Եսայիա մարգարեյի գիրք
29
Երուսաղէմի ճակատագիրը
1Վա՜յ Արիէլի, Դաւիթի բնակած Արիէլ քաղաքին. Տարի տարիի վրայ աւելցուցէք. Թող տարեկան տօները դառնան: 2Բայց ես Արիէլը նեղը պիտի ձգեմ, Ու անիկա տրտում ու տխուր պիտի ըլլայ. Եւ ինծի Արիէլի պէս պիտի ըլլայ: 3Ու քեզի դէմ շուրջանակի բանակ պիտի դնեմ, Եւ քեզ պատնէշներով պիտի պաշարեմ, Եւ քեզի դէմ հողաբլուրներ պիտի կանգնեմ: 4Եւ պիտի ցածնաս ու գետնէն խօսիս, Ու քու խօսքերդ հողին տակէն պիտի ելլեն, Ու քու ձայնդ վհուկի ձայնին պէս գետնէն պիտի ըլլայ, Եւ քու խօսքդ հողէն պիտի փսփսայ: 5Ու քու օտարականներուդ բազմութիւնը մանր փոշիի պէս, Եւ քու բռնաւորներուդ բազմութիւնը անցնող մղեղի պէս պիտի ըլլայ. Ու ասիկա յանկարծ մէկ վայրկեանի մէջ պիտի ըլլայ. 6Զօրաց Տէրոջը կողմանէ Որոտումով, գետնաշարժով, մեծ ձայնով, Մրրիկով, փոթորիկով ու մաշող կրակի բոցով Այցելութիւն պիտի ըլլայ: 7Ու Արիէլի վրայ պատերազմի եկող բոլոր ազգերուն բազմութիւնը, Եւ այս քաղաքին վրայ ու անոր պարիսպներուն վրայ բոլոր յարձակողները Ու զանիկա պաշարողները Գիշերը տեսնուած երազի պէս պիտի ըլլան: 8Եւ ինչպէս անօթի եղողը երազին մէջ կը տեսնէ թէ կերակուր կ’ուտէ, Ու արթննալէն ետքը փորը անօթի կը մնայ, Եւ ինչպէս ծարաւ մարդը երազին մէջ կը տեսնէ թէ ջուր կը խմէ, Ու արթննալէն ետքը կը մարի ու հոգին կը պապակի, Այնպէս պիտի ըլլայ բոլոր ազգերուն բազմութիւնը Որ Սիօն լեռանը դէմ պատերազմի կու գան:
Աննկատ թողուած յանդիմանութիւններ
9Ապշեցէք ու զարմացէք. Շլացէք ու թմրեցէք. Անոնք արբած են, բայց գինիէն չէ. Անոնք կը դանդաչեն, բայց ցքիէն չէ. 10Քանզի Տէրը ձեր վրայ թմրութեան ոգի թափեց, Ու ձեր աչքերը գոցեց. Մարգարէները ու ձեր գլխաւորները, Որոնք տեսիլք կը տեսնէին, կուրցուց: 11Եւ ամէնուն տեսիլքները կնքուած գիրքի մը խօսքերուն պէս պիտի ըլլան ձեզի, Զոր կարդալ գիտցողին կու տան Ու կ’ըսեն, Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա, Ու անիկա կ’ըսէ, Չեմ կրնար, վասն զի կնքուած է: 12Եւ այն գիրքը կարդալ չգիտցողին կու տան Ու կ’ըսեն, Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա. Ու անիկա կ’ըսէ, Կարդալ չեմ գիտեր: 13Անոր համար Տէրը կ’ըսէ, Որովհետև այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ, Եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, Բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է, Ու ինծմէ ունեցած վախերնին Մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է. 14Անոր համար ահա ես այս ժողովուրդին մէջ Այսուհետև զարմանալի գործեր ու հրաշքներ պիտի ընեմ. Եւ անոնց իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսուի, Ու հանճարեղներուն հանճարը բնաջինջ պիտի ըլլայ:
Յոյս ապագայի համար
15Վա՜յ անոնց որ խորունկ տեղ կը փնտռեն Իրենց խորհուրդը Տէրոջմէ պահելու համար. Ու իրենց գործը մութի մէջ կ’ընեն, Ու կ’ըսեն, Մեզ ո՞վ կը տեսնէ ու մեզ ո՞վ գիտէ: 16Վա՜յ ձեր կամակորութեանը. Միթէ բրուտը կաւին տեղ կը դրուի՞. Քանզի կարելի՞ է որ գործը զինք գործողին համար ըսէ Թէ անիկա զիս չգործեց. Ու ստեղծուածը` զինք ստեղծողին համար, Թէ անիկա չհասկնար: 17Ահա շատ քիչ ժամանակէն ետքը Լիբանան պտղաբեր արտի պիտի դառնայ, Ու պտղաբեր արտը անտառ պիտի սեպուի: 18Ու այն օրը խուլերը գիրքին խօսքերը պիտի լսեն, Եւ կոյրերուն աչքերը մէգէն ու խաւարէն ազատուելով` պիտի տեսնեն: 19Եւ խեղճերը Տէրոջմով իրենց ուրախութիւնը պիտի աւելցնեն, Ու չքաւոր մարդիկ Իսրայէլի Սուրբովը պիտի ցնծան, 20Վասն զի բռնաւորը պիտի վերնայ, Եւ ծաղր ընողը պիտի չմնայ. Ու ամէն անոնք որ անօրէնութեան համար կը հսկեն` պիտի կորսուին. 21Անոնք որ մարդը դատաստանի մէջ յանցաւոր կը հանեն, Ու քաղաքին դրանը մէջ ջատագովութիւն ընողին համար որոգայթ կը լարեն, Եւ արդարին իրաւունքը կը խափանեն: 22Անոր համար Աբրահամը փրկող Տէրը Յակոբի տանը համար այսպէս կ’ըսէ. Յակոբ մէյմըն ալ պիտի չամչնայ, Ու անոր երեսը մէյմըն ալ պիտի չդեղնի. 23Վասն զի երբ տեսնէ իր տղաքը իմ ձեռքերուս գործը, իր մէջ, Այն ատեն իմ անունս պիտի փառաւորեն, Յակոբի Սուրբը պիտի փառաւորեն, Ու Իսրայէլի Աստուծմէն պիտի վախնան: 24Եւ հոգիով մոլորածները խոհեմութիւնը պիտի ճանչնան, Ու տրտնջողները իմաստութիւն պիտի սորվին:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981