Եսայիա մարգարեյի գիրք
3
Երուսաղէմի մէջ քաոս
1Վասն զի ահա զօրաց Եհովա Տէրը Երուսաղէմէ և Յուդայէ պիտի վերցնէ գաւազանը և ցուպը, Հացին բոլոր զօրութիւնը ու ջուրին բոլոր զօրութիւնը, 2Կտրիճը ու պատերազմող մարդը, Դատաւորը ու մարգարէն, գուշակութիւն ընողը ու ծերը, 3Յիսնապետը ու պատուաւոր մարդը, Խորհրդականը ու իմաստուն ճարտարապետը և հանճարեղ կախարդը: 4Եւ անոնց վրայ մանուկները իշխաններ պիտի կարգեմ, Ու անոնց վրայ տղաք պիտի իշխեն: 5Եւ ժողովուրդը իրարմէ, Ու ընկերը իր ընկերէն հարստահարութիւն պիտի կրեն. Մանուկները ծերերուն գոռոզութիւն պիտի ընեն, Եւ անարգները` պատուականներուն: 6Այն ատեն պիտի բռնէ մարդ իր հօրը տունէն եղող իր եղբայրը, ու ըսէ, Դուն հանդերձ ունիս, Մեր վրայ իշխան եղիր, Ու այս աւերակը քու ձեռքիդ տակ ըլլայ: 7Այն օրը անիկա պատասխան պիտի տայ* ու ըսէ, Ես առաջնորդ չեմ ըլլար, Վասն զի իմ տանս մէջ ոչ հաց կայ և ոչ հանդերձ. Զիս ժողովուրդին վրայ իշխան մի կարգէք: 8Քանզի Երուսաղէմ սասանեցաւ և Յուդա ինկաւ. Վասն զի անոնց լեզուները ու գործերը Տէրոջը դէմ են, Որպէս զի բարկացնեն անոր փառաւոր աչքերը: 9Անոնց երեսներուն տեսքը իրենց դէմ կը վկայէ, Եւ իրենց մեղքերը Սոդոմի պէս կը յայտնեն, չեն ծածկեր. Վա՜յ անոնց անձին, վասն զի իրենց վրայ չարիք բերին: 10Արդարին ըսէք որ իրեն աղէկ պիտի ըլլայ. Վասն զի անոնք իրենց գործերուն պտուղը պիտի ուտեն: 11Վա՜յ անօրէնին, գէշ պիտի ըլլայ անոր, Վասն զի անոր ձեռքերուն գործերուն փոխարէնը իրեն պիտի տրուի: 12Բայց իմ ժողովուրդիս վրայ տղաք բռնաւորութիւն կ’ընեն, Ու անոր վրայ կիներ կը տիրեն: Ով իմ ժողովուրդս, քու առաջնորդներդ քեզ գլխէ կը հանեն, Եւ քու շաւիղներուդ ճամբան կը խանգարեն:
Աստուած իր ժողովուրդը կը դատէ
13Տէրը դատաստան տեսնելու ելեր է, Ու ժողովուրդները դատելու կայներ է: 14Տէրը ինք դատաստան ընելու պիտի գայ Իր ժողովուրդին ծերերուն ու իշխաններուն հետ. Վասն զի դուք այգին այրեցիք, Ու աղքատէն յափշտակուածը ձեր տունն է: 15Ձեզի ի՞նչ եղաւ որ իմ ժողովուրդս կը զրկէք, Ու աղքատներուն երեսը կը ճնշէք, Կ’ըսէ Եհովա, զօրաց Տէրը: 16Եւ Տէրը այսպէս ըսաւ. Որովհետև Սիօնի աղջիկները հպարտացան, Եւ բարձրապարանոց կը քալեն, Անհամեստ ակնարկութիւններ կ’ընեն, Մանրաքայլ կ’երթան Ու ոտքերով շաչիւն կը հանեն, 17Տէրն ալ Սիօնի աղջիկներուն գագաթը պիտի կնտացնէ, Եւ Տէրը անոնց ամօթոյքը պիտի մերկացնէ:
Ազդարարութիւն Երուսաղէմի կիներուն
18Եւ այն օրը Տէրը պիտի վերցնէ Անոնց ոտքի մեհեւանդներուն փառքը Ու ցանցակերպ ծամակալները և մահիկները, 19Գինտերը, ապարանջանները ու շղաշատեռները, 20Ապարօշները, ոտքի շղթաները ու գօտիները, Անուշահոտ ոգիներուն տուփերը, հմայեակները, 21Մատանիները և քիթերնուն օղերը, 22Պատմուճանները, վերարկուները, Ծածկոցները ու քսակները, 23Հայելիները ու բեհեզները, Խոյրերը ու քօղերը: 24Եւ պիտի ըլլայ որ անուշահոտութեան տեղ փտութիւն, Ու գօտիի տեղ չուան, Եւ գանգուր մազերու տեղ կնտութիւն, Եւ լանջագեղ կամարի տեղ խորդեղէն գօտի, Ու գեղեցկութեան տեղ խարան պիտի ըլլայ: 25Քու մարդիկդ սրով պիտի իյնան, Ու կտրիճներդ ալ պատերազմի մէջ: 26Եւ անոր դռները պիտի ողբան ու սուգ բռնեն, Եւ անիկա ամայի ըլլալով` գետինը պիտի նստի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981