Եսայիա մարգարեյի գիրք
27
1Այն օրը Տէրը իր ամրակուռ, մեծ ու զօրաւոր սրովը Պիտի պատժէ փախչող Լևիաթան օձը, Այսինքն այն ծամածուռ Լևիաթան օձը, Ու ծովուն մէջ եղող վիշապը պիտի մեռցնէ: 2Այն օրը գինիի այգիին վրայ երգեցէք, 3Ես Տէրս կը պահեմ զանիկա, Ամէն վայրկեանի մէջ պիտի ոռոգեմ զանիկա, Գիշեր ու ցորեկ անոր պահպանութիւն պիտի ընեմ, Որպէս զի չըլլայ թէ անոր վրայ մարդ մը յարձակի: 4Ես բարկութիւն չունիմ Երանի՜ թէ ցախերը ու փուշերը ինծի դէմ պատերազմէին. Ես անոնց վրայ պիտի քալէի, Ու զանոնք մէկէն պիտի այրէի: 5Եթէ ոչ` թող իմ զօրութեանս ապաւինին, Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն. Ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն: 6Ապագայ ժամանակին մէջ Յակոբ պիտի արմատանայ, Իսրայէլ պիտի ծաղկի ու պիտի ընձիւղի, Եւ պտղով աշխարհի երեսը պիտի լեցնեն: 7Միթէ զանիկա զարնողին հարուածի՞ն պէս զարկաւ զանիկա, Կամ անկէ սպաննուածներուն սպանմա՞նը պէս սպաննուեցաւ: 8Չափաւորութեամբ վիճեցար անոր հետ, Երբ զանիկա ղրկեցիր, Թէև արևելեան հովին օրը սաստիկ հովով տարիր: 9Ուստի Յակոբի անօրէնութեանը ասով քաւութիւն պիտի ըլլայ. Եւ բոլոր դիտաւորութիւնը այս է որ անոր մեղքը վերցնէ, Երբ զոհարարներուն բոլոր քարերը կիրի փշրուած քարերու պէս ընէ, Աստարովթի կուռքերը ու արեգական արձանները ա՛լ պիտի չկանգնին: 10Քանզի պարսպաւոր քաղաքը ամայի` Ու շէն տեղը անապատի պէս թողուած ու մերժուած պիտի ըլլայ. Հոն զուարակ պիտի արածի և հոն պիտի պառկի, Ու անոր ճիւղերը պիտի հատցնէ: 11Անոր ոստերը չորնալով պիտի կոտրին, Կիները պիտի գան ու զանոնք պիտի բռնկցնեն, Քանզի անիկա իմաստուն ժողովուրդ չէ. Ուստի զանիկա ստեղծողը անոր վրայ պիտի չգթայ, Ու զանիկա կազմողը անոր պիտի չողորմի: 12Եւ պիտի ըլլայ այն օրը, Որ Տէրը Գետին յորձանքէն մինչև Եգիպտոսի հեղեղատը պիտի թօթվէ. Եւ դուք, ով Իսրայէլի որդիներ, Մէկիկ մէկիկ պիտի ժողվուիք: 13Ու այն օրը մեծ փողը պիտի հնչուի, Եւ Ասորեստանի երկրին մէջ թափառական եղողները Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ աքսորուածները պիտի գան, Ու Երուսաղէմ սուրբ լեռանը վրայ Տէրոջը երկրպագութիւն պիտի ընեն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981