Եսայիա մարգարեյի գիրք
28
Ազդարարութիւնը հիւսիսիային թագաւորութեան
1Վա՜յ Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակին, Որուն փառաց զարդը թառամեալ ծաղիկ մըն է, Որ գինիով թմրածներուն պարարտ հովիտին գլուխը կը կենայ: 2Ահա Տէրոջը կողմանէ քաջ ու զօրաւոր թշնամի մը, Կարկուտի փոթորիկի պէս, աւերիչ մըրրիկի պէս Ու սաստիկ ջուրերուն յորդահոս հեղեղին պէս, Ձեռքովը գետինը պիտի զարնէ զանոնք: 3Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակը Ոտքերով պիտի կոխուի: 4Եւ պարարտ հովիտին գլուխը եղող անոր փառաց զարդը, Որ թառամեալ ծաղիկ մըն է, Հունձքէն առաջ վաղահասուկ թուզի պէս պիտի ըլլայ, Զոր տեսնողը ձեռքը առածին պէս կը կլլէ: 5Այն օրը զօրաց Տէրը իր ժողովուրդին մնացորդին Փառաց պսակ ու շքեղ թագ պիտի ըլլայ. 6Եւ դատաստանի նստողին դատաստանի ոգի, Ու պատերազմը դէպ ի դուռը դարձնողին զօրութիւն պիտի ըլլայ: 7Բայց ասոնք ալ գինիով կը մոլորին, Ու ցքիով կը դանդաչեն. Քահանան ու մարգարէն ցքիով կը մոլորին. Անոնք գինիէն կ’ընկղմին, ցքիէն կը դանդաչեն, Տեսիլքի մէջ կը մոլորին ու դատաստանի մէջ կը սխալին. 8Վասն զի անոնց ամէն սեղանները փսխունքի պղծութիւնով լեցուած են, Այնպէս որ մաքուր տեղ մը չկայ: 9Որո՞ւ գիտութիւն սորվեցնէ, Որո՞ւ կրթութիւն հասկցնէ. Կաթէ կտրուածներո՞ւն, Ստինքէ զատուածներո՞ւն: 10Քանզի խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ, Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն: 11Յիրաւի այս ժողովուրդին հետ Չհասկցուելու շրթունքով և օտար լեզուով պիտի խօսի: 12Քանզի անոնց ըսաւ, Յոգնածը հանգստացնելու հանգիստնիդ ասիկա է, Ու մխիթարութիւնը ասիկա է. Բայց անոնք մտիկ ընել չուզեցին: 13Ուստի Տէրոջը խօսքը պիտի ըլլայ անոնց` Խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ, Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն. Որպէս զի երթան, կռնակի վրայ իյնան ու կոտրտին, Եւ որոգայթի մէջ իյնալով բռնուին:
Սիօնին համար անկեան քար մը
14Ուրեմն Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք, Ով ծաղր ընող մարդիկ, Որ Երուսաղէմի մէջ բնակող այս ժողովուրդին վրայ կը տիրէք: 15Որովհետև ըսիք, Մենք մահուան հետ ուխտ ըրինք, Ու գերեզմանին հետ դաշնակից եղանք, Որ եթէ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի, մեր վրայ պիտի չգայ. Վասն զի ստութիւնը մեզի պատսպարան ըրինք, Եւ ունայնութեան մէջ պահուեցանք: 16Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես Սիօնի մէջ վէմ մը կը դնեմ իբրև հիմ. Ընտիր վէմ, պատուական անկիւն, հաստատուն հիմ. Ով որ հաւատայ անոր, պիտի չարտորայ փախչելու: 17Եւ դատաստանը լարին, Ու արդարութիւնը կշիռին համեմատ պիտի դնեմ. Եւ ստութեան պատսպարանը կարկուտը պիտի տանի, Ու պահուելու տեղը ջուրերը պիտի կոխեն: 18Եւ մահուան հետ ըրած ուխտերնիդ պիտի աւրուի. Ու գերեզմանի հետ ըրած դաշնակցութիւննիդ պիտի չհաստատուի. Երբ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի, Դուք անկէ պիտի կոխուիք: 19Անցնելու ատեն ձեզ պիտի առնէ, Քանզի ամէն առտու, ցորեկ ու գիշեր պիտի անցնի. Ու անոր լուրը առնելը անգամ սոսկալի պիտի ըլլայ: 20Քանզի անկողինը երկննալու համար կարճ է, Ու ծածկոցը ծածկուելու համար նեղ է: 21Քանզի Տէրը պիտի ելլէ, ինչպէս Փարասին լեռանը վրայ ելաւ, Ու պիտի բարկանայ, ինչպէս Գաբաւոնի ձորին մէջ բարկացաւ, Որպէս զի իր գործը, իր օտար գործը, գործէ, Ու իր պաշտօնը, իր օտար պաշտօնը, կատարէ: 22Եւ հիմա ծաղր ընողներ մի ըլլաք, Որպէս զի չըլլայ թէ ձեր կապանքները աւելի ուժովնան. Քանզի զօրաց Տէր Եհովայի կողմանէ Բոլոր երկրի վրայ նախասահմանեալ աւերում մը լսեցի:
Աստուծոյ իմաստութիւնը
23Ականջ տուէք ու իմ ձայնս լսեցէք. Մտիկ ըրէք ու իմ խօսքս լսեցէք. 24Միթէ հերկողը ցանելու համար միշտ կը հերկէ՞. Միշտ իր երկիրը կը բանայ ու անոր կոշտերը կը տափանէ՞. 25Անոր երեսը շիտկելէն ետքը Միթէ արջնդեղը ու չամանը չը՞ ցաներ, Եւ ցորենը կարգով ու գարին որոշուած տեղը, Եւ հաճարը իր սահմանին մէջ չը՞դներ: 26Վասն զի իր Աստուածը կրթութիւն կու տայ անոր, Ու կը սորվեցնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընել: 27Քանզի արջնդեղը կամնասայլով չծեծուիր. Ու չամանին վրայ սայլին անիւը չդառնար. Հապա արջնդեղը գաւազանով Ու չամանը ցուպով կը թօթվուի: 28Հացին ցորենը կը կոխուի. Բայց զանիկա միշտ չծեծեր, Ու սայլին անիւը զանիկա չկոտրտեր, Եւ ձիերը զանիկա չեն փշրեր: 29Ասիկա ալ զօրաց Տէրոջմէն կ’ելլէ, Որուն խորհուրդը սքանչելի է, Ու անոր իմաստութիւնը գերազանց է: