, չեն կրնար ելլել. Վասն զի դուն այցելութիւն ընելով` զանոնք բնաջինջ ըրիր, Ու անոնց բոլոր յիշատակը կորսընցուցիր: 15Դուն այս ազգը աւելցուցիր, ով Տէր, Այս ազգը աւելցնելով` փառաւորեցար, Երկրի ամէն ծայրերը ընդարձակեցիր: 16Ով Տէր, նեղութեան մէջ քեզ փընտռեցին, Քու պատիժդ անոնց վրայ եղած ատեն աղաչանք ըրին*: 17Ինչպէս ծնանելու մօտ եղող յղի կինը Իր երկունքին մէջ տանջուելով կ’աղաղակէ, Մենք ալ քու առջևդ այնպէս եղանք. ով Տէր. 18Յղացանք, ցաւեր քաշեցինք, Հով ծնանողի պէս եղանք, Ու երկիրը չկրցանք ազատել, Եւ աշխարհի բնակիչները չինկան: 19Քու մեռելներդ պիտի ողջննան, Իմ մեռելներուս մարմինները յարութիւն պիտի առնեն. Արթնցէք ու ցնծութեամբ երգեցէք, ով հողի մէջ բնակողներ. Քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է, Ու երկիր իր մեռելները դուրս պիտի նետէ:
Դատաստան և վերահաստատութիւն
20Գնա, ով իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտիր, Ու քու վրադ դռներդ գոցէ. Պահուէ քիչ մը, վայրկեան մը. Մինչև բարկութիւնը անցնի: 21Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, Որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօրէնութեանը համար. Ու երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ, Եւ սպաննուածները ա՛լ պիտի չծածկէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981